Դաշնակցութիւնը Եօթանասուն Տարի Սփիւռք Կերտեց. Մէկը Պիտի Յիշեցնէ(ր) Ալեն Սիմոնյանին– Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
26 ՅՈՒՆԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/
Մտածենք Սփիւռքի մասին
Ալեն Սիմոնեանին մէկը պիտի յիշեցնէր, որ իր 133 տարուան պատմութեան շուրջ 70 տարիները Դաշնակցութիւնը նուիրած է` սփիւռքի կազմակերպման, հայապահպանման եւ համայնքներու ֆիզիքական պաշտպանութեան, իրերայաջորդ սերունդներու քաղաքականացման, Հայ դատի հետապնդման եւ պետականազուրկ սփիւռքահայութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը միջպետական օրակարգին բերելու գործին: Միակ կազմակերպութիւնը չէ եղած անշուշտ, ոչ ալ զերծ եղած է սխալներէ եւ երբեմն ալ` սայթաքումներէ: Բայց սփիւռքի քաղաքական պատմութեան որեւէ առարկայական հետազօտութիւն ցոյց պիտի տայ, թէ իր բոլոր սխալներով ու բացթողումներով հանդերձ, ան որքա՛ն յառաջապահ ուժ եղած է եւ ստանձնած` ղեկավար պատասխանատուութիւն:
Սփիւռքը, սակայն, անտեսուեցաւ, նսեմացուեցաւ, լաւագոյն պարագային` թերարժեւորուեցաւ անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու եւ, ընդհանրապէս, հայրենի քաղաքական վերնախաւին կողմէ: Բացի երբ փող անհրաժեշտ էր… հռետորաբանական սփիւռքագովումը առատ էր միշտ, մանաւանդ երբ համեմուէր հայրենասիրական ու հզօր պետականութեան յուզականութեամբ: Բայց անկէ մէկ քայլ անդին անցնելով սփիւռքի ռազմավարական դերին գնահատումը` ոչինչ: Բացի, դարձեալ, հռետորաբանութենէ եւ երբեմն-երբեմն համագործակցութենէ, որոնցմէ թերեւս ամէնէն յուսադրիչն ու յուսախաբողը եղաւ յետփրոթոգոլեան հինգ տարիներուն Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի պատրաստութեան աշխատանքները:
Սփիւռքը Հայաստանի մէջ նսեմացուեցաւ, որովհետեւ, ինչպէս ոմանք, ընդ որում` ազգային մտաւորականներ, կը մտածեն, որ սփիւռքը «գերարժեւորուած» է: Բայց աւելի շուտ` որովհետեւ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը սփիւռքը ուզեց որպէս հետեւող միայն: Արդար ըլլալու համար պիտի ընդունինք, որ ատոր ընթացք տուաւ «Դէպի Երկիր»-ով խանդավառ սփիւռքեան ղեկավարութիւն մը, որ պահ մը կարծեց, թէ դարձուցած էր պատմութեան սփիւռքեան էջը եւ վերածուած` «արտերկիր»-ի: Երբեմնի սփիւռքեան պատումի հայրենադարձութեան պահն էր եկած, եւ հայրենիքը կը սպասէր իր զաւակներուն: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը «արտերկիր»-ը «սրբագրեց», երբ «օտարերկրացի» անուանեց սփիւռքահայը, «նարինջ ուտող» ((սփիւռքա)հայեր յիշէք, չմոռանաք այն օրը…):
Աւելի՛ն. սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւնը սփիւռքը լքեց ու մսխեց, որովհետեւ միշտ առաջնահերթ եղան հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ պետականաշինութիւնը: Հարկաւ, ո՞ր մէկ սփիւռքահայը կը համարձակէր վերյիշել Վահէ Օշականին «Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ» եւ առաջարկել սփիւռքի օրակարգ, երբ անհրաժեշտ են կենսական ծրագիրներ, ուր իր մասնակցութեան պարտականութիւն կը տրուէր, բայց երբեք` որոշման իրաւունք: Թէկուզ եւ հաշուետուութեան իմաստով. ալօ, «Հայաստան» հիմնադրամ, ո՞ւր գնաց 130 միլիոնը…
Սփիւռքի տակաւին չգրուած, բայց կենդանի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի արժեւորել Դաշնակցութեան պատմութեան գոնէ եօթանասուն տարիները: Առանց անտեսելու իր ձախողութիւնները, անկասկած, բայց անպայման եւ մանաւանդ` ընկալելով իր յաջողութիւններուն կարողական ուժը: Այդ էր, որ ոչ ոք յիշեցուց Ալեն Սիմոնեանին, որովհետեւ անցնող երեսուն տարիներուն նման նախանձախնդրութիւն չէր եղած հայրենի քաղաքական վերնախաւին մօտ: Ոչ ալ, եւ այս է ցաւալին, սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւններուն:
Ալեն Սիմոնեանն ու զարեհսինանեանները (թող ոչ ոք ըսէ, որ սփիւռքէն է, կամ սփիւռքահայ եղած է…) կը պատկանին անկախ Հայաստանի այն սերունդին, որ թերեւս հասկնալիօրէն եւ արդարօրէն սփիւռքը ընկալեց որպէս կեանքի մէջ յաջողելու, աւելի լաւ ապրելու պատեհութիւն: Սփիւռք ալ չկար իրենց հաւաքական երեւակայութեան մէջ, նաեւ` որովհետեւ սփիւռքեան մտածողութիւն կառուցելու գործընթացը կասեցուած էր նոյնինքն սփիւռքի ղեկավարութեան անպատասխանատու վարքագծով: Ընդ որում` սփիւռքը դադրած էր ընդհանրական ամբողջ մը ընկալուելէ եւ վերածուած` իրենք իրենց մէջ ամփոփուած համայնքներու, որոնք անկախութենէն ետք հայկականութեան հետ իրենց կապը ընկալեցին ուղղահայացօրէն Հայաստանի հետ, եւ միշտ` որպէս հետեւորդ Երեւանի մէջ կազմուած օրակարգի մը:
Սփիւռքի` Հայաստանէն հոգեմտաւոր այս կախուածութեան վտանգները երբեք ատենին չընկալուեցան որպէս համահայկական մտածողութեան, կազմակերպուածութեան եւ զօրաշարժի կայացման խափանում: Փաստօրէն, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի նախօրեակին ձախողուեցաւ այնքան սպասուած համահայկական խորհուրդի մը կազմաւորումը, եւ այդ յստակ ցուցանիշ էր, թէ «համահայկականութիւնը» հայրենի քաղաքական ղեկավարութիւնը կ’ընկալէ օրուան իշխանութիւններու նեղ հաշիւներով: Երբեք որպէս պետական քաղաքականութիւն, երբեք որպէս պետական յանձնառութիւն:
Հայ դատի պայքարի ամենաթէժ տարիներուն, տակաւին չհամաշխարհայնացուած աշխարհի մէջ համասփիւռքեան զօրաշարժ կա՛ր: 1960-70-ական թուականներուն արդէն այն մտածուած էր, ծրագրուած, կազմակերպուած, ոչ տարերային: Եւ յաջողութիւններ արձանագրեց: Սփիւռքեան տարբեր համայնքներէ իրարու մօտ եկած իրաւագէտներ էին, որ Ժընեւի մէջ 1985-ին Ուիթեքերի տեղեկագրով տապալեցին թրքական ժխտողականութիւնը, Եւրոպական խորհրդարանի 1987-ի որոշումը իր արձագանգը ունեցաւ ամէնուրեք, եւ չկար սփիւռքեան եւ որեւէ համայնք, որ ձեռքերը ծալած մնաց, երբ անհրաժեշտ եղաւ երկրաշարժի աղէտին օգնութեան հասնիլ, ղարաբաղեան հիմնահարցը դնել միջազգային օրակարգին եւ իր ապրած երկրին մէջ, համայնքի անդամներու ֆինանսաւորումով, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն բանալ: Այդ բոլորը համասփիւռքեան զօրաշարժի առկայութեան կենդանի փաստն են, եւ այդ մէկը սփիւռքահայերս հաւատալով կ’որակէինք «համահայկական»:
1988-ի պատմական պահը, «Միացո՛ւմ»-ը, թերեւս արդարացուց համահայկականութեան մեր համոզումը: Յետոյ եկաւ անկախ պետականութիւնը, որ առաջին օրէն սփիւռքին յիշեցուց իր տեղը` ետեւի աթոռը, երբեմն կոշտ ու կոպիտ, երբեմն աւելի քաղաքավար, ուրիշ ատեններ` մեծ հանդիսութիւններով: Անխուսափելի էր այդ, եւ թերեւս` առողջ, եթէ սփիւռքի մէջ քանի մը պայծառատեսներու օրուան զգուշացումները նկատի առնուէին: Ցաւալին այն է, որ սփիւռքի աւանդական ղեկավարութիւնը ֆեթիշացուց անկախ պետականութիւնը: Հոն արդէն համահայկականութեան միրաժը սկսաւ տեղի տալ: Ո՛չ իսկ փրոթոգոլներուն «Ո՛չ»-ը համահայկական էր: Սփիւռքն էր, որ ոտքի ելաւ, Հայաստանի մէջ անոր ուշ արձագանգեցին: Քառասունչորսօրեայ պատերազմը խափանեց այդ միրաժը: Թաւիշներուն համապարփակ ապիկարութեան մէկ երեսն ալ սփիւռքի բացարձակ անտեսումն էր: Աւելի ճիշդը` սփիւռքի աթոմացումը` որպէս անհատներու գումար որմէ կրնային օգտուիլ, երբ երգիչ մը եւ դերասան մը իրենց ընկերային ցանցերով կը փառաբանէին «ժողովրդավար յեղափոխութիւնը», կամ քանի մը օրկանական մտաւորականներ կը փորձէին իրենց ապիկարութեանց շարքը անտեսել` ինչ-որ տեղ մը գրուած տեսութիւններ նշելով:
Դաշնակցութեան սփիւռքակերտման եօթանասունամեայ դերը կ’ընկալուի միայն համահայկական տեսլականի մը ծաւալով: Այդ մէկը կրնայ բարձրագոյն եւ իտէալ մակարդակի հասնիլ, եթէ պետական յանձնառութիւն ըլլայ, որուն համար անհրաժեշտ է նոյն այդ գիտակցութիւնը ունեցող քաղաքական վերնախաւ: Զարեհսինանեաններէն պիտի չսպասել համահայկական յանձնառութիւն, երբ նպարավաճառի մտայնութեամբ կ’ուզէ հաշուել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէքը»: Ո՛չ ալ` ալենսիմոնեաններէն, որոնց քաղաքական Սի.Վի.-ին վրայ հայրենադարձ սփիւռքահայու երեսին թքելը արձանագրուած է եւ արդարացուած` քուէի հաշուարկով: Կամ թէկուզ եւ` իր կրթութեան մակարդակով: Բայց շնականութեան ամենաարհեստավարժ մակարդակով Դաշնակցութեան ուղղած Սիմոնեանի մարտահրաւէրները պիտի ընկալել քաղաքական սառնասրտութեամբ. քուէով թէ ժողովրդային զօրաշարժով, իշխանափոխութեան համար անհրաժեշտ է այս իշխանութիւններուն դէմ ցարդ անյաջող երեք նախաձեռնութիւններուն` հայրենիքի փրկութեան շարժում, յունիս 2021-ի ընտրութիւններ, Դիմադրութիւն, մասնակցածներու տոկոսի պատկառելի յաւելում: Անոր համար յայտարարութիւնները չեն բաւեր, ոչ ալ, դժբախտաբար, այն համոզումը, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու այս իշխանութիւններու քայլը անպայմանօրէն համահայկական զօրաշարժ պիտի յառաջացնէ:
Աւելի՛ն. համահայկականութեան մասին Հայաստանէն ընդհանրապէս պէտք չէ խօսիլ, որովհետեւ տակաւին չկայ այն հայեցակարգուած միջոցը, ուր քիչ թէ շատ համակարգուած խաղի կանոններով, փոխադարձ վստահութեան ամրակայումով, շահերու եւ սահմանափակումներու ընդունմամբ, դերերու եւ պատասխանատուութիւններու ճշդումով… մէկ խօսքով` իր տեսակին մէջ թերեւս նոր ու բնորդային անդրպետական ժողովրդավարական գործարքի կարելի է վերածել այն, ինչ որ այսօր եռամիասնութիւն, քառամիասնութիւն կամ այլ ձեւի միասնութեան հանրային կոչեր են միայն: Եթէ համահայկականութիւնը օր մը կենդանի իրականութեան պիտի վերածուի որեւէ հիմնարկակարգով (institutional order), այդ մէկը պիտի ըլլայ միայն այն ատեն, երբ սփիւռքը վերակայացուի, երբ համասփիւռքեան մտածողութիւնը, կազմակերպուածութիւնը եւ զօրաշարժը վերածուին ինքնուրոյն օրակարգի: Այն ժամանակ թերեւս սիմոնեանները երկու անգամ մտածեն ոչ թէ միայն Դաշնակցութիւնը, այլ ընդհանրապէս սփիւռք կերտած որեւէ կազմակերպութիւն նսեմացնելէ, անարգելէ առաջ: Եւ սփիւռքէն յօդուածներով իրեն պատասխանելու ժամանակ չվատնուի: Այս յօդուածը, ամէն պարագայի, Սիմոնեանին ուղղուած չէ, ոչ ալ` Հայաստանի մէջ իր նմաններուն եւ անոնց ընդդիմադիրներուն. սփիւռքին ուղղուած է: