Յանձնարարելի է կարդալ. Ս. Քիւսպէկեանի «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը»
23 ՄԱՅԻՍ 2023 – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի յուշերը՝ Մուսա լեռէն Այնճար
Մեր իրականութեան մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը դառնան հերոսներ, առանց յատուկ նուաճում մը կամ իրագործում մը կատարած ըլլալու:
Անոնք կը նկատուին հերոս կամ ներշնչման աղբիւր՝ պարզապէս իրենց կեանքը իրենց յատուկ՝ իւրայատուկ ձեւով ապրած ըլլալնուն համար:
***
Վերջերս Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Սեդօ Քիւսպէկեանի «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը. Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի յուշերը» խորագրեալ գրքոյկը, խմբագրութեամբ Վարդան Թաշճեանի:
93 էջ ծաւալով այս գրքոյկը կը բաղկանայ 14 ենթաբաժիններէ, որոնք օղակ-օղակ կը միաւորուին կազմելով 98 տարիներ բոլորած «Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեան» ամբողջութիւնը: Գրքոյկը կը բացուի Վարուժան արք. Հերկելեանի «Գնահատագիր»ով, որուն կը յաջորդէ հեղինակին ներածականը, ուր ան կը բացատրէ իր մեծ մօր յուշերը արձանագրելու եւ հրատարակութեան տալու շարժառիթներն ու նպատակները:
Յուշապատումն ու ազգագրական տուեալնեը ճարտարօրէն միախառնելով, Սեդօ Քիւսպէկեան ընթերցողին դիմաց կը բանայ իր մեծ մօր ամբողջ էութիւնը, որուն գլխաւոր առանցքները կը կազմեն դեռատի պարմանուհի Սիման՝ Մուսա լերան մէջ եւ գաղթի ճամբուն վրայ եւ ապա՝ կինը, մայրը եւ մեծ մայրը, Այնճարի մէջ:
Հեղինակը հարուստ արխիւային նիւթերով եւ լուսանկարներով յագեցած պատումի մը ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր մեծ մօր կեանքի բարդ ճանապարհը` միաժամանակ բացայայտելով Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրները ամուր կամքով յաղթահարելու, մանկութեան տարիներէն սկսեալ եւ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն իրեն վիճակուած բոլոր փորձութիւնները համբերութեամբ եւ խելամտութեամբ դիմակայելու եւ երիտասարդ տարիքէն ամուսին կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ՝ անյագ նուիրումով, մեծ զոհողութիւններով եւ ճառագայթող լաւատեսութեամբ բազմանդամ ընտանիք պահելու անոր ուսանելի նկարագիրը:
Անհատական յուշերու պրիսմակէն մեկնած այս գրքոյկը նաեւ կը ներկայացնէ անցեալի ու ներկայի կամրջումը, որ կը սկսի Մուսա լէռէն ու կը հասնի Այնճար: Այնտեղ մենք կը ծանօթանանք Սիմա Քիւսպէկեանի կեանքին հանգրուաններուն եւ կ՛իմանանք յատկապէս 1939 թուականի անոր գաղթականութեան դառն փորձառութիւններուն մասին:
Այս մասին խօսելով, հեղինակը իր ներածականին մէջ կը կ՛ըսէ.- «Մեծ մօրս պատմութիւնը նաեւ Մուսա լերան ժողովուրդի գաղթականութեան եւ Այնճարի հիմնադրութեան պատմութիւնն է: Այդ օրը, երբ հանդիպեցայ իրեն (Շ.Գ.՝ գրի առնելու համար իր յուշերը), 91 տարեկանը բոլորած էր արդէն եւ բազմաթիւ յիշատակներ ունէր գաղթականութենէն, եւ ինծի համար հետաքրքրական էր ի՛ր բաժին պատմութիւնը»:
Գրքոյկին մէջ Սիմա Քիւսպէկեանի յուշերուն կցուած են նաեւ Մուսա լերան եւ Այնճարի մասին տեղեկութիւններ, ընդհանուր պատումը «դիտարկելի դարձնելու համար լայն պատմական պարունակի մը մէջ` ժամանակի եւ տարածութեան միջեւ», ինչպէս կը գրէ հեղինակը:
Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի՝ գրեթէ ամբողջ դար մը ապրուած կեանքի
ելեւէջները խտացնող յուշերէն ետք հեղինակը հակիրճ կերպով կ՛անդրադառնայ իր մեծ հօր ու մեծ մօր կենսագրականներուն, ապա հերթաբար կը ներկայացուին հարազատներու կողմէ Սիմա Քիւսպէկեանի մահուան առիթով երեք վկայութիւններ, որոնց կողքին կը ճառագայթէ անոր արուեստագէտ զաւկին՝ Ալեքսան Քիւսպէկեանի գծած տպաւորիչ դիմանկարը: Յաջորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ հանգուցեալին ութ զաւակներուն կենսագրութիւնները, ապա քանի մը էջերով կը ներկայացուին Քիւսպէկեան եւ Տիւքէնճեան գերդաստաններու ընտանեկան ծառերը, որոնք առաւել կ՛արժեւորեն Սեդօ Քիւսպէկեանի կատարած այս ողջունելի եւ բծախնդիր աշխատանքը:
Գիրքին հեղինակը՝ Սեդօ Քիւսպէկեան ծնած է 1994-ին: Յաճախած է Պէյրութի Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: Համալսարանական ուսումը ստացած է Հայկազեան համալսարանէն` մասնագիտանալով ելեւմտական մարզին մէջ: Միութենական գործունէութիւն ծաւալած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:
Գիրքին լոյս ընծայման առիթով, Վարուժան արք. Հերկելեան իր գնահատագիրին մէջ կը գրէ.- «Օրինակելի եւ մեծապէս գնահատելի աշխատանքի մը արգասիքն է այս գրքոյկը, որ կը ցոլացնէ թոռնիկին հոգածու եւ սերտ կապը մամիկին հետ։ Սեդօ Քիւսպէկեան` մէկը Քիւսպէկեաններու մեծ եւ նահապետական ընտանիքի թոռներէն, իր այս նախաձեռնութեամբ շինիչ եւ վարակելի գործ մը կը շնորհէ Մուսա տաղի նոր սերունդներուն։ Շնորհաւորելի գործ մը, որ օրինակ պէտք է ըլլայ գիւղի թոռնիկներուն, որպէսզի նման գործերով ճոխացնեն գիւղի ընդհանուր կեանքը։ Պապիկ եւ թոռնիկ, մամիկ եւ թոռնիկ սերտ կապը վարակիչ պէտք է ըլլայ, եւ բոլոր թոռնիկները գիտնան արժէքը մեծերուն, դասեր քաղեն անոնցմէ եւ մեր ցեղի քայլերը առաւել պայծառ պահեն»:
Սեդօ Քիւսպէկեանի այս նախաձեռնութիւնը մեր դիմաց կը բանայ անհատական յուշերէն դէպի հաւաքական յիշողութիւն գացող արահետը, որ վստահաբար կը խաչուի այլ մուսա լեռցի-այնճարցիներու նմանօրինակ պատում-ուղիներուն հետ, որոնք առաւել կը հարստացնեն եւ նմանօրինակ քաղցրահամ պատառիկներով կը վեր-ա-գրեն Մուսա Լերան պատմութիւնը…
Սեդօ Քիւսպէկեանի այս քայլը թող օրինակ ծառայէ Մուսա լեռցիի արիւն կրող իւրաքանչիւր այնճարցիի՝ իր «սեփական-ընտանեկան» արմատները ընդերքէն պեղելու եւ զայն իր «հաւաքական» ճիւղերուն պատուաստելով ծաղկեցնելու Մուսա լեռեան «մէկ ու միացեալ» ծառը:
Կատարուածը մեծապէս գնահատելի աշխատանք մըն է: Յանձնարարելի է անպայման կարդալ այս գրքոյկը: