Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Մեծ Մօրս Կեանքի Ճանապարհը» Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի Յուշերը Հեղինակ` Սեդօ Քիւսպէկեան

Ս. Քիւսպէկեանի «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը»

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Մեծ Մօրս Կեանքի Ճանապարհը» Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի Յուշերը Հեղինակ` Սեդօ Քիւսպէկեան

25 ՅՈՒՆԻՍ 2023 – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   

Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք ըսենք, որ գրքոյկ մը, այս պարագային` 96 էջերէ բաղկացած, շատ անգամ, իր բովանդակած նիւթով եւ մատուցուած ձեւով, կրնայ աշխարհ մը բանալ նախ մտքիդ, ապա` երեւակայութեանդ մէջ` նկատի ունենալով անոր ընդգրկուն եւ բազմածաւալ տարողութիւնը:

Նման հոգեվիճակի մատնուեցայ, երբ շաբաթներ առաջ ստացայ վերոնշեալ գրքոյկը: Հարազատ ընկեր մը (Սեդոյի հայրը) հեռաձայնեց եւ փափաքեցաւ գրքոյկը նուիրել` ըսելով. «Դուն կը սիրես նման բովանդակութիւն ունեցող գիրքեր կարդալ»:

Ինչպէս վարժ է ըսել. երբ նոր գիրք մը ստանաս կամ գնես, նախ սապէս «աչքէ կ՛անցընես» եւ ապա գրասեղանիդ վրայ կը զետեղես, այլ գիրքերու կողքին, որոնք պատեհ առիթին պիտի արժանանան տրուպիս ընթերցման:

Սակայն այս գրքոյկին պարագան տարբեր եղաւ` նկատի ունենալով, որ մէկ կողմէ անոր ընդգրկած թեման հետաքրքրական կը թուէր եւ միւս կողմէ` քաջածանօթ էի Սեդօ Քիւսպէկեանին` մեր երիտասարդ հեղինակին եւ անոր ծնողքին:

Կիրակի պայծառ առաւօտ մը, տան պատշգամին գամուած, քանի մը ժամուան ընթացքին կարդացի գրքոյկը, որ ունէր գրաւչութիւն մը` ըստ բովանդակութեան, եւ կը կրէր երիտասարդի մը նախաձեռնութեան ոգին, երախտագէտի զգացումներն ու սէրը հանդէպ իր մեծ մօր, մեծ հօր, ծնողքին, ծննդավայրին ու հաւաքական յիշողութեան:

Թէեւ առաջին անգամ չէ, որ կը կարդայինք Մուսա Լերան, Այնճար հայաւանի թէ ընդհանրապէս այնճարցիներու պատմութեան մասին, այդուհանդերձ, գրքոյկը ունէր եզակի հնչեղութիւն` ըստ մատուցման եղանակի եւ գրական պարզութիւն,  ըստ ոճի, լեզուի եւ պատմագիտական տուեալներու:

Վարուժան արք. Հերկելեան իր «Գնահատագիր»-ով արդէն մեր ուշադրութեան կը յանձնէ թոռնիկի մը մտածումը` մեծ մօր վկայութեան ճամբով վառ պահելու ընտանիքի կամ գերդաստանի կենսագրութիւնը, սրբութիւնը, բայց մանաւանդ, նման աշխատանքի ընդմէջէն` փրկելու «մեր ցեղային յիշողութիւնները» գիրքի մը ծածկին տակ` իբրեւ անփոխարինելի ժառանգ եւ ոգեկան հարստութիւն գալիք սերունդներու:

Եւ ահա, ընթերցողը էջ առ էջ կը սկսի խորանալ Սեդոյին մեծ մօր պատումին մէջ, ուր անձնական թէ հաւաքական կեանքի դիպաշարերը կը յաջորդեն իրար, իսկ երեւակայութեանդ պաստառին վրայ արդէն կ՛ուրուագծուի ամբողջ ազգի մը կրած տառապանքին, կենցաղին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն թէ մահուան ճիրանէն փրկուելու հրաշքի համազօր յառնումը:

Իրօք, Սեդոյի մեծ մօր պատումին ընդմէջէն մենք «ականատես» վկաները կը դառնանք հաւաքականութեան մը անկոտրում կամքին, գեհենային պայմաններու յաղթահարումին եւ դէպի ազգային կեանք վերադառնալու վճռակամութեան:

Ըսինք, որ մեզ հետաքրքրեց երիտասարդ Սեդոյի նախաձեռնութիւնը` գրի առնելու իր մեծ մօր յուշերը, ողջուց, ինչպէս նաեւ` մղո՞ւմը, Եղեռնի 100-ամեակին առիթով` սպիտակ էջին յանձնելու նախնեաց ապրած գաղթականութեան ամբողջ արհաւիրքը, մահուան յաղթելու տոկունութեան աստիճանաչափը, բազմաչարչար ու դժոխային պայմաններու դէմ կուրծք ցցելու եւ անպայման վերապրելու կամքը, 53 օրերու հերոսամարտը, հայրենի հողը, սեփական օճախը, տունը լքելու հոգեկան տուայտանքը, տարագրութեան անդոհանքը, ճահճահուտ Այնճարի տարածքին մէջ հաստատուիլը, վրաններու տակ գիշերելը, տափաստան մը ծաղկաստանի վերածելու ունակութիւնը, ընտանեկան բոյնի կազմութիւնը, հասնելով ներկայ օրերը, ապրող, շնչող, կեանքի խայտանքով լեցուն` Այնճար գիւղաքաղաքի իրականութիւնը:

Ճիշդ է, որ Սեդոյի մեծ մայրը յուշիկ առ յուշիկ կը ներկայացնէ իր սեփական կեանքին թէ հարազատներուն ամբողջ պատումը, սակայն խորքին մէջ, ընթերցողը նաեւ կը ծանօթանայ յիշատակելի տիպարներու, որոնք մաս կազմած են ազգային մեր պարունակին, աշխատած, քրտնած, ծառայած եւ լուսաւոր օր մը հրաժեշտ տուած են կեանքին` ժպիտը իրենց դէմքին եւ հոգեկան գոհունակութեամբ առլցուն:

Արդար է ըսել նաեւ, որ Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեան մեծ մայրը օրինակելի տիպար մըն է ինքնին, որ իր երկարակեաց (91 տարեկան) կեանքով ցոյց տուած է լեռնցի կնոջ ուժեղ կազմուածքը, նկարագրային կերտուածքն ու հոգեկանութիւնը:

Այնճարցիական հոգեկանութիւն մը, որ իւրայատուկ է եւ ներշնչող, իրական է եւ անփոխարինելի: Ընթերցողը այս հոգեկերտուածքին կը ծանօթանայ սա քանի մը տողերուն ընդմէջէն, երբ իննսունմէկամեայ մեծ մայրիկը, այնքան պարզ եւ օրհնաբեր խօսքով կ՛ըսէ. «… Հիմա ես ունիմ 26 թոռնիկ եւ 11 ծոռ: Փա~ռք Աստուծոյ, բոլորն ալ լաւ են: Աստուած բոլորին առողջութիւն տայ, ինծի անկողին չձգէ եւ հանգիստ մահ մը թող տայ: Ուրիշ բան չեմ ուզեր»:

Ութ զաւակներու մայր եղած Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեան իր ամուսնոյն հետ ոչ միայն յաջողած է ընտանեկան բոյնը առողջ ու կայտառ պահել, այլ նաեւ ան իր եզակի սէրը, գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը ցոյց տուած է իր հարսերուն եւ հարազատներուն:

Փաստօրէն, գրքոյկին մէջ իրենց արժանի տեղը ունեցած մահագրութիւններն ու վկայութիւնները բաւարար են հաստատելու վերեւ յիշուած մեր ընդգծումը:

Գրքոյկը հարստացած է խմբագրական աշխատանքով: Մեծ մօր յուշերուն առընթեր մենք կ՛ընթերցենք պատմագիտական արժէք ունեցող տեղեկութիւններ, որոնք յաւելեալ «համ ու հոտ» կու տան արձանագրուած տողերուն:

Այլապէս ալ գնահատելի է գրքոյկին հանդէպ ցուցաբերուած բծախնդրութիւնը, ինչպէս` վերստուգող սրբագրիչի, ձեւաւորումի, պատկերազարդումի, տպագրումի, ընտանեկան թէ ամբողջ գերդաստանի մը «ծառ»-ին քարտէսագրումը:

Հուսկ, Վարուժան արք. Հերկելեանի սա գեղեցիկ մտածումը, որ լոյսին եկած է «Գնահատագիր»-ին մէջ, արդէն մեր բոլորի ակնկալութիւնն ու մաղթանքն է. «Գիտենք, որ մարդիկ պիտի գան ու երթան, դէպքեր պիտի պատահին ու անցնին, բայց անոնց հետ ու անոնց կողքին սպասելի էր որ ծնէին գիրքեր, որպէսզի այդ մարդիկը գիրքերով խօսէին մեզի հետ»:

Արդարեւ, երիտասարդ հեղինակին` Սեդօ Քիւսպէքեանի այս յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւնը ոչ միայն սիրոյ ու յարգանքի արտայայտութիւն է հանդէպ իր մեծ մօր եւ մեծ հօր, այլ անիկա կը պարփակէ վարակիչ խորհուրդ մը` ինքնութեան եւ ազգային յիշողութեան վերաբերող, բայց մանաւանդ` հզօր զէնք մըն է պահելու եւ պաշտպանելու ազգային ամէն արժէք եւ հաւաքական առանձնայատկութիւն:

Կը հաւատանք, որ Սեդոյի մեծ մօր տառապած դիմագիծին ու բարի ժպիտին լուսանկարը քանդակուած պիտի մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ` իբրեւ օրհնութեամբ լեցուն սրբապատկեր:

https://www.facebook.com/Mousaleranjar.net/videos/813494680431729

Բարի երթ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail