Մաքրոնի Որոշումով` Միսաք Մանուշեանի Աճիւնը Պիտի Ամփոփուի Ֆրանսայի Պանթէոնին Մէջ
20 ՅՈՒՆԻՍ 2023 –
18 յունիսին` Ֆրանսայի ազատագրման վերաբերեալ Շարլ տը Կոլի կոչի օրը, Էլիզէի պալատը պաշտօնապէս յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պատմական որոշումը` Ֆրանսական դիմադրութեան հերոս, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխելու վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:
«Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նախագահ Էմանուել Մաքրոն բարձր գնահատած է «Միսաք Մանուշեանի բացառիկ սխրանքը, բոլոր սահմանները անցնող հայրենասիրական մղումը», որոնք «ոգեշնչման առանձնայատուկ աղբիւր են Ֆրանսայի համար»: «Միսաք Մանուշեանը կը մարմնաւորէ Ֆրանսայի մեծութեան մէկ մասը: Ան կրողն է համամարդկային արժէքներու»` «ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան», որոնցմով տոգորուած, իր մարտական ընկերներուն հետ միասին, «պաշտպանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը»:
«Միսաք Մանուշեան այսպիսով պիտի դառնայ առաջին օտարազգի գործիչը, որ մուտք կը գործէ ֆրանսացի մեծութիւններու աճիւնները ամփոփող տաճար` դառնալով հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդները միաւորող հազարամեայ բարեկամութեան կարեւոր խորհրդանիշ, որ առաւել ամուր է` Միսաք Մանուշեանի նման բացառիկ եւ վառ անհատներու շնորհիւ:
«1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Միսաք Մանուշեանի մեծարումով Ֆրանսան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նաեւ բոլոր հայորդիներուն, որոնք, օտար հողի վրայ ծնած ըլլալով, իրենց կեանքը նուիրաբերած են յանուն Ֆրանսայի ազատութեան ու ֆրանսական արժէքներուն եւ Ֆրանսայի արժանի զաւակ դարձած իրենց թափած արիւնով:
«Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացման արարողութիւնը, կնոջ` Մելինէ Մանուշեանի ուղեկցութեամբ, կը նախատեսուի 21 փետրուար 2024-ին` Մանուշեանի եւ անոր զինակից ընկերներու մահապատիժի ութսունամեայ տարելիցին առիթով:
«Միսաք Մանուշեանը պիտի ամփոփուի ֆրանսացի այնպիսի մեծութիւններու կողքին, ինչպիսիք են` Վիքթոր Հիւկոն, Ժան-ժաք Ռուսոն, Մարի եւ Փիեռ Քիւրիները, Էմիլ Զոլան, Ալեքսանտր Տիւման եւ ուրիշներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/584396