Պաշշար Ժաաֆարի
04 փետրուար 2016
Ժընեւի բանակցութիւններուն մէջ Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պաշշար Ժաաֆարի Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները սուրիական հարց են. ո՛չ Ռիատը, ո՛չ ալ ուրիշը անոնց ընթացքին բան կ՛որոշէ»:
«Միւս խմբակին կողմէ գոյութիւն ունին լրջութեան պակաս, բանակցութիւններէն հեռանալու յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ սէուտցիներուն կողմէ անպատասխանատու յայտարարութիւններ», ըսաւ ան` նշելով. «Տակաւին անուղղակի բանակցութիւններու հանգրուանին մէջ ենք եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ քննարկեցինք այդ բանակցութիւններուն նախապատրաստութեան հանգրուանը, որպէսզի գիտնանք, թէ որո՛ւ հետ երկխօսութիւն պիտի կատարենք, եւ իրմէ խնդրեցինք ծանօթանալ բանակցութիւններու օրակարգին»:
Ան նշեց, որ իրենք արծարծած են Ժէյշ Իսլամի եւ Ահրար Շամի Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութեան հարցը, եւ տը Միսթուրա խոստացած է այդ հարցին պատասխանել:
Նշենք, որ ՄԱԿ-էն աղբիւրներ սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ տը Միսթուրա խոստացած է ընդդիմադիր պատուիրակութիւններու անդամներու անուանացանկը այսօր փոխանցել սուրիոյ իշխանութեան պատուիրակութեան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com