Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մինչ Այդ – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
– Կարդալ նաեւ՝ :
Մինչ մենք խօսքերով զիրար հարուածելով, դատապարտելով եւ երբեմն նուաստացնելով զբաղած ենք` ազգային այս կամ այն հարցով, մոռնալով, այնուամենայնիւ, զանազանել հիմնական հարցը կարեւորէն, մինչ Երեւանի զբօսաշրջիկներու թիւի պատահական աճը շատ մը հայորդիներու կը թուի ըլլալ հայրենիքի առաւել հզօրացում, միւս կողմէ` այդ նո՛յն պահուն պաշարուած Արցախի մեր 120 հազար հայրենակիցներու ճակատագիրը մտահոգիչ կերպով կը վատթարանայ, ինչ որ ուղղակի հետեւանք է հայրենիքի ներկայ ղեկավարութեան մշակած ձախող քաղաքականութեան:
Չփորձենք ակնարկել, որ եղածին պատճառը միայն ու միայն թշնամիին զինուորական հզօրութիւնն է. այո՛, կ՛ընդունիմ, որ թշնամին հզօր է, բայց կ՛ընդունիմ նաեւ, որ մենք շատ տկար ենք: Ժողովուրդին դիմադրողական կորովին մասին չէ խօսքը, այլ` ղեկավարութեան մշակած բութ քաղաքականութեան, որով կարծէք թէ ամէն գնով կը փորձեն բանակցութիւններուն մէջ տեղի տալ եւ ձախողիլ: Երեւոյթները յստակ այդպէս ցոյց կու տան: Եթէ իրականութիւնը ուրիշ է, մեծ հաճոյքով կ՛ուզենք իրազեկ դառնալ եւ փոխել մեր կեցուածքը: Մինչ այդ Արցախի բնակչութիւնը սովամահ կը դառնայ…
Յաղթանակ չէ պաշարուած Արցախին ուտեստեղէնով բեռնաւորուած քանի մը տասնեակ բեռնատար ղրկելը` իբրեւ օգնութիւն, երբե՛ք: Յաղթանակ է սակայն, երբ հայրենիքի վսեմ բանակը իր զէնքերով պաշտպանէ իր սահմանները եւ վերաբանայ Բերձորի անցքը: Յաղթանակ է, երբ սահմանապահ հայ զինուորը իրաւունք կը ստանայ կեդրոնական հրամանատարութենէն` հակադարձելու թշնամիի հարուածներուն, գէ՛թ` պաշտպանելու իր դիրքերը: Նաեւ յաղթանակ է բանակցութեան սեղանի շուրջ պաշտպանել ազգային գերագոյն շահերը եւ հայրենիքի սուրբ պատմական հողերը. ասոնք կը կոչենք` յաղթանա՛կ: Ամօ՛թ` այս ներկայ քաղաքական խեղկատակութեան. արդեօք իսկապէ՞ս չեն տեսներ գործած աւերնին. արդեօք չե՞ն տեսներ, որ այս անողոք զիջումը ետդարձ չունի:
Զարմանալիօրէն հայրենիքի այս վիճակը կը նմանի հրդեհի մատնուած տան մը, որ ամէն կողմէ կը բռնկի, եւ տակաւին տան մեծը յամառօրէն ի զուր կը փորձէ համոզել բոլորը, որ եղածը հրդեհ չէ:
Այս տխուր երեւոյթին առջեւ մեր ազգային դաստիարակութիւնը մեզ թոյլ չի տար, որ ձեռնպահ նստինք` ականատես վկաներ դառնալով Արցախի մեր ժողովուրդի ողջակիզմանը: Անկարելի՛ է: Պէտք է արթննանք այս թմբիրէն եւ տեսնենք գորշ իրականութիւնը: Մէկ կողմ դնենք մեր ներքին տարակարծութիւնները եւ բարձրաձայն գոռանք` Ո՛Չ: Ո՛չ քաղաքական այս ձախող որոշումներուն. ո՛չ Արցախի պաշարման, ո՛չ հայրենիքի հողերու վաճառման:
Ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է 21-րդ դարու ա՛յս ներկայ ժամանակներուն, երբ սփիւռքը կազմակերպուած եւ կարող վիճակի մէջ է, թոյլ տրուի, որ Արցախի մեր եղբայրները սովի մատնուին: Բայց հարցը ա՛յդ չէ, սփիւռքը իր ամբողջ կշիռը դրած է` երբեք ճիգ չխնայելով այս հարցին նկատմամբ, առեղծուածը շա՛տ յստակ է, անիկա կը գտնուի ներկայ ապիկար, անփորձ ու տկար կառավարական ղեկավար կազմին մէջ, եւ վե՛րջ:
Երբ կը թղթատենք ազգերու պատմութեան էջերը, բազմաթիւ անգամներ դէմ յանդիման կը գտնուինք անհատներու, ղեկավարներու, որոնք իրենց ողջմտութեամբ, խիզախութեամբ, խելացութեամբ եւ անհատականութեամբ ամբողջ ազգ մը կը փրկեն եւ կը վերածեն զայն հզօր ազգի: Նաեւ շատ են այն ղեկավարները, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը թալանեն, կը քանդեն եւ «կը վերջացնեն» հայրենիքը: Յստակ է, որ այսօր մեր հայրենիքի ճակատագիրը վերոյիշեալ երկրորդ տեսակի անհատներու ձեռքերուն մէջն է: Ի զուր:
Ո՞ւր են արդեօք այդ արդար հերոսատիպ, առաքինի, փրկարար ղեկավարները: Մենք նախապայմաններ չունինք ոեւէ անձի նկատմամբ, այդքան ատեն որ անոնք հայրենիքը եւ իր ժողովուրդը պիտի դասեն ամէն բանէ վեր: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր ներկայ նշանաբանը` «Հայրենիքի շահը ամէն բանէ վեր»:
Անկարելի է երթը շարունակել ներկայ անվստահելի կազմին հետ, որովհետեւ ան, որ Արցախը եւ իր ժողովուրդը կը յանձնէ այսօր, վստահաբար կրնայ վաղը Սիւնիքը եւ ապա օր մը Երեւանը յանձնել: Կ՛ուզեմ յիշել Խրիմեան Հայրիկէն շատ պատշաճ խօսք մը, որ կ՛ըսէ. «Երբ հողն կորսնցնէք, ձեր կեանքն ալ հողին հետ կը կորսուի»:
Յարգելի՛ ընթերցող, եթէ տակաւին մեր մէջ ազգային ջիղ կայ, եւ եթէ տակաւին հաւատարմօրէն կը յարգենք կտակը մեր ամբողջ անցեալի ու ներկայի նահատակներուն, հաւաքենք մեր ուժերը եւ հակադարձենք այս սխալ, մահացու եւ վատթար քաղաքականութեան:
aztagdaily.com/archives/588852