Արցախի Վերաբերեալ 50 Գիտնականներու եւ Հետազօտողներու Յայտարարութիւնը
01 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Շուրջ 50 գիտնականներ եւ հետազօտողներ յայտարարութիւն տարածած են Արցախի վերաբերեալ․
Արցախի մասին գիտնականների և հետազոտողների համատեղ հայտարարություն
«Մենք` ներքոստորագրեալներս, մեր անհանգստութիւնը կը յայտնենք Արցախի մէջ ստեղծուած օրհասական վիճակին վերաբերեալ՝ դիմելով ՀՀ կառավարութեան։
ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան 7 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի աւելի քան 120,000 քաղաքացի սովամահ կ՝ըլլայ։ Ստեղծուած իրավիճակը, ազրպէյճանի յայտարարութիւնները, օգտագործուող գործիքակազմը եւ քայլերը ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանի անմարդկային, ահաբեկիչներուն յատուկ քաղաքականութեան վերջնանպատակը արցախահայութեան ցեղական զտման հասնիլն է, անոնց հազարամեակներու ընթացքին անփոփոխ բնօրրանէն զրկելը։
Ակնյայտ է, որ խախտուած են մարդու տարրական իրաւունքները, ներառեալ՝ ազատ տեղաշարժը, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը, կրթութեան հասանելիութիւնը եւ այլն: Նաեւ ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակը չկանխելու պարագային, ականատես պիտի ըլլանք եւս մէկ ցեղասպանութեան՝ հաշուի առնելով ազրպէյճանի ահաբեկող յայտարարութիւններն ու ֆիզիքական բռնութիւններուն անհերքելի փաստերը։
Համաձայն 1948 թուականին ընդունուած ՄԱԿ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ անոր պատիժին մասին համաձայնագրի 2–րդ յօդուածին՝ ցեղասպանութիւն կը համարուին այն գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին որեւէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբի լիակատար կամ մասնակի ոչնչացման մտադրութեամբ։ Այնուհետեւ յաջորդ հինգ կէտերուն մէջ կը թուարկուին այդ գործողութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը համարուի ցեղասպանութեան ակտ։ Մասնաւորապէս, հետեւեալ ցեղասպանական գործողութիւնները առկայ են այսօր Արցախի մէջ. (գ) խումբի համար այնպիսի կենսապայմաններու ստեղծումը, որոնց նպատակն է այդ խումբի լիակատար կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացումը, (դ) խումբին մէջ ծննդաբերութեան կանխման քայլերը։
Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ) 2023 թուականի Փետրուարի միջանկեալ որոշումը (վերահաստատուած 2023 թուականի Յուլուսին) կը հաստատէ Բերձորի միջանցքը մարդոց, ապրանքներու եւ փոխադրամիջոցներու ազատ անցման համար բաց պահելու կարեւորութիւնը։
Սովը, հոգեւոր ու ֆիզիքական ահաբեկումը իբրեւ բանակցային մարտավարութիւն օգտագործելը պէտք չէ հանդուրժել։ Եթէ ամբողջական շրջափակման ներկայ իրավիճակը պահպանուի, Ակնայի (Աղդամի) միջոցով սննդամթերք եւ պաշարներ առաջարկելու ակտը կարելի է բնութագրել իբրեւ ահաբեկչութեան եւ պատանդառութեան սպառնալիքի տակ պարտադրանք։ Ուստի, Բերձորի միջանցքը այլընտրանք չունի։
Հաշուի առնելով վերոշարադրեալը՝ մենք, առաջին հերթին որպէս ՀՀ քաղաքացիներ, կը պահանջենք ՀՀ իշխանութիւններէն՝ ի դէմս վարչապետ նիկոլ փաշինեանի.
յանձն առնել իր վրայ դրուած հիմնական պարտաւորութիւնը՝ ցոյց տալ եւ ուղղորդել ՀՀ քաղաքացիները եւ Սփիւռքի հայութիւնը ինչպէս իրենց ամէնօրեայ քայլերով նպաստեն ներկայ օրհասական վիճակէն դուրս գալուն։
անյապաղ մշակել եւ ներկայացնել թիրախային գործողութիւններու ծրագիր՝ ներգրաւելով հասարակութեան բոլոր հիմնական շերտերը՝ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակներու իրականացման ճանապարհային քարտէզով։
դիմել բոլոր միջազգային կառոյցներուն, ներգրաւել մասնագէտներու եւ այլ կարող ուժերու, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն՝ Արցախ տանող Բերձորի միակ ճանապարհը անյապաղ ապաշրջափակելու համար՝ համաձայն ԱՄԴ վճիռին։
միաւորել ջանքերը՝ նպաստելով ազրպէյճանի կողմէ բոլոր ռազմագերիներու եւ այլ կալանաւորուած անձերու անյապաղ եւ անվերապահ ազատման:
Կոչ կ՝ընենք բոլոր գիտնականներուն ու հետազօտողներուն միանալու այս յայտարարութեան։
Յայտարարութեան կը միանան՝
Հռիփսիմէ Մկրտչեան (ֆ․մ․գ․թ.)
Հայկ Զաքարեան (ֆ․մ․գ․թ.)
Գէորգ Տեփանոսեան (կ.գ.թ.)
Նարինէ Հայրապետեան (ասպիրանտ)
Մարիամ Մովսիսեան (գիտաշխատող-ասպիրանտ)
Յասմիկ Խաչատրեան (ք.գ.թ., դոցենտ)
Դաւիթ Պիպոյեան (սննդագիտ. դոկտոր(շն․ Իտալիա))
Մարիամ Գէորգեան (հետազօտող, աւագ լաբորանտ)
Նոնա Մովսիսեան (գիտաշխատող)
Սուսաննա Գագինեան ( գիտաշխատող)
Գէորգ Նազարեան (գիտաշխատող)
Գայիանէ Կարապետեան (ասպիրանտ)
Յասմիկ Անդրէասեան (ֆ.մ.գ.թ)
Արմէն Դանիէլեան (հետազօտող)
Արփինէ Յարութիւնեան (ք.գ.թ.)
Էլիա Սաֆարեան (հետազօտող)
Միշա Աղամալեան (ֆ.մ.գ.թ.)
Գէորգ Շահխաթունի (գիտաշխատող)
Սուրէն Մանուկեան (պ․գ․թ․, ցեղասպանագէտ)
Անի Գրիգորեան (հետազօտող)
Արմինէ Պետրոսեան (հետազօտող)
Սոֆիա Գեղամեան (բ․գ․դ․)
Վաչիկ Խաչատրեան(ֆ․մ․գ․թ)
Արեգ Աշոտի Հունանեան (ֆ․մ․գ․թ)
Քրիստինէ Մարգարեան (բ․գ․թ․, աւագ գիտաշխատող)
Մարգարիտա Յովհաննիսեան (կ.գ.թ.)
Կարէն Քեռեան (ֆ.մ.գ.դ)
Ռոպերթ Յակոբեան (ք.գ.թ.)
Արմէն Սարգսեան (կ.գ.թ.)
Օլիմբիա Գեղամեան (ի.գ.թ.)
Զաքարեան Մարիեթա (ք.գ.թ.)
Մուշեղ Ռաֆայէլեան (ֆ․մ․գ․թ)
Մաքսիմ Սարգսեան (հետազօտող)
Սուսաննա Գէորգեան (ասպիրանտ)
Աշոտ Աբրահամեան (տ․գ․թ․)
Ռոքսանա Զախարեան (ֆ․մ․գ․թ․)
Գայիանէ Ստեփանեան (հետազօտող)
Տիգրանուհի Կարապետեան (հետազօտող)
Սիրաս Յակոբեան (հետազօտող)
Տիգրանուհի Նիկողոսեան (հետազօտող)
Անի Յակոբեան (Արուեստագիտութեան թեկնածու, գիտաշխատող)
Արսէն Առաքելեան (կ․գ․դ․թ)
Արփինէ Փիլոյեան (ֆ․մ․գ․թ.)
Միքայէլ Մալխասեան (պ.գ.թ., դոց.)
Արամ Բուտաւեան (հետազօտող)
Նիկոլայ Աւթանդիլեան (կ․գ․թ)
Արամ Միքայէլեան (ք.գ.թ., դոց.)
Անի Հասրաթեան (ք.գ.թ., դոց.)
Աստղիկ Շահխաթունի (ք.գ.թ.)
yerakouyn.com/2023/07/31/արցախի-վերաբերեալ-50-գիտնականներու-եւ-հ/