Ժետտայի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 32-րդ Վեհաժողովը. Մասնակիցները Ողջունեցին Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը
21 ՄԱՅԻՍ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ կէսօրէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Արաբական 32-րդ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Վեհաժողովին հիւրաբար խօսք մը արտասանեց նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Ասատ եւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը վեհաժողովի սկիզբէն առաջ ձեռնուած են:
Ալճերիոյ վարչապետ Այման պըն Ապտել Ռահման վեհաժողովի բացման խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ Արաբական լիկայի մէջ իր աթոռին վերատիրանալը` գնահատելով այդ ուղղութեամբ Սէուտական Արաբիոյ ջանքերը: Ան ապա վեհաժողովի նախագահութիւնը յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին, որ իր կարգին ողջունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արաբական վեհաժողովի մասնակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ մասնակցութիւնը կը նպաստէ Սուրիոյ կայունութեան աջակցելուն, արաբական դերակատարութեան վերականգնման ու այդ երկրի տագնապի աւարտին:
Պըն Սալման իշխանը յայտարարեց. «Պիտի չարտօնենք մեր շրջանը տագնապներու շրջան վերածել»: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը նշեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ արաբներուն եւ իսլամներուն առանցքային դատը` նշելով, որ թագաւորութիւնը պիտի չզլանայ պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցիլ` յոյս յայտնելով, որ երկխօսութիւնը դառնայ Սուտանի տագնապի լուծման հիմքը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ` Արաբական լիկային մէջ իր աթոռին վերատիրանալը եւ յոյս յայտնեց, որ արաբները նպաստեն Սուրիոյ տագնապի լուծման: Ան նաեւ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, որ արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները: «Այն ինչ որ մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմ է եւ ոչ թէ պարզապէս տագնապ մը», ըսաւ Զելենսքի` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Ուքրանիան, անոր ժողովուրդն ու «մեր երկրի իսլամները»` մատնանշելով, որ Խրիմի թաթարներու ներկայացուցիչը իրեն հետ ներկայ է վեհաժողովին:
Սուրիական «Ուաթան»-ը հաղորդեց, որ սուրիական պատուիրակութիւնը Զելենսքիի խօսքի ընթացքին մերժած է թարգմանութիւնը լսելու համար ականջակալները կրել:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները ընդհանուր առմամբ արտասանեցին հակիրճ խօսքեր, որոնց մէջ ողջունեցին Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձը:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք կը գտնուինք առանց արտաքին միջամտութեան մեր հարցերը վերակարգաւորելու պատմական առիթի առջեւ»:
Ան կոչ ուղղեց արդիականացնելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու Արաբական լիկայի ուխտը եւ ներքին կանոնագիրը, որպէսզի ներկայ ժամանակաշրջանի պահանջներուն համահունչ ըլլայ: «Միջարաբական եւ շրջանային մերձեցումը յոյսի մեծ աղբիւր է», ըսաւ Ասատ` շնորհակալութիւն յայտնելով Սէուտական Արաբիոյ «մեր շրջանին մէջ հաշտութիւնը ամրապնդելուն համար»:
Վեհաժողովի աւարտին Մոհամետ պըն Սալման իշխանը յայտարարեց, որ որդեգրուած է «Ժետտայի յայտարարութիւն»-ը, որ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին եւ լիբանանեան բոլոր կողմերը կը յորդորէ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը բաւարարէ բոլոր լիբանանցիներուն ձգտումները, կանոնաւորելու սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքը եւ որդեգրելու Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու համար պահանջուած բարեփոխումները:
Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ամրապնդելու սուրիացի գաղթականներու տունդարձին յարմար պայմանները եւ պահպանելու Սուրիոյ հողերուն միութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ պաղեստինեան դատին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, արաբական պետութիւններու ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը դադրեցնելու կարեւորութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու այլոց արժէքներն ու մշակոյթները, իսլամական պետութիւններուն գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ պետական կառոյցներէն դուրս զինեալ խմբաւորումներուն աջակցութեան ցուցաբերումը:
Յայտարարութիւնը կ՛ողջունէ սուրիական կառավարական պատուիրակութիւններու Արաբական լիկայի խորհուրդի ժողովներուն մասնակցութիւնը եւ կը շեշտէ, որ պէտք է աշխուժացնել Սուրիան իր տանգապէն դուրս բերելու օժանդակելու միտող արաբական ջանքերը:
«Ժետտայի յայտարարութիւն»-ը աջակցութիւն յայտնեց այն ամէնուն, որ կ՛երաշխաւորէ Եմէնի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կ՛իրագործէ անոր ժողովուրդի ձգտումները, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնեց եմէնեան տագնապին քաղաքական համապարփակ լուծում գտնելու միջազգային եւ շրջանային ջանքերուն:
Յայտարարութիւնը սուտանեան կողմերուն Ժետտայի ժողովը նկատեց «քայլ մը, որուն վրայ կարելի է հիմնուիլ վերջ տալու համար տագնապին», եւ մերժեց Սուտանի հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն` խուսափելու համար տագնապի հրահրումէն: Յայտարարութիւնը ընդգծեց Սուտանի մէջ կացութեան հանդարտեցման եւ երկխօսութիւնը առաջնահերթ նկատելու կարեւորութիւնը:
aztagdaily.com/archives/581422