«Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու


Ահմեթ Տաւութօղլու

04 փետրուար 2016

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Անգարա եւ Ռիատ կ՛աջակցին Սուրիոյ ընդդիմութեան որդեգրելիք բոլոր որոշումներուն` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակարգը միշտ կը փաստէ, թէ բռնատիրական է եւ իր ժողովուրդը կը սպաննէ ու կը տեղահանէ»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ. «Մենք միշտ կ՛աջակցինք Սուրիոյ վերաբերեալ Ժընեւի բանակցութիւններուն արդիւնքին, որպէսզի այդ երկիրը յառաջընթաց արձանագրէ եւ ապագային կայունանայ»:

Ան ընդգծեց, որ իր երկիրն ու Սէուտական Արաբիան ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը կը նկատեն շրջանին մէջ գլխաւոր սպառնալիքները:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ թրքական բանակի հրետանին ռմբակոծած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող բնակուած շրջաններէն մէկը:

«Թրքական իշխանութիւնները պատասխանատու են Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Ժապալ Օտէյրա շրջանի հրետանիով ռմբակոծման համար, որուն հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ վնասուած են», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ ռմբակոծումը տեղի ունեցած է կիրակի օր:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով իր կարգին նշեց, որ նախարարութիւնը անհերքելի ապացոյցներ ունի թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ տարածքի ռմբակոծման մասին:

Ըստ անոր, իրենց տրամադրութեան տակ կան նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ նկարահանուած տեսանիւթեր, որոնց մէջ պատկերուած է Սուրիոյ տարածքի` թրքական բանակին կողմէ ռմբակոծման փաստը: «Ահա, ատիկա կը կոչուի փաստ: Ատիկա կը հանդիսանայ անհերքելի ապացոյց այն բանին, որ թրքական զինեալ ուժերը մեծ տրամաչափի հրետանային համակարգերով ռմբակոծումի կ՛ենթարկեն սահմանամերձ սուրիական բնակելի տարածքները», ըսաւ զօրավարը:

Թուրքիա Ռուսիան մեղադրած է 29 յունուարին «Սու-34» ռմբաձիգի մը կողմէ իր օդային սահմանի դարձեալ խախտուելուն մասին, բան մը, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրուկ կերպով հերքած է` յայտարարելով, որ ատիկա «Անգարայի կողմէ յստակ ծրագրուած սադրանք է»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail