Մարուշ Երամեան
Հիմա, որ ամէնօրեայ դրութեամբ դպրոցն եմ (կարեւոր չէ բնաւ թէ ո՛ր դպրոցն է, որովհետեւ Սփիւռքի մեր բոլոր դպրոցներն ալ վեր ի վարոյ նոյն ցաւերէն կը տառապին), կը տեսնեմ թէ մեզի ալ հասեր է «հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու» երեւոյթը. կրնայի ասիկա որպէս «ախտ» որակել, բայց ծնողքի հոգեբանութեամբ տակաւին կը յամառիմ երեւոյթը դիտել ոչ թէ որպէս ախտ, այլ պարզապէս … երեւոյթ: Շրջան մը կար, որ ԱՄՆի գաղութին նոր սերունդը – եւ անկէ առաջ Եւրոպայի նոր սերունդը, վկայ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ Հաւասարում» էսսէին մէջ ներկայացուած ֆրանսահայը – էական չէր համարեր լեզուին՝ հայերէնին իմացումը եւ կ’ըսէր՝ «ո՞վ ըսաւ որ հայերէն խօսողը ինձմէ աւելի լաւ հայ է»: Այսօրուա՛ն նոր սերունդը ինչ կ’ըսէ, չեմ գիտեր: Բայց լեզուն պարզապէս լեզու չէ. մայրենի է – կամ էր – որ իր մէջ կը կրէ ամբողջ համակարգ մը բարք-կենսահայեացք-հաւատալիքներու, եւ որպէս լեզուամտածողութիւն կ’արտայայտուի:
Այսօր ատիկա՝ լեզուամտածողութիւնը անհետացած է: Ի՞նչ եկած է լեցնել անոր ձգած պարապը: Ոչինչ, կամ տեղական (ապրուած քաղաքին յատուկ) որոշ բաներ, որոնք դժբախտաբար չեն կրնար լեզուամտածողութիւն ստեղծել, որովհետեւ լրիւ, ամբողջութեամբ չեն ընկալուիր. տեղ մը «օտար»ութիւնը կը միջամտէ, թերեւս նաեւ կը խանգարէ: Հոսկէ կու գայ դժուարութիւնը լեզուն ընկալելու: Տակաւին կայ այն տեսութիւնը, որ կ’ըսէ՝ «անհատ մը շատ լաւ իմանալու է իր մայրենին, որպէսզի կարենայ անոր վրայ հիմնել այլ լեզուներու իմացումը»:
Այսօրուան սերունդին պարագային ո՞րն է մայրենին, որուն վրայ պէտք է հիմնել օրինակ հայերէնը, որպէս երկրորդ լեզու: Եթէ «մայրենի»ն ֆրանսահայոց համար ֆրանսերէնն է, իսկ ԱՄՆի մեր գաղութին համար՝ անգլերէնը, Միջին Արեւելքի գաղութներուն պարագային ո՞րն է մայրենին՝ արաբերէ՞նը, որ շատ աւելի կաղ է քան հայերէնը, թէ՞ անգլերէնը, որ խորքին մէջ որպէս ազգային ծիներու կրող, այնքան հեռու է մեր, հայկական ծիներու դրուածքէն, որ այնտեղ եւս աշակերտը դժուարութիւններու կը հանդիպի:
Ի՞նչ կը մնայ ընել: Հայերէնը դասաւանդել որպէս երկրորդ լեզու: Այո, բայց ո՞ւր կը մնան լեզուամտածողութիւնը եւ անոր կրած հայկական մնացեալ յատկանիշերը: Վերջին երկու տարիներուն լեզուին նուիրուած համագումարներն ու հոն բարձրացուած հարցերը կը հաստատեն տագնապը, որ սկսեր է որպէս համաճարակ վարակել Սփիւռքի բոլոր մտահոգ տարրերը: Լուծումներ եւ անոնց տարբերակները կ’առաջարկուին, սակայն իւրաքանչիւր առաջարկ ունի ի՛ր խոչընդոտը, կիրարկումի ի՛ր դժուարութիւնները: Տակաւին կայ ու կը մնայ քերականութեան եւ ուղղագրութեան կանոններու միաձեւութեան հարցը:
Երբեք չեմ ուզած, որպէս մտաւորական, բարձրաձայն, մանաւանդ հանրութեան առջեւ արտայայտել ազգային մտահոգութիւններս, անոնց մասին միայն նեղ շրջանակի մը մէջ խօսելով, լուծումներ փնտռելու մտահոգութեամբ: Այսօր սակայն կը ստիպուիմ բարձրաձայն խօսիլ ահազանգի տարողութիւն ստացած կացութեան մը մասին, որ զիս խուճապի կը տանի: Ի՞նչ ընել: Եթէ մէկ ու միակ մխիթարութիւն կայ, այն ալ այս հարցին մէջ մեր առանձին չըլլալն է. լեզուի հարցը բոլոր ժողովուրդներուն եւ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ նոյնն է՝ սերունդը, թէքնոլոճիով տարուած, արդէն շատ տգէտ է լեզուի առնչութեամբ (չըսելու համար՝ ընդհանրապէս): Սակայն այլ ժողովուրդներ ունին ուրիշ կռուան մը՝ հողը: Սփիւռքի տարածքին մենք ատիկա չունինք ի սկզբանէ: «Լեզուս իմ հայրենիքս է» կ’ըսէինք: Հիմա չէ՛, դժբախտաբար: Չէ մանաւանդ նոր սերունդին համար:
Ո՞րն է մեր նոր սերունդին հայրենիքը ուրեմն: Հայաստա՞ն: Միայն զբօսաշրջիկութեան հայրենիք, ոչ ապրելու: Իրենց ապրած երկիրնե՞րը: Ապրելու համար որպէս մարդ միայն, եւ ոչ որպէս հայ: Հող չունենալու կողքին նաեւ լեզու չունենալ: Բայց ինչո՞վ որոշել պատկանելիութիւնը ուրեմն: Արեւելեան գաղութները ամենէն ուշը սկսան զգալ այս երեւոյթին ազդեցութիւնը, պարզապէս որովհետեւ կէթոյացած կ’ապրէին: -Աւելի լաւ չէ՞ մնալ կէթոյին մէջ, բայց հա՛յ մնալ, քան ելլել կէթոյէն եւ ձուլուիլ: Ուրեմն հասե՞ր ենք այն հանգրուանին, երբ ստիպուած պիտի ըլլանք ընտրել «չարեաց փոքրագոյնը»:
Ո՞ւր է ելքը:
http://horizonweekly.ca