Հայաստանի Ղեկավարները Պատրուակներ Կը Ներկայացնեն «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանին Վերաբերեալ, Թրքական Ճնշման Տակ

Culture – Ancient site of the temple of Zuartnots– Զուարթնոցի տաճարի հնավայր – Site antique du temple de Zuartnots – UNESCO World Heritage

Հայաստանի Ղեկավարները Պատրուակներ Կը Ներկայացնեն «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանին Վերաբերեալ, Թրքական Ճնշման Տակ

21 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ճիշդ այն ատեն, երբ մենք կը կարծէինք, թէ լսած ենք ամէն բան Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վիճայարոյց դիրքորոշման մասին` Արցախի, Հայաստանի եւ հայկական շահերու վերաբերեալ, կը բախինք Հայաստանի ղեկավարներու հերթական մեծ սխալին:

25 ապրիլ 2023-ին Հայոց ցեղասպանութեան թուրք կազմակերպիչները սպաննողներու ժառանգորդները Երեւանի մէջ բացին «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը: Արարողութեան ներկայ էին Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ, եւ, որքան ալ զարմանալի թուի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութեան անդամ է:

«Նեմեսիս»-ը անուանումն է այն գործողութեան, զոր կազմակերպած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` ոչնչացնելու համար օսմանեան բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնք պատասխանատու էին Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին: Այս գործողութեամբ իրականացուած է` 1919-ին Պոլսոյ  թրքական զինուորական դատարանի հեռակայ արձակած մահապատիժը, Ցեղասպանութիւն իրականացնողներու դէմ, երբ անոնք փախուստ տուած էին երկրէն: Թալէաթ փաշային` Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւորին, Սողոմոն Թեհլիրեանը սպաննած է Պերլինի մէջ, 1921-ին: Գերմանական դատարանը զայն անմեղ հռչակեց Թալէաթի զանգուածային յանցագործութիւններուն պատճառով:

Թալէաթի աճիւնը Պերլինէն բերուած է Թուրքիա, 1943-ին: Թրքական կառավարութիւնը «պատուած» է Թալէաթը` անոր անունով կոչելով պողոտաներ, մզկիթներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ յուշահամալիր, Պոլսոյ մէջ: Ասիկա նոյնքան ամօթալի կ՛ըլլար, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Պերլինի մէջ դպրոցներ եւ պողոտաներ կոչէր Հիթլերի անունով… Պոլսոյ նոյն յուշահամալիրը թաղուած է Ցեղասպանութեան մէկ այլ կազմակերպիչ, ռազմական նախարար Էնվեր փաշա: Անոր աճիւնը 1996-ին Տաճիկիստանէն բերուած է Թուրքիա, ուր 1922-ին ան սպաննուած էր հայու մը կողմէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու վրէժխնդիր եղած է «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին առիթով` յայտարարելով, որ Թուրքիա արգիլած է հայկական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքները Թուրքիոյ օդային տարածքով: Աւելի՛ն. Չաւուշօղլու լկտիաբար յայտարարած է, որ Թուրքիա լրացուցիչ քայլեր պիտի ձեռնարկէ Հայաստանի դէմ, եթէ չկազմաքանդուի «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը: Այսպիսով, Թուրքիա խախտած է ԵԱԹԱ-ի (Օդային երթեւեկութեան միջազգային ընկերակցութիւն) կանոնները, ուր կ՛ըսուի, որ երկիրներ չեն կրնար արգիլել թռիչքները քաղաքական դրդապատճառներով: Հայաստան պէտք է իրաւական միջոցներու ձեռնարկէ Թուրքիոյ դէմ` համաձայն ԵԱԹԱ-ի կանոններուն եւ արգիլէ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի թռիչքները Հայաստանի օդային տարածքով:

Թրքական այս անհիմն պատժամիջոցը տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Հայաստանի ու Թուրքիոյ կառավարութիւնները մէկ տարիէն աւելի բանակցութիւններ կը վարեն ընդհանուր սահմանի բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Թէեւ կը յայտարարուի, որ այդ բանակցութիւնները կ՛ընթանան «առանց որեւէ նախապայմանի», բայց իրականութեան մէջ Թուրքիա քանի մը պահանջներ յառաջ քաշած է, ինչպէս, օրինակ, Հայաստանը պիտի յայտարարէ, որ Արցախը կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի մաս` ճանչնալով անոր տարածքային ամբողջականութիւնը, թոյլ տայ «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուածին  անցումը Հայաստանի տարածքով` Ազրպէյճանը կապելով իր տարածքէն դուրս գտնուող Նախիջեւանին, ինչ որ կը նշանակէ, որ «միջանցք»-ը կը գտնուի ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ներքոյ:

Եթէ նոյնիսկ Թուրքիա օր մը բանայ սահմանը, նորէն կը փակէ զայն, եթէ Հայաստան չկատարէ Թուրքիոյ հետագայ պահանջներէն որեւէ մէկը` շարունակաբար շանթաժի ենթարկելով Հայաստանի կառավարութիւնը: «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը կազմաքանդելու Թուրքիոյ ներկայ պահանջը կանուխէն տրուած զգուշացում է Թուրքիայէն գալիք յաւելեալ պահանջներու, ինչպէս` Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կազմաքանդում, ապրիլ 24-ին թրքական դրօշներու հրկիզումի արգիլում եւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն ջնջումը այն պարբերութեան, ուր գրուած է` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հասնելու գործին»:

Ա՛յս է չզղջացող թշնամիին առջեւ ծունկի գալու եւ խաղաղութիւն մուրալու հետեւանքը: Ի պատասխան Թուրքիոյ օդային տարածքով հայկական թռիչքներու արգելքին` Հայաստանի ղեկավարները քննադատեցին իրենց երկիրը` Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը կանգնեցնելու առումով, քան` Թուրքիոյ ըսելու, որ իրենք իրաւունք չունին միջամտելու Հայաստանի ներքին որոշումներուն: Թուրքիան հանգստացնելու փորձին ընթացքին Հայաստանի վարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը շարք մը  յայտարարութիւններ ըրին ընդդէմ յուշարձանին: Այսինքն Թուրքիոյ համար բնական է փառաբանել Թալէաթը` թուրք Հիթլերը, սակայն Հայաստանի համար բնական չէ մեծարել դահիճը սպաննող հայորդիները: Հայաստանի ղեկավարները «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին համար պատրուակներ ներկայացնելու փոխարէն` պէտք է որ Թուրքիայէն պահանջէին կազմաքանդել Պոլիս գտնուող Թալէաթ փաշային յուշահամալիրը:

Վարչապետ Փաշինեան պատճառաբանեց, որ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը լիազօրած է Երեւանի քաղաքապետարանը, ոչ թէ` Հայաստանի կառավարութիւնը: Յուշարձանին տեղադրումը հաստատուած է Երեւանի քաղաքի աւագանիին կողմէ, 14 սեպտեմբեր 2021-ին: Փաշինեան հակասեց ինքզինք` նախ Հայաստանի խորհրդարանին ըսելով, որ յուշարձանը թոյլատրելու որոշումը կայացած է «դաւաճան պիտակաւորումէ խուսափելու համար… Այսուհանդերձ, մենք փաստացիօրէն կը շարունակենք դաւաճանել մեր երկրի պետական ու ազգային շահերուն»: Ապա ան ըսաւ, որ` «Սխալ որոշում կայացուած է, եւ այդ որոշման իրականացումն ալ եղած է սխալ»: Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ` «Ժողովրդավարութեան թերութիւններէն մէկը այն է, որ իշխանութիւնը կամ կառավարութեան ղեկավարը չի վերահսկեր ամէն բան եւ բոլորը»: Ասիկա ցնցող յայտարարութիւն է մէկու մը կողմէ, որ եկած է իշխանութեան` յաւակնելով խթանել ժողովրդավարութիւնը, սակայն ան կարծես թէ չի հասկնար ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները: Փաշինեան փաստօրէն երկրին մէջ կը վերահսկէ ամէն բան եւ բոլորը…

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նոյնպէս արդարացումներ ըրաւ` ըսելով, որ` «Թուրքիա պէտք չէ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը ընկալէ իբրեւ Հայաստանի պետական արտաքին քաղաքականութեան դրսեւորում կամ իբրեւ ոչ բարի դրացիական քայլ: Հայաստանի մէջ պետական արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ»: Սիմոնեան այնուհետեւ ըսաւ, որ` «Նեմեսիս»-ի յուշարձանի բացման մասնակցած են միայն խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւորները»: Չաւուշօղլու պատասխանեց, որ Հայաստանի կառավարութեան արդարացումները «անկեղծ եւ ճշմարիտ չեն: Ոչ ոք թող փորձէ խաբել մեզ` ըսելով, որ այդ իրենց իրաւասութեան մէջ չի մտներ»:

Հայաստանի ղեկավարները պէտք է կարեւոր դաս քաղեն այս միջադէպէն: Եթէ Հայաստան անմիջապէս չմերժէ Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու Թուրքիոյ փորձերը, ես մտավախութիւն ունիմ, որ թրքական կառավարութիւնը կը համարձակի առաջադրել հետագայ պահանջներ, որոնք լրջօրէն կը սահմանափակեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail