ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆՔ, ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՐ – Յակոբ Պալեան

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆՔ, ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՐ – Յակոբ Պալեան

03 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յ. Պալեան

                        Հսկումի խոհեր, եթէ լսողներ ըլլան:

                       ԱՊՐԻԼ 24 է:

                        Երջանկանալով դրամատիրութեան  յառաջացուցած ընկերութեան  եւ անոր սպասարկող «սպառողական քաղաքակակրթութեան անիքնանցնող համակարգ»ին մէջ, մեր ժողովուրդը, որպէս անհատներ եւ որպէս անհատներու գումար, յաւակնած է, կը յաւակնի,  որ դեռ կ’ապրի ազգ ըլլալու  համոզումով, աւելի ճիշդ՝ յիշատակով, ամէն օր քիչ մի աւելի զիջելով ազգի գոյացման եւ գոյութեան ստորոգելիները, զիջումները համարելով պատշաճեցում-յառաջդիմութիւն՝ վասն լաւ ապրելու իրաւունքի, որուն արդարացման  համար, փուչիկ խօսքով,  կը քարոզուի, որ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱԶԳ ԵՆՔ:

            Քանի դեռ ուշ չէ, պէտք է խօսիլ ազգի ստորոգելիներուն եւ անոնց ազգի անդամներու կողմէ իւրացման մասին, առանց ճամարտակութիւններու ճշել՝ թէ որքանով անոնք մեր ինքնութիւնը կը յատկանշեն, առանց անոնց ի՞նչ կ’ըլլայ ՀԱՅ ազգը: Բացատրութեան չի կարօտիր այն հոգեբարոյական ճշմարտութիւնը, որ երբ ժողովուրդի մը անդամը եւ անդամները կը կորսնցնեն զիրենք ուրիշներէ տարբերակող իրենց բնորոշ յատկանիշները, զորս ընդհանուր սահմանումով կը կոչենք ՄՇԱԿՈՅԹ, անոնք կ’այլանան, կ’ընդելուզուին այլ ամբողջի մը մէջ, որ իրենց պատկանելիութեան շարունակութիւնը չ’ըլլար: Այդպէս եղած է անհետացած ժողովուրդներու հոլովոյթը:

            Գոյապահապանման միջին եզր չկայ: Ազգը բնորոշող-յատկանշող ստորոգելիները անշրջանցելի իրողութիւններ են, երբ անոնք անտարբերութեամբ-անպատասխանատուութեամբ, ուղղակի-անուղղակի ճնշումներով տորոգելիները կը չքանան, տուեալ ազգը կը լուծուի:

            Աճող եւ իրարու վրայ գումարուող հայկական գաղթականութիւնները,- ցեղասպանութենէ ճողոպրածներ  հայրենահանուածներ, եւ այսօր արտագաղթող-հայրենաթողներ,- շարունակելով պարտադրուած կամ ինքնապարտադրուած նահանջի աւանդութիւնը, եկեղեցիներու շուրջ կազմեցին եւ կը կազմեն կրօնական բնոյթով իրենք զիրենք որպէս հայկական սահմանող համայնքներ, որոնք ունեցան եւ ունին դաւանական, հինէն եկած կուսակցական համարուած կարծրացած տարբերութիւններ, որոնց վրայ գումարուեցան շրջապատի քաղաքական-քաղաքակրթական ըմբռնումներու տարբերութիւնները, որոնք արտածուեցան նաեւ Հայաստան(ներ)էն, առաջին անկախէն, խորհրդայինէն եւ վերանկախացածէն: Այսօր այդ գաղթականութիւնները գունաթափուած են եւ կը գունաթափուին, աստիճանաբար ընդունելով իրենց նոր շրջապատի դէմքը, բարքերը, արժէքները, տարբերութիւնները կը կորսուին, ինչ որ բնական է որպէս ընկերային հոլովոյթ: Պիտի ըլլայ նմանակում, ժամանակ մըն ալ պահելով ընտանեկան-ծագման մը աղօտող յիշողութիւնը:

            ՝«Հայ Ազգ»ի ներքին հիւսկէնը խանգարուած է, ան մէկութիւն չունի, եղած են եւ կը շարունակուին մշակութային, կրօնական, բարքերու, եւ ինքնութիւն զեղծող ներածումներ, որոնք որպէս ՀԱՅ ճանչցուած եւ պատմութեան ընթացքին կազմաւորուած ԱԶԳը հեռացուցած են իր արմատներէն:           Թերեւս դժուար է ըսել եւ ընդունիլ, որ ՀԱՅ ԱԶԳԸ տեւաբար ընդառաջ կ’երթայ ազդեցութիւններու, որոնք ի վերջոյ կ’առաջնորդեն խորքային հեռացումներու եւ փոփոխութիւններու եւ ժամանակի գիծին վրայ, պիտի կասեցնեն շարունակութիւնը:

            Մեր ներսի, գումարած դուրսի, քանի մը միլիոնը,- եթէ ճիշդ թիւը գիտցող կայ, թող ըսէ,- ունի երեք տեսակ քրիստոնէութիւն, երեք տեսակ պետերով, որոնց վրայ կ’աւելնան աղանդաւոր հաւատացեալները, պէտք չէ անտեսել նաեւ իրենց ինքնութիւնը յիշող անորոշ թիւով կրօնափոխները,  ներքին հաղորդակցութեան համար ունի երկու աշխարհաբար լեզու, երկու տարբեր ուղղագրութիւններով, ամենագիտական բազմաթիւ ներսի եւ դուրսի կուսակցութիւններ, անոնց բազմաթիւ եւ միշտ աճող ճամբացոյց ըլլալու յաւակնութիւն ունեցող եւ տարբեր ուղղութիւններով ընթացող առաջնորդներով, անոնք ըլլան տնտեսական թէ մտաւորական ընտրանի:

            Միշտ կը յիշեմ Գէորգ Էմինի տողերը…

Մենք գահ ու թագ չե՜նք ունեցել

Եւ… արքա՜յ է ամէն մի հայ.

Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,

Եւ… սպա՜յ է ամէն մի հայ…

Գէորգ Էմին չէ խօսած անփոխարինելիութեան մասին, որ լռելեայն հասկնալի է, քանի որ արքաները միշտ դաւանած են որ արքայ են աստուածատուր շնորհովby divine right, հետեւաբար՝ յաւերժական, նաեւ՝  ընտանեկան եւ ժառանգական, աւելի ընդլայնուած ՝ ԽԾԲական (խնամի-ծանօթ-բարեկամ):              

Անհեթեթութիւնները գումարուած են: Մին կը յայտարարէ, որ «ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ ծնած պէտք է ըլլալ», ուրիշ մը «թաղային հեղինակութեան մը մահուան առիթով ցաւակցողներուն կ’ըսէ, որ «չեմ մտածեր մեր մասին, բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ ազգին վիճակը», ուրիշի մը զաւակը դրօշակ կը պարզէ ըսելով՝ «գիտէ՞ք թէ «ո՞վ է իմ հայրս», կամ ուրիշ մը, կարեւորութիւն նուաճելու համար, ի լուր լսողաց կը պոռչտայ, որ «հիմա դրամ ունիմ եւ աթոռ կ’ուզեմ» եւ կ’ունենայ… Այս յայտարարութիւնները կը կրկնուին տարբեր եղանակներով, բացառիկ պարագաներ չեն: Անոնք ի՞նչ ընելու եւ ինչպէ՞ս տոկալու-տեւելու պատասխան չեն, մեր ընկերաքաղաքական հրապարակի պատկերն են:               

Ինչո՞ւ զարմանալ՝ որ կը պարտուինք:              

Դատարկ ԵՍերու, EGOներու հանդէսները բնական կը դարձնեն ազգի պարտութիւնը եւ անկարելի՝ վերականգնումը, քանի որ կը յառաջանայ ազգի ներկային եւ ապագային չառնչուող ամուլ եւ ամլացնող ինքնակոչ կամ «աճպարար», ընդունուած եզրով «մանիպուլացիայ»ի ընտրանի մը: Եսերու ընտրանի մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար սպասարկել ազգին: Ընթացքը տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւն ունի: Եւ «Ընտրանի»ն կը սպասարկէ անձի եւ անձերու, ինչ որ փառասիրութեան եւ նիւթապաշտութեան կը տանի: Ազգը կը դադրի առաջնահերթութիւն ըլլալէ եւ «տեղ հասնել»ու ցանկութիւնը կ’արհամարհէ ամէն տեսակի արժէքային համակարգ, որ կը յանգի պատեհապաշտութեան, հանդիսանելով դիրքերու եւ շահերու ձեռքբերման ուղիղ ճանապարհ:               

Եթէ ունենանք, ունեցած ըլլայինք ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան հիմնաւորում ունեցող առաջնորդութիւն, ան Նազովրեցիի օրինակով, մտրակ կը շաչեցնէր…              

Առաջնորդութիւնը պարտէր ԱԶԳ ՊԱՀԵԼ, իսկ ԱԶԳը վերացական չէ, ան շօշափելի եւ թանձրացեալ «կոնկրետ» իրողութիւն է, որ կը տեւէ տարածքի եւ ժամանակի մէջ, իր գոյացման ստորոգելիներով, եթէ անոնք պահուած ըլլան, եթէ Ազգը զանոնք կորսնցնէ՝ կ’անհետանայ: Ազգի սահմանումին մէջ պէտք է մնալ, պահելով ստորոգելիները, պարտութիւններու դէմ կանգնելու համար: Այսօր, մարդոց ընկերային այն խմբաւորում(ներ)ը զոր կը դասենք հայ ժողովուրդ կամ հայ ազգ գլխուն տակ, ունի՞, պահա՞ծ է ազգի իւրայատկութեան ստորոգելիները: Հարց պէտք է տալ, թէ անոնք հասարակաց ի՞նչ ունին, եւ պատասխանել առանց ամբոխավարութեան եւ ինքնախաբէութեան տուրք տալու, որպէսզի չպարտուինք եւ վերականգնինք:              

Ամէն կարգի եւ բնոյթի իրարանցումներու եւ երեւոյթներու մէջ, առատաբանութիւններու եւ սնափառութիւններու մէջ թաղուելէ առաջ, հայ ժողովուրդի եւ ազգի ընդհանրութեան անորոշութիւնը իմաստաւորելու համար, անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ե՞րբ մարդոց խմբաւորումները կը նուաճեն ԱԶԳԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ, ո՞ր հասարակաց ըմբռնումներով եւ արժէքներով կը ստեղծեն զիրենք միացնող շաղախը, որ պիտի ըլլայ պատասխանը ողջախոհական հիմնական եւ հիմնարար հարցումին. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՄԲՌՆԵԼ ԱԶԳԸ որպէս պատմական-յիշողական, քաղաքական,  անցեալին, ներկային եւ գալիքին տրուած հասարակաց իմաստ, զոր իւրացուցած պէտք է ըլլան ազգի անդամները:              

Այդ ԻՄԱՍՏը առարկայական եւ ենթակայական բարդ ամբողջ մըն է որուն մէջ անդիմագիծ անհատները գումարուին եւ կը շաղախուին, կը հասնին միացման, որ ազգային ինքնուրոյնութիւնն  է: Այդ շաղախը խորհրդանիշներով կը կազմուի, անոնք աննիւթական են, ինչպէս առասպելները, լեզուն, կրօնը, սերունդներու եւ ընկերութեան լինելութեան ընթացքին հիւսուած եւ նկարագիր կազմած պատմութիւն-մշակոյթը, ծագման գիտակցութիւն եւ միասին եւ մէկ եղած եւ ըլլալու-շարունակելու, որ իրականացուող տնտեսութեան համակարգին մէջ ինքզինք կիրականացնէ, իր լեզուով եւ հաւաքական կեանքի կառոյցներով, աւանդութիւններով, հաւատալիքներով, բարքերով, կազմակերպութեամբ: Համագումար՝ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:              

Հայկական համայնքները, ընդհանրապէս՝ «հայերը», իրատեսութեամբ իրենք իրենց հարց պէտք է տան եւ առանց խուսանաւելու փորձեն պատասխանել, գիտնալու համար, թէ ազգի ստորոգելիներէն ի՞նչ պահած են, ի՞նչ ունին անոնք իրենց կեանքին մէջ ներկա՞յ են, ինչպէ՞ս: Անիմաստ են «զգացումով հայ ըլլալու», յիշեցումները՝ որ հայր կամ մեծ հայր «հայ էին»: Այդ խօսքերը պարտութեան խոստավանութիւն են:  Այսպէս, անհատներու եւ խմբաւորումներու ինքնութեան անցագիրը կը սահմանուի ըստ ստորոգելիներու: Անոնց իրարու հետ հաղորդակցութիւնը ազգային լեզուո՞վ կ’ըլլայ, թէ՞ այլ լեզուով մը, այլ լեզուներով:               

Լեզուն ինքնութիւնն իսկ է: Ի դարու ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ այս մասին խիտ սահմանում մը ունի: Կ’ըսէ՝ «բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն»: Բառը սոսկ ձայն չէ, իմաստ կը փոխադրէ, կենսափորձ կը կրէ: Օրինակ, հայուն «Արարատ»ը նոյն խտութիւնը չունի ինչ որ ունի  ֆրանսացիին «Mont Ararat»-ն»…, անոնք նոյնը չեն պատմեր: Սեփական լեզուն ինքնին պատմութիւնն է ազգին, այլ ամբողջներու մէջ չլուծուելու ինքնապահպանման վահանը:  Հայու ինքնուրոյն լեզուն կ’ընէ այն՝ որ հայը չի խորթանար իր ծագման նկատմամբ: Շարունակութիւն կ’ապրի: Ի՞նչ կը մնայ հայածնունդ անհատէն երբ միացնող, ըմբռնում թելադրող, յիշողութեամբ ինքնութիւն կրող լեզուն կը փոխարինուի, կը ստեղծուի նոր ինքնութիւն: Պետութիւնները գտած են այս կացութիւնը բնորոշող սահմանում, կ’ըսեն՝ «ծագումով հայ», « of armenian origin »… եւ օղակը սեղմուած կ’ըլլայ, ժամանակ մըն ալ կը տեւեն էսթէպլիշմընթային իրարանցումները, սնափառական պատեհապաշտութիւնները, որոնք, ինչպէս ըսի եւ պէտք է կրկնել, կը սպասարկեն սա կամ նա ձեւի ընտրանիի մը, Ո՛չ Ազգին: Այս սադայէլի շրջանակ մըն է, որմէ դուրս պէտք է մնալ, կարենալ մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ:Իսկ իր Ազգի պատկանելու ստորոգելիները կորսնցուցած, կամ անոնցմէ հրաժարած ընտրանին այլասերած կ’ըլլայ եւ ինչ որ մնացած կ’ըլլայ որպէս ինքնուրոյն ազգ զանգոածէն, կ’օգտագործէ ԵՍի եւ ապազգային նպատակներու համար                            

Ազգը քով քովի շարուած անինքնութիւն անհատներու պատկեր չէ, ինչպէս որ կ’ըլլան ապակեդարանի մը գեղօրները, ցուցադրուող հատուածներու, համայնքներու, բջիջներու, այլալեզու մարդոց խառնակութիւն չէ, ուր կը հետապնդուին եզակիներու եզակի շահեր, այլ՝ ան կ’ըլլայ  ՄԵՆՔ:              

Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել,որ անորոշ միլիոններով ներկայացուած մարդիկ, համայնքներ, եւ հին-նոր հայածնունդ  գաղթականութիւններ, ի՞նչ հասարակաց ինքնուրոյնութեան տորոգելիներ ունին, որոնցմով կ’իմաստաւորեն իրենք զիրենք եւ կը ստեղծեն միացում-մէկութիւն:              

Պէտք է պատասխանել նաեւ հարցումի մը: Էսթէպլիշմընթ-ընտրանին, մի՛շտ ներսի եւ դուրսի, ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ որպէսզի ազգի ստորոգելիներու տէր ըլլայ ՀԱՄԱՅՆՔը, անոնք չմնան բջիջներու մէջ:              

Հոս կը սկսի, սկսած պէտք է ըլլար հարազատ մտաւորականութեան, հայկական դրոշմով ընտրանիի դերը, ընդդէմ «էսթէպլիշմընթային» qուցադրութիւններու (show), ընելով այնպէս, որ ԱԶԳը եղած ըլլար նպատակ եւ ո՛չ միջոց, դադրէր ապսպրուած եւ ուրիշի խօսքով ծափահարուելու եւ ամբոխ խաբելու խաղը, զայն տպաւորելու համար լատինատառ հայերէն խօսքով »մանիպուլացիա»յի բեմական զաւեշտը:              

Գաղտնիք չէ, որ անհարազատով ճապկումները շաբաթավերջի զուարճութիւններ են, կը ծառայեն թաղային  հեղինակութիւններու դիրքերու ապահովման :              

Վերականգնումի ճանապարհը անխաթար հարազատութենէ կ’անցնի, որուն համար դիմակները վար պէտք է առնել եւ չվարանիլ, անհանգստացնալու գնով  իրաւ քննադատութեամբ հանդէս գալէ, միշտ խորհելով, որ ժամանակը արագ կ’ընթանայ, պատմութեան գնացքները կանգ չեն առներ: Յիշել Ս. Գրոց իմաստուն եւ անխելք կոյսերը եւ անոնց լապտերները:               

ԵՒ ՎԱՂԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇ է: 

hairenikweekly.com/ինչո՞ւ-կը-պարտուինք-ինչո՞ւ-չենք-վերակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail