ԻԼԻՊ-էն Ձերբազատուելու Համար, Թուրքերը Նախ Պէտք է Էրտողանէն Ազատուին

ԻԼԻՊ-էն Ձերբազատուելու Համար, Թուրքերը Նախ Պէտք է Էրտողանէն Ազատուին
Harout-Sassounian

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի (www.TheCaliforniaCourier.com) հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

9 սեպտեմբեր 2015

Թուրքիան ոչ միայն հրաժարած է միանալ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն ԻԼԻՊ-ի դէմ պայքարին, այլեւ վերապատրաստած, զինած եւ աջակցած է հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցման Սուրիա եւ Իրաք:

Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը յայտնած է, որ Մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ուժերը Արեւելեան Սուրիոյ մէջ շրջապատեցին եւ սպաննեցին ԻԼԻՊ-ի ղեկավար Ապու Սայաֆը, յարձակման ժամանակ առգրաւուած փաստաթուղթերը բացայայտեցին Անգարայի սերտ համագործակցութիւնը ԻԼԻՊ-ի հետ: Հարիւրաւոր յօդուածներ հրապարակուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ` նկարագրելով ԻԼԻՊ-ին ցուցաբերած թրքական աջակցութեան մանրամասնութիւնները: Տանիէլ Փայփսը, «Ուաշինկթըն թայմս»-ի մէջ հրապարակուած «Թուրքիոյ աջակցութիւնը ԻԼԻՊ-ին» իր յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ, որ «Թուրքերը աւելի շատ բաներ տրամադրած են, քան պարզապէս սահմանի հատումը. անոնք ապահոված են ԻԼԻՊ-ի եկամուտի, մատակարարումներու, վերապատրաստման եւ զէնքի առիւծի բաժինը»: Փայփս նաեւ բացայայտած է, որ ԻԼԻՊ-ի վիրաւոր զինեալները բուժուած են թրքական հիւանդանոցներու մէջ, եւ Թուրքիան ԻԼԻՊ-ին վճարած է 800 միլիոն տոլար քարիւղի ապօրինի առաքման համար:

Փոխնախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Հարուըրտի համալսարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ հաստատեց Թուրքիոյ կործանարար դերը իսլամիստ ահաբեկիչներու աջակցութեան գործին մէջ. Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Իմարաթները «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ հազարաւոր թոն զէնք նուիրաբերած են իւրաքանչիւրին, որ պիտի պայքարի Ասատի դէմ, սակայն այդ մարդիկ, որոնք կը ստանային` բոլորը Նուսրա, Ալ-քաիտա խմբաւորումներէն էին եւ աշխարհի տարբեր մասերէ եկած ճիհատական ծայրահեղական տարրեր էին»: Փոխնախագահը նաեւ բացայայտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին իրեն ըսած է. «Դուք ճիշդ էիք: Մենք շատ շատերուն թոյլ տուինք անցնիլ»: Պայտըն յետագային ներողութիւն խնդրեց իր հրապարակային ելոյթին համար, որպէսզի մեղմացնէ Էրտողանի զայրոյթը:

Միտչել Բրոդերոն McClatchyDC.com կայքէն, Օգոստոս 24-ին ապշեցուցիչ բացայայտումով տեղեկացուց, որ թրքական հետախուզութիւնը ահազանգած էր իսլամիստ ահաբեկիչներուն, որ ամերիկեան վերապատրաստում ստացած խումբ մը զինեալներ կը պատրաստուին Թուրքիայէն անցնիլ Սուրիա: ԱՄՆ վերապատրաստման 500 միլիոն տոլար արժող ծրագիրի 54 շրջանաւարտներէն շատերուն ժամանելուն պէս Ալ-քաիտայի Նուսրա ճակատը անմիջապէս կանգնեցուց եւ առեւանգեց…

Անցեալ ամիս, երբ Թուրքիան վերջապէս համաձայնեցաւ միանալ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին եւ «թոյլ տուաւ» Միացեալ Նահանգներուն Ինճիրլիքի ռազմակայանէն հրթիռակոծել ԻԼԻՊ-ի թիրախները, ԱՄՆ պաշտօնեաներու նախնական ցնծութիւնը վերածուեցաւ սոսկումի, երբ անոնք հասկցան, որ թրքական ռազմական առաջնահերթութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն, այլ ոչ թէ ԻԼԻՊ-ին հարուածելն էր: Թուրքիան, հարուածելով քիւրտ գրոհայինները, ըստ էութեան, կ՝օգնէր ԻԼԻՊ-ին, քանի որ քիւրտերը ԱՄՆ-ի միակ վստահելի ռազմական գործընկերներն էին այդ տարածքին մէջ:

Ուզելով խոչընդոտել անկախ Քիւրտիստան ստեղծելու քիւրտերու վաղեմի երազանքը, քիւրտերու դէմ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ լայնածաւալ արիւնալի յարձակումներ սանձազերծելով, Էրտողանը յոյս ունի, որ Նոյեմբեր 1-ին թուրք ընտրողները պիտի օգնեն իրեն վերականգնել իր կուսակցութեան` այս տարուան Յունիսի ընտրութիւններուն կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Ի դժբախտութիւն Էրտողանի` քիւրտերու դէմ յարձակումները բացասական արձագանգ գտան շատ թուրք քաղաքացիներու մօտ, որոնք կորսնցուցած էին բանակի մէջ ծառայող իրենց սիրելիները` պարզապէս նախագահի քաղաքական վարկանիշը բարձրացնելու համար…

Յուսահատութեան մէջ յայտնուած Էրտողանը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կրնայ դիմել եւս մէկ հնարքի: Տեսնելով, որ քիւրտերու ռմբակոծումը չ՝ստեղծեր ակնկալուող հանրային աջակցութիւն յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ան կրնայ հրամայել զանգուածային յարձակումներ ձեռնարկել քիւրտերու դէմ ամբողջ Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ: Իսկ յետոյ իբրեւ պատրուակ օգտագործելով քաղաքացիական պատերազմը` արտակարգ դրութիւն հաստատել, կասեցնել խորհրդարանը եւ կառավարել կղերապետական օսմանեան սուլթանի երկաթէ բռունցքով…

Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցները պարտաւոր են հնարաւոր ամէն ինչ ընել կանգնեցնելու իրենց իսկ ստեղծած հրէշը, մինչ ան պիտի ոչնչացնէ ամէն ինչ իր ճանապարհին: Էրտողանը լուրջ սպառնալիք է իր սեփական քաղաքացիներուն` թուրքերուն, քիւրտերու եւ այլոց համար, ինչպէս նաեւ ապակայունացնող ուժ է ամբողջ տարածաշրջանի համար: Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ բնակչութեան վրայ վայրագ յարձակումները լաւագոյն փաստն են, թէ ինչու քիւրտերը արժանի են անկախ պետականութեան եւ չեն կրնար այլեւս հանդուրժել թրքական դաժան վարչակարգը…

Օպամայի վարչակազմը պէտք է հետեւի Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան եւ 2005-2009 թուականներուն պաշտպանութեան փոխնախարար Էրիկ Էտըլմանի իմաստուն խորհուրդին: «Նիւ Եորք թայմս» թերթին մէջ Օգոստոս 27-ին հրապարակուած իր յօդուածին մէջ Էտըլման կ՝առաջարկէ, որ Միացեալ Նահանգները «Սահմանափակէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը բարձր մակարդակի հանդիպումներուն, կրճատէ հետախուզական համագործակցութիւնը եւ մերժէ ամերիկեան աջակցութիւնը Թուրքիոյ միջազգային նիւթական հաստատութիւններու մէջ»: Այս եւ շատ այլ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին, մինչեւ Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:

«Նիւ Եորք թայմս»-ի խմբագրական խորհուրդը Օգոստոս 31-ի խմբագրականին մէջ Էրտողանի քաղաքական հնարքները բնութագրեց իբրեւ փորձ` «փրկելու իր յաւակնութիւնները` մենատիրական կառավարումը եւ մեծապէս ընդլայնուած լիազօրութիւնները շարունակելու համար»:

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան հիմնախնդիրը սահմանափակելու, այդ երկիրներուն մէջ կայունութիւնը վերականգնելու եւ Թուրքիոյ մէջ աճող արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար, թուրք ժողովուրդը պէտք չէ արտօնէ, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը վերականգնէ իր կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail