ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԱՄԸՆԿՆՈՒՄԸ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԱՄԸՆԿՆՈՒՄԸ

04 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԴԱՏ: ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ թուրք քուէարկողի հետաքրքրութեան առարկան բնականաբար ներքին խնդիրներն են, ինչպէս տնտեսութիւնն ու ինքնութեան խնդիրները։ Նախագահութեան այս կամ այն թեկնածուի յաղթանակը, սակայն,  նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկիրի արտաքին քաղաքականութեան ու արեւելումին վրայ, ուստի կարեւոր հարց է օտար պետութիւններու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ համար։ Այդ ընտրութեան արդիւնքը նաեւ մեզ՝ հայերս կը հետաքրքրէ կամ պէտք է հետաքրքրէ, որովհետեւ մեզի ալ կ’առնչուի։

Ռուսիան 2015-էն ի վեր Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը կը նկատէ քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի է աշխատիլ, փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել։ Ռուսական այդ դրական գնահատականին զուգահեռ գոյութիւն ունի անոր նկատմամբ Արեւմուտքի ժխտական գնահատականը։

Էրտողան 2016-ի յեղաշրջման համար մեղադրեց Արեւմուտքը, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները։ Միւս կողմէ՝ գոյութիւն ունի այն տեղեկութիւնը, թէ մետասաներորդ պահուն Մոսկուայի կողմէ անոր փոխանցուած զգուշացում մը յեղաշրջումի փորձի ձախողութեան պատճառ դարձած է։

2019-ին, Թուրքիոյ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելէն ետք,  Ուաշինկթըն սառեցուց Անգարային «Էֆ-16» եւ «Էֆ-35» հալածիչներ մատակարարելու 20 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնութեան գործադրումը, եւ թրքական խորհրդարանին կողմէ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դիմումի ընդունումէն ետք միայն, իբրեւ փոխադարձ բարի կամեցողութեան քայլ կամ աւելի ճիշդ Թուրքիոյ կատարած այդ «դրական» քայլին իբրեւ վարձատրութիւն, արտօնեց թրքական օդուժին արդէն իսկ ունեցած «Էֆ-16»-ներուն 259 միլիոն տոլար արժողութեամբ արդիականացումը։

Գոյութիւն ունի նաեւ Էրտողան-Փութին սերտ յարաբերութիւնը, որ Մոսկուայի կ’արտօնէ շրջանցել արեւմտեան կարգ մը պատժամիջոցները։ Միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի մօտ Էրտողանի նկատմամբ հակակրանք գոյութիւն ունի։ Ան 2020-ին նախագահ ընտրուելէ առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ ընդարձակ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողանը «մենատէր» կոչեց՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը պէտք է կապ հաստատէ ու աջակցի թրքական ընդդիմութեան, իսկ Էրտողան պէտք է «գին մը վճարէ»։ Ահա այդ է պատճառը, որ վերջինս բուռն կերպով հակազդեց, երբ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆ Ֆլէյք հանդիպում ունեցաւ թրքական միացեալ ընդդիմութեան թեկնածու, Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Թուրքիոյ գործող նախագահը 7 Ապրիլ 2023-ին կառավարական շէնքերու բացման արարողութեան մը ընթացքին բուռն կերպով քննադատեց դեսպան Ֆլէյքը եւ յայտարարեց, որ այս ընտրութիւններուն մէջ «պէտք է Ամերիկային դաս մը տանք»։

Էրտողան նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրի մը ղեկավարի համար արտասովոր քայլով մը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն քանի մը օր ետք միայն շնորհաւորեց Պայտընը։ Վերջինս հակադարձեց նախագահ ընտրուելէն ետք Էրտողանի հետ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը երեք ամիս ետք ունենալով։

Միւս կողմէ՝ Ռուսիան բացայայտ կերպով զօրակցեցաւ Էրտողանին եւ ատիկա ցոյց տուաւ ռուսական բնական կազի վճարումները յետաձգելով՝ այդպիսով որոշ չափով խնայելով յաւելումը այն ելեւմտական ճնշումներուն, որոնց ենթակայ է Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը։

Մինչ Էրտողան ընտրութիւններուն մէջ Ուաշինկթընի դաս տալու մասին կը խօսի, քեմալական կուսակցութեան ղեկավար Քըլըչտարօղլուի արտաքին քաղաքականութեան աւագ խորհրդական, նախկին դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ 19 Ապրիլին ամերիկեան «Նիուզ Ուիք» պարբերաթերթին յայտնեց, որ թրքական ընդդիմութեան թեկնածուն կ’ուզէ բարելաւել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները, որոնք վնասուած են Էրտողանի 20-ամեայ իշխանութեան օրոք։ Քըլըչտարօղլու այդ յայտարարուած նպատակը հաւաստի դարձնելու համար իր ընտրական քարոզչութեան սկիզբը արդէն Միացեալ Նահանգներ այցելած էր։

Աւելին, «Միտըլ Իսթ Այ» հաղորդեց, որ եւրոպացի երկու անանուն դեսպաններ յայտնած են, թէ Քըլըչտարօղլուն Ապրիլին Անգարայի մէջ ձեռնարկի մը ընթացքին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ դիւանագէտներու խոստացած է, որ պիտի գործադրէ Եւրոպական Միութեան կողմէ պահանջուած բոլոր բարեփոխումները, նոյնիսկ եթէ միութիւնը Թուրքիան իբրեւ անդամ չընդունի։

Մինչ այդ՝ Քըլըչտարօղլուի ղեկավարած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիան վերստին պիտի որդեգրէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի «խաղաղութիւն տան մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի վրայ» նշանաբանը։ Իբրեւ արդիւնք երկիրը պիտի վերադառնայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր քեմալական աւանդական արեւմտամէտ դիրքորոշումին։ Ատիկա զգացական ու գաղափարական պատճառով չէ միայն, այլ գոյութիւն ունի նաեւ գործնական պատճառ մը. ընդդիմութեան թեկնածուն կ’ուզէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել Թուրքիոյ ելեւմտական դժուար կացութեան մատնուած ու սրընթաց սղաճ դիմագրաւող տնտեսութիւնը բարելաւելու համար։

Այս բոլորէն ետք, բնական է, որ Ուաշինկթըն պիտի չուզէ Էրտողանի յաղթանակը, իսկ Մոսկուան՝ Քըլըչտարօղլուի յաղթանակը։ Իսկ մե՞նք։

Պատմութեան ընթացքին ամէն անգամ, որ Թուրքիա-Ռուսիա մերձեցում եղած է՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը սուղ գին վճարած են. Աթաթուրք-Լենին համաձայնութեան իբրեւ հետեւանք Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը, իսկ Էրտողան-Փութին սերտ յարաբերութիւններու հետեւանքով կորսնցուցինք Արցախի Հանրապետութեան տարածքի 2/3-ը եւ կը շարունակենք իրերայաջորդ վնասներ կրել։

Էրտողանի վերընտրութիւնը կը նշանակէ ռուս-թրքական ներկայ յարաբերութիւններու առնուազն շարունակումը,  թերեւս ալ ամրապնդումը՝ նկատի ունենալով Էրտողանի յաղթանակի ապահովման համար Ռուսիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը։ Փոխարէնը, Քըլըչտարօղլուի յաղթանակը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կարգաւորելով՝ վերջ պիտի տայ ռուս-թրքական սիրավէպին ու վերականգնէ անոնց միջեւ հակադրութիւնն ու լարուածութիւնը, ուստի եւ ամրապնդէ կամ առնուազն ռուս-հայկական ռազմավարական դաշնակցութեան ամրապնդման նպաստաւոր պայմաններ ստեղծէ՝ զուգահեռաբար ամրապնդելով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը։

Թուրքիոյ մէջ քեմալական իշխանութեան ժխտական պատմութիւնը ծանօթ է, եւ թուրքն ալ թուրք է, սակայն քաղաքական գործնապաշտութիւնը մեզի կը թելադրէ Քըլըչտարօղլուի յաղթանակին յուսալ։ Այս առումով ամերիկեան ու հայկական շահերը կը համընկնին։

hairenikweekly.com/քըլըչտարօղլուի-թեկնածութիւնն-ու-ամե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail