Գուրգէն Ներսիսեան. «Յանուն Ինչի՞ Կը Կատարուին Այդ Զիջումները, Մեզի Այս Գինով Խաղաղութիւն Պէտք Չէ»

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Գուրգէն Ներսիսեան. «Յանուն Ինչի՞ Կը Կատարուին Այդ Զիջումները, Մեզի Այս Գինով Խաղաղութիւն Պէտք Չէ»

18 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի մայրաքաղաքի Ստեփանակերտի մէջ երկրորդ օրը շարունակուող համաժողովրդական հանրահաւաքին մէջ շաբաթ օր ելոյթ ունենալով` Արցախի պետական նախարարը արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան:

«Ամէնէն տարբեր հարթակներուն մէջ պարբերաբար կը հնչեն յայտարարութիւններ, կը տրուին մեկնաբանութիւններ, որոնց համաձայն մենք ունինք բազմաթիւ կամ ամէնէն տարբեր բացթողումներ` բանակցային այս կամ այն գործընթացներուն մէջ, որոնց մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը», յայտարարած է Գուրգէն Ներսիսեան եւ ընդգծած, որ Արցախի ժողովուրդին անունով կատարուող որեւէ զիջողական յայտարարութիւն, որեւէ որոշում առ ոչինչ է. «Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չէ, Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունքը վաստկած է եւ զայն իրագործած է, Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրի տէրը Արցախի ժողովուրդն է: Արցախի ժողովուրդին անունով կատարուող որեւէ զիջողական յայտարարութիւն, որեւէ զիջողական որոշում առ ոչինչ է»: «Եւ թող ոեւէ մէկը իրեն թոյլ չտայ սակարկելու, զիջելու առարկայ դիտարկել մեր ժողովուրդի ինքնորոշման, նաեւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքն ու ազատութիւնը», յայտարարած է Ներսիսեան:

Միաժամանակ, ան յիշեցուցած է յետպատերազմեան շրջանին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ` նշաձող իջեցնելու, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին» յայտարարութիւնները եւ աւելցնելով` այդ ամէնէն ետք Արցախի մէջ այդպէս ալ խաղաղութիւն, բարի դրացիական յարաբերութիւն, բարի վերաբերմունք, խաղաղասէր վերաբերմունք որեւէ տեղէ չտեսան:

«Յանուն ինչի՞ կը կատարուին այդ զիջումները, եթէ ատոր հետեւանքով Արցախի ժողովուրդը ոչ միայն ամէն օր կը տուժէ, այլեւ այդ ամէնէն ետք կը խորանայ Արցախի ժողովուրդի վիճակը, կը ծանրանայ Արցախի ժողովուրդի ուսերուն դրուած բեռը», – հարցուցած է Արցախի գործադիրի ղեկավարը եւ պնդած, թէ իրենք այդ գինով խաղաղութիւն չեն ուզեր:

«Եթէ մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք այս գինով, ուրեմն խաղաղութիւն պէտք չէ, մեզ խաղաղութիւն պետք է արժանապատիւ տեսքով, մեր ժողովուրդին խաղաղութիւն պէտք է սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը յարգելու գինով», ընդգծած է Գուրգէն Ներսիսեան:

aztagdaily.com/archives/587084

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail