Ցեղասպանութիւն գործած երկրի Քոչուոր ահաբեկիչ արտաքին գործաց նախարար Չաւուշօղլու, Կը Յայտնէ Հայաստանի Համար Թուրքիոյ Օդային Տարածքի Փակման Պատճառը
04 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԴԱՏ:
<Turkey Disgraces Itself by Denying The Genocide after Biden’s Acknowledgment>
< Genocide – Wailing and Agony of Armenian Children of April 24, 1915 still Echo amid Apathetic World>
<Crimes of Turkey against the Armenian people, humanity and civilization, over the past 100 years>
Թուրքիան հայկական օդանաւային ընկերութիւններու դէպի երրորդ երկիր թռիչք կատարող օդանաւերուն համար փակած է իր օդային տարածքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Մենք փակած ենք Հայաստանի համար օդային տարածքը դէպի երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային օդանաւեր պիտի արտօնենք մեր երկիր, սակայն պիտի չարտօնենք օդանաւերու եւ սեփական օդանաւերու մեր տարածքէն անցնիլը, քանի տակաւին կը շարունակուին սադրանքները», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլու «սադրանքներ» ըսելով նկատի ունի վերջերս Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող աղբիւր-յուշակոթողի բացումը: Յուշարձանին վրայ գրուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918-ի Պաքուի հայերու ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հերոսներու անունները:
«Մենք չենք ընդունիր նման սադրանքները: Ի պատասխան ահաբեկիչներու յուշարձանի բացման, Թուրքիան փակած է երկինքը հայկական օդանաւերուն համար: Բացառութեան կարգով մենք արտօնութիւն տուած ենք Հայաստանի խորհրդարանի նախագահի Թուրքիա այցելութեան համար: Եթէ նման քայլերը շարունակուին, ապա պիտի հետեւին նոր քայլեր», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
aztagdaily.com/archives/579830