Թուրք Տասնապետը Սարսափելի Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ Տէրսիմի Ալեւիներու Եւ Հայերու Կոտորածի Մասին
01 ՄԱՅԻՍ 2023 –
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Թուրք տասնապետը Ալի Օզ, որ մասնակցած է հազարաւոր ալեւի քիւրտերու եւ հայերու կոտորածին` Թուրքիոյ Տէրսիմի շրջանին մէջ, 1937-1938 թուականներուն, ցնցող խոստովանութիւն մը ըրած է այդ սպանութիւններուն մէջ իր դերակատարութեան մասին: Չափազանց վրդովեցուցիչ է կարդալ սպանութիւններու մասին գրուած այդ զարհուրելի մանրամասնութիւնները:
Օզի նամակին աղբիւրը Հասան Սալթըքի արխիւն է. ան Kalan Music-ի հիմնադիրն է, որ ստեղծած է թրքական եւ հայկական երաժշտութեան արժէքաւոր ձայնագրութիւններ: Կեանքէն հեռացած է երկու տարի առաջ: Սալթըք թուրք պետական հարիւրաւոր փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ ունէր, զորս կիսուած է քանի մը հետազօտողներու հետ: Անոնցմէ մէկը Նեւզաթ Օնարանն է, որ շատ գրած է հայկական բռնագրաւուած կալուածներու մասին: Փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ ինծի տուաւ Օզի նամակին պատճէնը, զոր ան ստացած էր Օնարանէն: Աքչամ շնորհակալութիւն յայտնած է Նիլուֆերի` Սալթըքի կնոջ, նամակը օգտագործելու թոյլտուութեան համար:
17 դեկտեմբեր 1946-ին, տասնապետ Օզ նամակ մը գրած է ներքին գործերու նախարար Շուքրու Քայեայի եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր` աշխատանք գտնելու համար հզօր զօրավար Ապտուլլահ Ալփտողանի միջնորդութեամբ, որ Տէրսիմի կոտորածը կազմակերպելու գործով Աթաթուրքի կողմէ Տէրսիմի շրջան ուղարկուած նահանգապետ-զօրավարն էր: Օզ Ալփտողանի թիկնապահն էր Տէրսիմի մէջ:
Նախարար Քայեայի յղած իր նամակին մէջ Օզ ըսած է, որ իր բանակային գործընկեր Էթհեմ, որուն հետ եղած է Տէրսիմի կոտորածին, վերջերս այցելած է իրեն: «Ան ամբողջութեամբ կորսնցուցած էր խելքը: Ցնցուելով դուրս կու գար անկողինէն եւ գոռալով կը թռչէր փողոց… Ես դժուարութեամբ կը յաջողէի զայն զսպել: Մանուկները, զորս ան սպաննած էր, անընդհատ կ՛անհանգստացնէին զինք: Ան չէր կրնար քնանալ կամ ուրիշ բան ընել: Մեծ դժուարութեամբ զայն տարի Զմիւռնիա եւ յանձնեցի իր ընտանիքին: Վերադառնալէս ետք լուր ստացայ, որ ան կտրած է իր դաստակները եւ` ինքնասպան եղած»:
Տասնապետ Օզ նկարագրած է Տէրսիմի մէջ իր կատարած յանցագործութիւններուն ազդեցութեան մասին: «Այս միջադէպը խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս: Այն տխուր դէպքերը, զորս ես ապրած էի, սկսան մէկ առ մէկ վերադառնալ մտքիս: Իմ սպաննած մանուկներուն աչքերը կը դոփէին գլխուս մէջ, եւ ես նոյնպէս սկսայ չքնանալ, չուտել: Ես կ՛արթննամ ցնցուած, կը կորսնցնեմ ինքզինքս: Այնպէս կ՛ըլլայ, որ չեմ գիտեր` ո՛ւր գացած, ի՛նչ ըրած եմ»:
Օզ գրած է, որ զինք ուղարկած են հոգեբուժի: «Բժիշկը ինծի յանձնարարեց գրել այն, ինչ ըրած եմ եւ` ստորագրած: Հիմա ես դեղ կը գործածեմ: Ինծի երեք ամիս արձակուրդ տուին: Բայց նախարար մեր զօրավարը ըսաւ. «Այստեղ (Տէրսիմի մէջ) կատարուածին մասին չխօսիք ոչ մէկ քաղաքացիի, նոյնիսկ ձեր մօր կամ հօր հետ: Հակառակ պարագային, բոլորդ կախաղան կը բարձրացուիք: Ես գրած եմ այդ բաները եւ` ստորագրած: Հիմա սկսած եմ վախնալ, թէ ինծի բան մը կը պատահի՞: Ես խնդրեցի բժիշկէն վերադարձնել գրածս: Անկարելի է, ան չի տար»:
Օզ ներքին գործերու նախարարին պատմած է, թէ ի՛նչ գրած է իր հոգեբուժին. «Ես մասնակցած եմ Տէրսիմի գործողութեան, 1937-1938 թուականներուն: Ես իմ զօրավարի թիկնապահն էի: Աւազակներու հետ շատ բախումներ եղած են: Մեր բռնած աւազակները կամ յանձնուողները սպաննած ենք` կին, թէ մանուկ: Բոլորին վրայ քարիւղ լեցուցած եւ վառած ենք: Երբեմն զօրավարը կը հրամայէր քարիւղ լեցնել անոնց վրայ կենդանի վիճակի մէջ եւ վառել: Գոռալով ու ճչալով անոնք կ՛այրէին եւ մոխիր կը դառնային, անոնց մարմնին հոտը ամբողջութամբ այրած էր մեր ռունգերը»:
Օզ շարունակեց իր սարսափելի յիշողութիւնները. «Զօրավարին լուր եկաւ Տերսեմեքէն (Տէրսիմ). «Կիները եւ մանուկները թաքնուած էին գետափի զառիթափին, ի՞նչ ընել»: «Բոլորին սպաննեցէ՛ք եւ վառեցէ՛ք», հրամայեց զօրավարը: Երկու ժամ ետք հարիւրապետը ցուցմունք տուաւ: Բայց ոչ ոք կ՛ուզէր մանուկներուն վնասել: Անոնք ականջ չտուին հրամաններուն: Զօրավարը շատ զայրացաւ: Զինուորներու ջոկատով ճամբայ ինկանք: Բոլորը կանգնած էին քար կտրած: Ան սկսաւ հարուածել հարիւրապետին եւ զինուորներուն: Հայհոյելով` ըսաւ. «Բոլորը հո՛ս բերէք, հոս հարթ է»: Կիներ եւ մանուկներ` գոռալով ու ճչալով, ողբալով ու հառաչելով, կը պաղատէին զօրավարին ոտքերուն քով: Անոնց մարմնին եւ ոտքերուն միայն ցնցոտիներ էին: Բոլորին ձեռքերն ու ոտքերը կապած էին, բերանները խցկած էին լաթերով: «Հիմա, զինուորնե՛ր, ես ձեզի կը դիմեմ, այս քըզըլպաշներու (ալեւիներու) սերունդները բոլորը դաւաճաններու բիճեր են, ձեր ընկերները սպաննողներուն բիճերը, եւ եթէ անոնք մեծնան, կը շարունակեն սպաննել ձեր եղբայրները: Զանոնք պէտք է ոչնչացնել: Մենք արմատախիլ ըրինք հայկական սերունդը, մնացած են այս քիւրտերն ու քըզըլպաշները: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակները երջանիկ ապրին այս երկրին մէջ, սպաննեցէ՛ք առանց խղճահարութեան: Կառավարութիւնը, մեր նախագահը, յանձնարարած են ջնջել, վառել, քանդել: Ոչ ոք պիտի դատուի ըրած գործերուն համար, ես կը խոստանամ ձեզի», ըսաւ ան»:
Յետոյ զօրավարը հրամայեց. «Իւրաքանչիւրդ հերթով մէկ-երկու հոգի սպաննեցէք»: Խումբին մէջ լռութիւն տիրեց: «Հարիւրապե՛տ, սկսէ՛, երկու հոգի՛ բեր», ըսաւ ան: Բերին երկու մանուկ, ան կրակեց անոնց գլխուն: Երկուքն ալ մեռան: Երբ բանը հասաւ երրորդ զինուորին` Տիգրանակէրտէն Սալիհին, ան մօտեցաւ մանուկներուն եւ ինկաւ անոնց առջեւ: «Ի՛մ զօրավար, չեմ կրնար, ես ալ զաւակներ ունիմ»: «Մանուկները անմեղ են», ըսաւ ան, «այս թշուառները»: Զօրավարը ըսաւ. «Դուն անիծեալ քիւրտ ես, այդ քու ցեղդ է, ասոր համար ալ կը ցաւիս, այդպէս չէ՞»: Ան կրակեց զինուորին ճակատին եւ ըսաւ. «ո՛վ չկատարէ հրամանը, կ՛արժանանայ անոր բախտին»: Այսպիսով, բոլորը սկսան սպաննել մէկ կամ երկու կին եւ մանուկներ: Ամէն մահապատիժէ ետք զօրավարը ինքն ալ մէկ-երկու կրակոց կ՛արձակէր անոնց գլխուն` համոզուելու համար, որ մահացած են: Իւրաքանչիւրը պէտք է կատարէր իր պարտքը: «Եկո՛ւր մօտս, տասնապետ (Օզ), քու հերթդ է»: Մնացած էին երեք փոքր աղջիկներ: «Ասոնցմո՛վ զբաղեցէք», ըսաւ ան: Մանուկները կծկուած էին գետնին, աղտոտած էին իրենց ցնցոտիներուն մէջ եւ կու լային թշուառ վիճակի մէջ: Ես նայեցայ անոնց աչքերուն մէջ եւ երեքն ալ սպաննեցի: Անոնց աչքերը խորապէս խոցեցին հոգիս: Ես չեմ կրնար մոռնալ անոնց աչքերը: Այդ օրը մահապատիժի ենթարկուեցան 70-80 մանուկ եւ 30 կին: Բոլորին մարմինները նետեցին Մուրատի ջուրերը: Գետը լեցուեցաւ արիւնով: Շատ զինուորներ ներում կ՛աղերսէին: Ես շատ մարդ սպաննած ու վառած եմ, սակայն այդ փոքրերուն աչքերուն պէս խոցող աչքեր չեմ տեսած»:
Տասնապետ Օզ իր նամակը աւարտած է հետեւեալ տանջալից գրառմամբ. «Ես ինչպէ՞ս կրնամ նայիլ զաւակներուս աչքերուն»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/579395