Արցախը Միշտ Եղած է Մերը, Արցախցիները Եկուորներ Չեն, Ծնունդն են Այդ Հողի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Արցախը Միշտ Եղած է Մերը, Արցախցիները Եկուորներ Չեն, Ծնունդն են Այդ Հողի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

27 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Արցախի եւ Երեւանի մէջ իրականացուող միաժամանակեայ հանրահաւաքին ժամանակ տեսաուղերձ յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը։

«Մենք, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւն, մեր միաբանութեամբ, թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով ձեր հետ ենք, Արցախ, ձեր հետ է ամբողջ Սփիւռքը։ Քաջ գիտենք, որ Արցախը կ՝ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենաճակատագրական պահը։

Այս կացութեան դիմաց մենք բոլորս պէտք է մեր հաւատքը եւ կամքը աւելի ամրապնդենք, եւ Արցախի ապագային հանդէպ մեր տեսլականը պահենք պայծառ։

Անցեալին Արցախը մերն էր, այսօր մերն է, եւ միշտ պէտք է մնայ Արցախի ժողովրդինը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը պատմութեան ողջ ընթացքին եղած է Արցախի մէջ եւ իր քրտինքը միախառնած է Արցախի հողին։

Արցախի հողին մէջ մեր ժողովուրդին արժէքներն են, սրբութիւններն ու աւանդութիւնները։ Նայեցէք պատմութեան՝ Արցախը միշտ եղած է ինքնավար, արցախցիները եկուոր չեն, ծնունդն են Արցախի»,- ըսած է Արամ Ա․ կաթողիկոսը։

yerakouyn.com/2023/07/25/արցախը-միշտ-եղած-է-մերը-արցախցիները-եկ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail