ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԵՆԳԱՓՈԽՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կովկասյան-լեռնաշղթան Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մաղավուզ գյուղից

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԵՆԳԱՓՈԽՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

17 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ա.Ա.

Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումը, որ կայացաւ 22 փետրուարին, ժամանակաւոր միջոց մըն է Ատրպէյճանի դէմ,որմէ կը պահանջուի դիմել բոլոր միջոցներուն,երաշխաւորելու համար Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ անխափան տեղաշարժը։Նոյն օրուան նիստին Արդարադատութեան դատարանը նաեւ մերժած էր Ատրպէյճանի դիմումը՝ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ։Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պահանջէին, որ միջանկեալ միջոցի կիրառմամբ, Հայաստանը պարտաւորեցնել՝ «վերջ տալ ականապատումներուն եւ Լաչինի միջանցքով ականներու փոխադրութեան»։

Միջազգային ատեանին որոշումին հրապարակումէն ետք մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բառացիօրէն կը շահարկեն Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան դատարանին որոշումը եւ կը մերժեն գործադրել զայն, նոյնիսկ որոշումը ի նպաստ Ատրպէյճանի համարելու սին փորձեր եւ քաղաքական շահարկումներ ալ կատարելով։

Մ.Ա.Կ.-ի դատարանին որոշումին կայացումէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ անոր ամբողջական անտեսման լոյսին տակ, որոշումի մայրաքաղաքներ, միջազգային կազմակերպութիւններ, պետական տարբեր կառոյցներ կոչեր արձակեցին՝ Ատրպէյճանը հրաւիրելով,որ առանց ձգձգումի որոշումը գործադրէ եւ վերաբանայ Բերձորի միջանցքը։Բնականաբար կոչերը կը մնային խօսքի եւ բարի կամեցողութեան սահմաններուն մէջ եւ միջազգային ոչ մէկ կողմ, նոյնիսկ Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան ատեանը այլ միջոցներու չձեռնարկեցին,որպէսզի Ատրպէյճանի պարտադրեն՝ վերաբանալու միջանցքը, որուն վրայ ատրպէյճանցիք նաեւ կը հաստատէին անցակէտ մը, ամբողջութեամբ ոտնակոխելով ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը։

Կոչերը անտեսելու Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը նորութիւն մը չէ, որուն մասին անդրադառնալով, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հարցազրոյցի մը ընթացքին բաւական յստակօրէն մատնանշեց, որ Պաքուի նպատակը իրեն հասցէագրուած կոչերու անսալը չէ, այլ քառասուն չորս օրեայ պատերազմին արդիւնքներուն ամրագրումը՝ «իրաւական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ անոր ընդունումը միջազգային ընտանիքին կողմէ»։Ան նաեւ խօսեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի այն կոչին մասին, որուն մէջ Ռուսիոյ իշխանութիւնները Պաքուի խորհուրդ կու տային վերաբանալ Լաչինի միջանցքը եւ ապահովել քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը։«Վերջին երկուքուկէս տարիներուն, ինչպէս նաեւ երեսուն տարիներու գրաւման ընթացքին, մենք նման հազարաւոր կոչեր լսեցինք։Անշուշտ անհրաժեշտ է զանոնք լսելը եւ վերլուծելը։Մենք սակայն մեր քաղաքականութիւնը կը գործադրենք՝ առաջնորդուելով մեր ազգային շահերէն», շեշտեց Պայրամով։

Քաղաքական կոչերը, անոնք կատարուին միջազգային գերակշռութիւն եւ հեղինակութիւն ունեցող մայրաքաղաքներու թէ նահանգային խորհուրդի մը կողմէ, ոչ մէկ իմաստ եւ նշանակութիւն ունին Ատրպէյճանի համար, որ այս օրերուն նաեւ քաղաքական շահարկման նիւթի վերածած է եւ կ՛աշխատի նենգափոխել Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան ատեանին երկրորդ որոշումին հիմամբ կատարուած յայտարարութիւնը, թէ միջազգային ատեանը այս հանգամանքներուն մէջ կարիքը չի տեսներ փոփոխութեան ենթարկելու իր առաջին որոշումը՝ Ատրպէյճանի դէմ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու վերաբերեալ։Այլ խօսքով միջանկեալ միջոց պիտի չկիրառկուի եւ ժամանակաւոր միջոցի որոշումը ի զօրու պիտի մնայ։Ատրպէյճանցիք կը ջանան այս որոշումը մեկնաբանել այնպէս մը, թէ Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը «վերահաստատած է իր սահմանները վերահսկելու Ատրպէյճանի իրաւունքը»։Աւելի՛ն։Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ողջունեց Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան ատեանին երկրորդ որոշումին առիթով հրապարակուած յայտարարութիւնը։

Ատեանը տակաւին իր հրապարակած երկրորդ որոշումին ամբողջական բնագիրը չէ փոխանցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի։Նման փոխանցումէ ետք է, որ հայկական կողմը, ի դէմս Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի, քայլերու պիտի դիմէ, որպէսզի ատեանին երկրորդ որոշումին նենգափոխումը եւ այլափոխումը չկատարուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ,որոնք անտեսելով միջազգային օրինական մարմինը կը շարունակեն ստել, թէ Բերձորի միջանցքը բաց է։

hairenikweekly.com/ատրպէյճան-կը-շարունակէ-իր-նենգափոխմա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail