Շաբաթ, 24 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Սարգիս Զէյթլեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Սեդօ Քիւսպէկեանի Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը։
30 ՅՈՒՆԻՍ 2023 – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
Այս գիրքով Սեդօ Քիւսպէկեան վկայութեան արձանագրութեան կերպով կը ներկայացնէ իր մեծ մօր՝ Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի կեանքին բարդ ճանապարհը, պատմական Մուսա լեռէն մինչեւ Այնճար։
Գիրքին խմբագիրն է Վարդան Թաշճեան։
Օրինակելի աշխատանք մը, որ կը ցոլացնէ թոռնիկին սերտ կապը իր մեծ մօր հետ եւ հոգածութիւնը անոր հանդէպ։ Սեդօ Քիւսպէկեան իր այս նախաձեռնութեամբ շինիչ եւ վարակելի գործ մը կը շնորհէ Մուսա տաղի նոր սերունդներուն։
Շնորհահանդէս-գինեձօնը կազմակերպած էր Այնճարի Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի վարչութիւնը։
Բացման խօսքով` օրդ. Սեւան Աբելեան ներկայացուց հեղինակը, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր գիրքին հերոսուհին՝ հանգուցեալ Տիկ. Սիմա Քիւսպէկեան կը պատմէր իր կեանքէն պատառիկներ։ Այնուհետեւ, Դուին Հերկելեան ընթերցեց գիրքէն հատուած մը։ Գիրքը ներկայացուց ընկ. Եսայի Հաւաթեան, որմէ ետք տիկ. Վիքթօրիա Գէորգեան Մուսա լերան բարբառով երգեց մօր նուիրուած երգ մը։ Հեղինակը՝ Սեդօ Քիւսպէկեան իր սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան գիրքի յաջողութեան։
Յայտագիրը թագադրուեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութեամբ։