«Մենք Կը Դատապարտենք Ազրպէյճանական Կողմի Անցակէտի Միակողմանի Տեղադրումը, Միջազգային Դատարանի Որոշումը Պէտք Է Կատարուի» Կ՛ըսէ Քոլոնա

Պաքուի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. «Մենք Կը Դատապարտենք Ազրպէյճանական Կողմի Անցակէտի Միակողմանի Տեղադրումը, Միջազգային Դատարանի Որոշումը Պէտք Է Կատարուի» Կ՛ըսէ Քոլոնա

01 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 27 ապրիլին Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստանը կարելիութիւն չի տար Նախիջեւանի հետ միջանցք ստեղծելու, իր զօրքերը դուրս չի բերեր Ազրպէյճանի տարածքէն, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, եւ չարաշահելով Լաչինի միջանցքը Ղարաբաղ տեղափոխած է զէնք ու զինուորական նշանակութեան այլ ապրանքներ:

Ալիեւի համաձայն, Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը Ազրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման արտայայտութիւն է:

Արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ճէյհուն Պայրամով ըսած է, որ եթէ Ազրպէյճան չհաւատար խաղաղ հոլովոյթին ու համաձայնութեան, ապա ատոր չէր նախաձեռներ:

Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Քոլոնա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Մենք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած ենք խուսափելու բախումներէն, տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ ճամբով, եւ ատիկա կայուն եւ հաստատուն խաղաղութեան ուղին է, այս ժողովուրդները այսօր ունին խաղաղութեան կարելիութիւն: Կարեւոր է խուսափիլ բախումներէն: Ազրպէյճան հանդէս եկած է խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախաձեռնութեամբ, իսկ Ֆրանսան ողջունած է այդ: Ասիկա դժուար ճամբայ է, խաղաղութեան ճամբան կը պահանջէ համբերութիւն, հաստատակամութիւն, խմբային աշխատանք եւ ծրագիրներ:

«Փրակայի հանդիպումին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, եղած են հաղորդակցութիւններ, եւ ասիկա կարեւոր է: Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, եւ այս ամէն ինչի հիմքը: Մենք պէտք չէ ետ երթանք, մենք պէտք է յառաջ երթանք. խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար անհրաժեշտ է այս դժուար ճամբով երթալ: Ֆրանսան կ՛ողջունէ միջնորդական ջանքերը եւ պիտի խրախուսէ զանոնք: Մենք կ՛ուզենք, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան:

«Մենք կը դատապարտենք ազրպէյճանական կողմի անցակէտի միակողմանի տեղադրումը, մենք այդ մասին յայտարարած ենք: Բացի ատկէ, պէտք է կատարուի միջազգային դատարանի որոշումը: Այս բոլոր քայլերը վստահութիւն պիտի ստեղծեն», ըսած է ան:

Քոլոնա Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումը կառուցողական գնահատած է եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրած է Փարիզ` երկխօսութիւնը շարունակելու նպատակով:

Այնուհետեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Վարչապետի պաշտօնական կայքին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան պատճառով Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական ճգնաժամին, ղարաբաղեան տագնապին:

Զրուցակիցները ընդգծած են Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումին անյապաղ գործադրման եւ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութեան: Անթոյլատրելի նկատուած են Ազրպէյճանի կողմէ միակողմանի գործողութիւնները, ներառեալ` Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը, ինչ որ 9 նոյեմբեր 2020-ի  յայտարարութեան կոպիտ խախտում է:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու շուրջ:

Շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ծիրին մէջ կարեւոր նկատուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «արդիւնաւէտ» գործունէութիւնը:

Քոլոնա «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք կ՛ուզենք, որ միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ բանակցութիւններ սկսին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն միջեւ` բնակչութեան իրաւունքներու եւ երաշխիքներու բովանդակութեան շուրջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին նման բանակցութիւններու համար, մասնաւորաբար, Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնման հարցին վերաբերեալ: Ֆրանսան պիտի աջակցի որեւէ լուծման, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երաշխաւորել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը կրնայ շարունակել այնտեղ ապահով ապրիլ` պահպանելով իր պատմութիւնը, ժառանգութիւնը եւ մշակոյթը: Ատիկա անոր անխախտ իրաւունքն է», ըսած է դիւանագէտը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է Ֆրանսայի դիրքորոշումը այն հարցին մէջ, որ Ազրպէյճանի նախագահը կը պնդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը իրենց ներքին հարցն է, եւ չեն պատրաստուիր ոեւէ մէկուն հետ զայն քննարկել, մինչդեռ հայկական կողմը Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ յառաջ կը մղէ նաեւ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեքանիզմ ձեւաւորելու, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման միջազգային երաշխիքներու հարցը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը երէկ նաեւ այցելեց Ջերմուկ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հրամանատար Էդուարդ Ասրեանի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր կ՛ուղեկցէր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քոլոնան հանդիպումի ընթացքին դրական որակած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աշխատանքն ու դրական գնահատած Հայաստանի եւ դիտորդական առաքելութեան համագործակցութիւնը:

«Մեզի համար այդ աշխատանքը դրական արդիւնքներ կու տայ: Անիկա մեզի կարելիութիւն կ՛ընձեռէ դիտորդական աշխատանքի շնորհիւ տեղւոյն վրայ ստանալ տեղեկութիւններ, որոնք օգտակար են Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն համար: Ասիկա դիտորդական առաքելութիւն է, զինեալ առաքելութիւն չէ, նպատակը պարզապէս հետեւիլն է կացութեան, սակայն ամէն պարագայի այդ ներկայութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ լարուածութիւնը թուլացնելու», աւելցուցած է Քաթրին Քոլոնա:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր:

Քոլոնա Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը կը նշանակէ հրաժարիլ որեւէ ուժային գործողութենէ: Ես ատիկա ըսած եմ նաեւ Պաքուի մէջ: Ազրպէյճանական ուժերու յառաջխաղացումներուն դիմաց մենք չենք կրնար թոյլ տալ երկրի մը տարածքային ամբողջականութիւնը չյարգել: Հակառակը պիտի ըսէինք, եթէ դուք յառաջխաղացում ունենայիք Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Միջազգային օրէնքը պէտք է յարգուի եւ ատիկա միակ ուղին է, որպէսզի երկու կողմերն ալ յառաջ ընթանան», նշեց Քոլոնա:

Ան ընդգծեց, որ չեն կրնար արտօնել միակողմանի քայլերը, որոնք կը կատարուին Ազրպէյճանի կողմէ:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշած է, որ Ֆրանսան լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն: Ատիկա կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու կողքին, բնականաբար կապ պահպանելով ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի հետ, որոնք կրնան օգտակար դեր խաղալ այս հոլովոյթին մէջ:

«Խաղաղութիւնը միակ ուղին է, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ նոր հեռանկարներ ստեղծելու երկու երկիրներու ապագային եւ երկու երկիրներու բնակչութիւններուն համար», ըսաւ Քոլոնա:

aztagdaily.com/archives/579500

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail