Նոր Հայը՝ Իսլամացածը – ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
21 ՄԱՅԻՍ 2023 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ո՞վ է հայը, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ:
Թէեւ շատերուն համար այս հարցումը կրկնութին կը թուի ըլլալ, բայց նաեւ միւս կողմէ ալ կը կարծեմ, որ իրենց կորսուած յիշողութիւններու ծալքերը կրնայ բանալ:
Հայ ենք ու մինչեւ այսօր մեր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան տառապած ժողովուրդ մը եղած ենք: Այս է մեր ճակատագիրը, արդարացած ենք: Սակայն հակառակ այս բոլոր ճշմարտութեան, այս օրերուն դարձեալ հարց կու տամ՝ ո՞վ է հայը:
Կը հաւատամ, որ մեր ապրած կեանքը հետաքրքրական, կամ աւելի ճիշդ, լաւ ու վատ անակնկալներով լեցուն ըլլալով հանդերձ, հոգեբանական կէտեր ալ ունի: Այսպէս, եթէ գիտենք, որ մեր հարցումը որոշ պատասխան մը չունի, առաւել հաճոյքով կրկին անգամներ հարց կու տանք: Այս մէկը թէեւ կը նմանի օդին մէջ կրակելու պէս բանի մը, բայց ինծի համար մղձաւանջ ալ է:
Միտքս այս ծփացող խոհերէն ազատելու համար, յստակացնեմ:
Նախ ըսեմ, որ այս օրերուն, գրեթէ ամէն առիթներով կը յիշենք ու կը վերյիշենք մեր անմեղ նահատակները: Կը խօսինք մեր Դատի մասին ու մօտէն կը հետեւինք անոր հետզհետէ զարգացող ծալքերուն: Ու յանկարծ մեր աչքին առջեւ կը պատկերացնենք այն նոր երեւոյթը, թէ տակաւին մեր պապենական հողերուն վրայ կ՛ապրին հայեր, որոնք իսլամացած են: Այլ խօսքով, մեր հարազատ հողերուն վրայ տակաւին իրենց հայութիւնը գաղտնօրէն պահող հայեր կ՛ապրին, որոնք կրօնքով իսլամ են՝ իսլամ հայ:
Արդեօք նման բան կարելի՞ է ընդունիլ, հասկնալ, համակերպիլ:
Կ՛ենթադրուի, թէ աւելի քան երկու միլիոնի կը հասնի այս հայերուն թիւը, որոնց համար Մեծ Եղեռնի օրերուն կեանքը ձեւով մը ունեցած էր տարբեր ներքին հաշտութիւն մը:
Մինչեւ հիմա շատ քիչ խօսուած է այս «հայերուն» մասին: Բայց երբ կամաց մը քաղաքականութեան սլաքը փոխուեցաւ, կարծես այս հարցը տագնապալի ծուխի մը նման եկաւ եւ լեցուց մեր էութիւնը:
Այս հայերը, մեկնելով իրենց հաւատքէն՝ կրնա՞նք հայ կոչել, անուանել կամ հայերու դասին շարել: Իսկ իրենք ալ իրենց կարգին, որքանո՞վ կ՛ընդունին իրենց հայ ըլլալը: Կ՛ուզե՞ն հայ սեպուիլ, թէ ոչ կը նախընտրեն ներկայ իրենց այս իրավիճակը շարունակել: Ո՞ր աստիճանի է իրենց ենթագիտակցութիւնը:
Հաւատացէք, այս տողերը պարզ վանկերու խումբ մը չեն եւ ոչ ալ հանգերու տողանցք, այլ սոսկ մտահոգութիւն եւ մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած հարցի մը յայտնաբերում: Իբրեւ աւանդապահ ժողովուրդի մը հարազատ զաւակ, բոլորս ալ գիտենք, որ եթէ հայ ես, ուրեմն քրիստոնեայ պէտք է ըլլաս, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս: Մինչեւ հիմա Քրիստոսով ու խաչով լեցուած էր մեր հաւատքը: Ուրիշ կրօն ընդունելի չէր: Ու մեր դարաւոր կրօնին ու հաւատքին համար հեղեղի նման արիւն թափած էին:
Վկայ մեր պատմութիւնը:
Դարերէ ի վեր քրիստոնեայ ենք մեր երեք յարանուանութիւններով: Անհաւատ հայուն մասին չէ մեր ակնարկութիւնը:
Իսկ հիմա ալ՝ իսլամացած հայ: Ի՞նչ ըսել է իսլամ հայ եւ աւելին՝ արդեօք նման հայերու ներկայութիւնը որքանո՞վ ընբռնելի է կամ ալ ընդունելի է:
Այո՛…, ո՛չ…, չե՛մ գիտեր…:
Միայն այն գիտեմ, որ իսլամացած այս հայերը երկար ատենէ ի վեր ծածուկ ու մեր սրտերէն անգիտակ, կարծես մեզի հետ լռութեամբ կը խօսէին ու կ՛ապրէին գաղտնի, տեսակ մը ուրուականի նման: Հաւանաբար, մեզի կը սպասէին, մեր գիտակցութեան զարգացման: Ահա այս օրերուն մէջտեղն են: Ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ զիրենք իբրեւ հաւաքական կերպար՝ ներառել մեր մէջ կամ խառնել հայութիւն կոչուած մեր ազգային արդէն իսկ խառն կաթսային մէջ:
Անկեղծօրէն ըսելով, ինծի համար այս հայերը տակաւին չեն նահանջած, չեն մեռած, կը շնչեն, կ՛ապրին: Հայ են, թէեւ տարբեր կրօն ունին: Մեր արիւնէն են, ուզենք կամ չուզենք, ու ճակատագիրի բերումով Քրիստոսի փոխարէն տարբեր մարգարէի մը կը ծառայեն:
Ուստի կ՛ընդունիմ, որ նման հայեր նոր ժամանակներու կը պատկանին: Բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ մեր հոգին եւ միտքը բանալ դէպի այս իրականութիւնը: Ցարդ ամէն բան լուռ էր, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ այդ լռութիւնը ձայներով լեցուն էր ու մենք չէինք լսած:
Չմոռնանք, որ մինչեւ հիմա ազգովին տուժած ենք, որովհետեւ միակամ ու պատրաստ չենք եղած: Արդեօք հիմա պատրա՞ստ ենք՝ դուք ձեզի հարց տուէք: Ահա այս մէկն է, որ միջուկը կրծող որդերու նման հարց կը դառնայ մեր միտքերուն մէջ:
Ճիշդ է, որ դժուար է երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ: Բայց՝ գաղտնիքը բացուած է:
Հազարաւոր հայեր, յարգելի կամ ոչ պատճառներով, իսլամացած են ու ներկայիս կ՛ապրին իրենց պապենական ու հարազատ հողերուն վրայ: Տեղահան չեն եղած: Չեն ջարդուած եւ աւելին՝ մեզմէ աւելի իրենք են այդ հողերուն իսկական եւ իրաւական տէրերը: Անոնք աւելորդ փաստի կամ դատի կարիքը չունին:
Արդեօք պիտի ընդունի՞նք զիրենք իբրեւ հայ: Արդեօք մեր այս նոր որդեգրումը մեղանչում մը պիտի չնկատուի՞ Աւարայրներ մղած մեր պապերուն համար:
Իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւրիս մտածելակերպը մեր վաղն է: Գիտեմ նաեւ, որ հայուն կեանքը ինքնին հայոց պատմութիւն ալ է: Արդ, այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ որոնել հայուն ինքնութիւնը:
Ահա 21րդ դարու մեր պատմութեան հարցերէն մէկը: Արդեօք քննելու պատրա՞ստ ենք:
aztagdaily.com/archives/581195