04 փետրուար 2016
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի դատապարտեց Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կողմէ եւրոպացիներուն ուղղուած կոչը` Թուրքիոյ դէմ պայքարելու: «Մենք դէմ ենք Ժողովրդավարական միութեան պատկանող եւ անցեալ շաբաթ ընկերային ցանցերուն վրայ անգլերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տեղադրուած տեսերիզին, որ եւրոպացիներուն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու», ընդգծեց Քըրպի:
«Այդպիսի վարուելակերպերը անընդունելի են», ըսաւ Քըրպի եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց իրենց ջանքերը կեդրոնացնելու «հասարակաց թշնամիին»` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ:
«Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մասնակից է: Խմբաւորման դիրքերուն դէմ թրքական ռմբակոծումը լաւ բան է, եւ ատիկա մեր ուզածն է», ըսաւ ան:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրք հիւսիսային Սուրիոյ քրտական շրջաններ այցելած է ընկերակցութեամբ բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնատարներու եւ հանդիպում ունեցած քիւրտ պաշտօնատարներու եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարներու հետ: Ան գովաբանած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութիւնը, ինչպէս նաեւ քրտական ջոկատներն ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոնց պայքարը:
ՄքԿըրք վստահեցուցած է, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը յառաջիկայ լուրջ հանգրուանին ընթացքին իբրեւ հիմնական կողմ պիտի մասնակցի Ժընեւի բանակցութիւններուն:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Ահրար Շամի եւ Ժէյշ Իսլամի Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը զանոնք ճանչնալ չի նշանակեր, անոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com