Հրանդ Մարգարեան. «Դէպի Կոռնիձոր՝ Կարեւոր Գործի Մը Սկիզբը Դնելու Հաւատքով»

Հրանդ Մարգարեան. «Դէպի Կոռնիձոր՝ Կարեւոր Գործի Մը Սկիզբը Դնելու Հաւատքով»

21 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

20 մայիսին «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը ընդդէմ Ազրպէյճանի հանրահաւաք մը կազմակերպած է Հայաստանի սահմանային Կոռնիձոր գիւղին մէջ: Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան 106,5 լրատուական ձայնասփիւռի «Թարմ ուղեղով» հաղորդաշարին տուած է հարցազրոյց մը:

Հարցազրոյցին մէջ Հրանդ Մարգարեան կ՛ըսէ, որ Կոռնիձորի հանրահաւաքը  խաղաղ հանրահաւաք է եւ կարճ պիտի ըլլայ: «Մեզի համար կարեւորը ցոյցն է. որ մենք սահմանին վրայ բողոքի ձայն կը բարձրացնենք եւ կ՛ըսենք, որ այն ինչ որ կ՛ուզէք մեզի պարտադրել, մեր կողմէ անընդունելի է: Ատիկա իւրայատուկ հանրահաւաք է, մեր վճռականութիւնն ու կամքը դրսեւորող հանրահաւաք: Գալը եւ ներկայ գտնուիլը հայրենասիրական մեծ քայլ է: Եւ ես կ՛ուզեմ նախ բոլորը եւ մասնաւորաբար Ղարաբաղի մէջ կռուած, ազգային ազատագրական պայքարին մասնակցած տղաները այնտեղ ըլլան:

Հանրահաւաքը խորհրդանշական է այն առումով, որ անիկա պէտք է բան մը փոխանցէ թէ՛ իշխանութիւններուն, թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ քաղաքական ուժերուն, թէ՛ մշակոյթի գործիչներուն, թէ՛ Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ ամէնէն կարեւորը՝ Ազրպէյճանին, որ այս ձեւով ձեռք բերուած քու խաղաղութիւնդ պիտի մնայ կոկորդիդ: Դուն այնքան գին պիտի վճարես ատոր համար, որ պիտի երազես՝ երանի թէ չունենայի այս յաջողութիւնը: Մենք ասոր պէտք է հասնինք: Եւ այս է ակնկալիքը մեր ժողովուրդէն, որ գան զինուորի նման, հայրենասէրի նման, գան հայրենիքի նկատմամբ պարտք կատարելու գիտակցումով, գան րոպէական արդիւնք չակնկալելով, բայց կարեւոր գործի մը սկիզբ դնելու հաւատքով», նշած է Հրանդ Մարգարեան

aztagdaily.com/archives/581290

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail