Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքի Հետապնդումի «Հարցը» Իր Ոտքերուն Վրայ Կանգնեցնել Եւ Չապաւինիլ Թուղթէ Անթացուպերու – Յակոբ Պալեան

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքի Հետապնդումի «Հարցը» Իր Ոտքերուն Վրայ Կանգնեցնել Եւ Չապաւինիլ Թուղթէ Անթացուպերու – Յակոբ Պալեան

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Արդէն աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, ըստ պահու եւ ըստ միջազգային կացութեան, պատշաճեցումներով առաջնորդուած ենք` ենթարկուելով օտար ուժերու. այնպէս որ, կարծէք թաղային կամ կիրակնօրեայ շուկայի մէջ մանրավաճառութիւն կ’ընենք: Դադրած ենք ըսելէ, չենք ըսած, թէ ի՛նչ է հայ ժողովուրդի ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽԱՐԴԱՒԱՆԱՆՔՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ը, զոր եթէ չյաջողինք պաշտպանել, անոր տէր մնալ, ՀԱՅ ԱԶԳ չի մնար: Տգէտի վերաբերում է, որ այդ իրաւունքէն հեռանալ կամ զայն շերտելով, այս կամ այն շերտը զիջելով, կորսնցնելով հանդերձ, կրնանք պատմութեան բեմին վրայ մնալ եւ տեւել որպէս ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՂՈՂ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԱԶԳ: Կամ միամտօրէն հաւատացած ենք, որ հրաշքով մը արտաքին ուժեր, անցեալին կ’ըսէին` «խաչապաշտներ», մեզ դուրս պիտի հանեն սադայէլի շրջանակէն: Եթէ միայն լսած ըլլայինք ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթենի իմաստութիւնը… Ան ըսած է. «Դուն քեզի օգնէ եւ երկինքը քեզի պիտի օգնէ» (aide-toi et le ciel t’aidera)…

ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ  պէտք է ըլլայ, ըլլար, զայն պահելու համար որպէս այդպիսին միասնաբար գործած պիտի ըլլայինք` առանց ստեղծելու գերադասի եւ ստորադասի, տէր ու ծառայի անվաղորդայն ըլլալու կոչուած յարաբերութիւններ, զորս ամբոխավարութեամբ համարած ենք համագործակցութիւն: Մանաւանդ եթէ ունենայինք ճիշդ մարդը ճիշդ գործին վրայ դնելու (the right man in the rihght place) ջոջականութեան եւ ԽԾԲ-ի ընդդիմացող ողջախոհութիւն:

Այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կը խօսինք, կը գրենք, կը գործենք, կը կարծենք առաջնորդել, քաղաքականութիւն կը խաղանք, բայց ունի՞նք ազգի ամէն բնոյթի սեթեւեթէ  զերծ ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ի պատկերացումը, կը քալե՞նք անոր հասնելու եւ զայն իրականացնելու անշեղ մէկ նպատակով, ուր որ ալ գտնուինք տարածքի եւ ժամանակի մէջ, միասնաբար եւ միշտ ՆԱՅԵԼՈՎ ՆՈՅՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ: Աւելի պարզ խօսինք. կրնա՞նք ըսել, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, ի՛նչ հետապնդած ենք, ո՛ր գլխագիր ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ի իրականացման հասնելու համար: Նայա՞ծ ենք եւ կը նայի՞նք նոյն ուղղութեամբ, թէ՞ բանտուած մնացած ենք անհատապաշտութեան եւ անոր ընկերացող պատեհապաշտութեան մէջ: Կան տեսակէտներ, առաջադրանքներ` իրենց բազում հիմնաւորումներով, բայց չունինք այն ՄԷԿ-ը, որուն մէջ հին եւ նոր զանազանութիւնները ձուլուած ըլլան, ձուլուին:

Ի՞նչ է հայ ազգը, ի՞նչ է եւ ո՞ւր է անոր հայրենիքը, գէթ մեզի համար անոնք ունի՞ն սահմաններով ըմբռնուած նոյն  պատկերացումը, նոյն սահմանումը: Անոնց հանդէպ ի՞նչ է մեր վերաբերումը. տիրո՞ջ, հիւրի՞, քոչուորի՞, հանդուրժուած վարձուո՞րի, ըլլանք հանրապետութեան քաղաքացի բնակիչ, թէ զանազան քաղաքացիութիւններով ապրող-պատշաճող մեծ կամ պզտիկ ցրուած համախմբումներ, զորս կը կոչենք սփիւռք` զայն ԱԶԳ-ի հետ շփոթելով:

Հայ քաղաքական կազմակերպութիւն մը տարիներ առաջ յանգած էր այլ եզրակացութեան մը, այն, որ «Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումով ինք հասած էր իր նպատակին»: Եւ վերջ: Հիմա ազգային ըմբռնումէ դատարկուած-հեռացած մերօրեայ պատեհապաշտներ կ’ընթանան սեփական ազգի անցեալ ու իրաւունք ժխտելու եւ ուրանալու ուղիով` ըսելով եւ ընելով այնպէս, որ չեն եղած Ցեղասպանութիւն, հայրենահանում, Արեւմտահայաստան: Հիմա նաեւ չէ եղած Արցախ, գումարելով` հրաժարումներ եւ պարտութիւններ, որոնցմէ ետք հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ հայու ընկերային բնոյթը` ժողովուրդներու շարքին: Առանց հող-հայրենիի եւ անոր տէր գիտակից հաւաքականութեան` կը դառնանք քոչուոր կամ գնչու, նոյնիսկ երբ կուշտ ենք:

Այս հարցերու մասին մտածեցի, երբ երէկ հայ մարդ մը, որ զբաղած է հայերէն գիրով եւ գիրքով, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայի անելանելի կացութեան դիմաց, անկէ դուրս գալու համար, առաջարկեց Աւստրալիա խմբուիլ, հոն հողեր գնել եւ ընել այնպէս, որ հոն շարունակուի ԱԶԳ-ը:

Մի՞թէ ամէն անգամ որ հոն, ուր քոչուորը իր վրանը զարնէ, հոն հայրենի՞ք կ’ըլլայ:

Այս ըմբռնումը իրականութենէն փախուստ տալու  ջայլամի վերաբերում չէ՞:

Կէս դար առաջ Խորհրդային Հայաստանէն Եւրոպա ապաստանած գիտուն եւ հրապարակախօս անձ մը, Աւստրալիա իր կատարած ճամբորդութենէն վերադարձին, որպէս լուծում մեր ժողովուրդի կացութեան, անոր ապահովութեան համար յայտնեց այն քաղաքական (՞՞՞)  տեսակէտը, որ միջազգային համայնքը, հայութեան հանդէպ իր չյարգած պարտաւորութիւնները կատարելու համար, Խաղաղականի աւելի քան 60.000 քառ. քմ տարածութիւն ունեցող Թասմանիա կղզին պէտք է տայ հայերուն, քանի որ կղզին չունենալով սահմանակից դրացիներ` անոնք թշնամիներ չէին ունենար եւ հանգիստ կ’ապրէին: Նման փախուստի երեւակայական տեսութիւններ եղած են, ու կան անոնց ծափահարող միամիտներ: Միշտ նոյն փախուստը, փոխանակ կազմակերպուելու, մէկտեղուելու եւ ուժ դառնալու, երկնային հրաշքի սպասում: Այդ բացասականութեան ծնունդ է յարաճուն սփիւռքը, որ տեւաբար կ’ընդլայնի, արմատներէ կը հեռանայ, անոնցմէ կը հրաժարի, որ երբեմն կը յիշէ, թէ տասը կամ տասնհինգ միլիոն է, թիւ, որ վերացականութիւն է` ե՛ւ ըստ իսկական հաշուարկի ե՛ւ ըստ ազգային բովանդակութեան: Բայց ուժի հոգեկան տեսակ մը երազանք կը ստեղծէ եւ կը սնուցանէ, կը յուզէ շաբաթավերջի քաղաքական ճառը, քիչ մըն ալ` հանդիսութիւն կոչուած համախմբումները: Սփիւռք(ներ)ի գերաճող, տարտղնուած եւ տարտղնուող տասը կամ քսան միլիոն հայերու տեսական պատկերը ոչ մէկ ձեւով վկայութիւն է ԱԶԳ-ի կազմակերպական ուժի: Այդ ենթադրական միլիոնները ազգի ուժ եւ ազգի ներկայութիւն չեն:  Այդ դերը իրենք իրենց վերագրողները հաւաքական ուժ չեն, անոնք ամէնուրեք փոքրամասնութիւններ են, բախտաւոր պարագային` համայնքներ, որոնք ներքնապէս ալ կոտորակուած են:

Մեծ տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ` գիտնալու, որ կոտորակումներով ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ  ԵՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ ՈՒԺ ՉԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻՐ, եւ ինչ որ կը կոչենք ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, յոգնակի եւ տեւաբար յոգնակիացող, կը ծանծաղին անհատապաշտութեան, մասնակիի, թաղայինի, բարեսիրութեան եւ փառասիրութեան (՞)  անհորիզոն տխրութիւններու մէջ, ուր ազգը եւ հայրենիքը գեղօր են:

Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնները, աստ եւ անդ, փորձա՞ծ են գիտնալ, թէ իրենց եղած շրջաններուն մէջ ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն հայերը ընդհանրապէս, գիտե՞ն, թէ ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն Հայաստանի քաղաքացիները, անցեալի խորհրդային եւ ներկայի, արտագաղթածներ: Ի՞նչ թիւ կը ներկայացնէ անոնց գումարը: Հայաստան երբեմն կը խօսին այդ ենթադրուած ուժի մասին, սփիւռքի հռետորներն ալ ետ չեն մնար, կը յիշուին այդ միլիոնները: Բայց ոչ ոք կը փորձուի ըսել, թէ անոնց ո՛ր տոկոսը ներկայութիւն է հայ կեանքի մէջ, ի՛նչ է անոնց ազգային ենթահողը, ազգ եւ հայրենիքը պաշտպանելու-պահելու ներդրումը: Այս հարցումները մտածելու եւ ըստ այնմ նախաձեռնելու պէտք է մղեն ամէն բնոյթի ղեկավարութիւնները: Կրնա՞նք, օրերէն օր մը, մեծ ու պզտիկ ժողովներուն հաստութիւն տալու համար, նախաձեռնել մարդահամարի մը կազմակերպութեան` գիտնալու համար, թէ ի՞նչ ենք, ո՞ւր ենք, փորձել նաեւ այդ համրանքի ազգային խորքի տեսակարար (spécifique) գնահատումը ընել, ճշդել, թէ ծագումով հայու ինքնութիւններու ետին ի՞նչ կը ներկայացնեն հայկական ստորոգելիները, որոնք ծանօթ են, զորս պէտք է յստակացնել եւ սահմանել` առանց նահանջի կացութիւններ արդարացնելու ճապկումներու, առանց բաւարարուելու հայ մեծ հայր ունեցած ըլլալու փաստարկով: Երբ հայ կեանքէն բացակայ, օտարախօս դարձած անհատը խօսքի ընթացքին կ՛ըսէ, որ «մեծ հայրս ալ հայ էր», կամ «զգացումով հայ եմ»… Ազգին համար ի՞նչ են իրենք:

ԱԶԳԻ ԳՈՐԾՈՎ զբաղող կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ եւ կրօնական հաստատութիւններ պարտէին, պարտին գիտնալ, թէ ո՛ւր են հայութիւն տեսական եզրին մէջ գտնուող մարդիկ: Եթէ վաղը ճառախօս մը ըսէ, որ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՆ ՄԻԼԻՈՆ Է, ինք այդ չի կրնար ապացուցել, լսողներն ալ չեն կրնար չհաւատալ: Այս անգիտութեան մշուշին մէջ ինչպէ՞ս ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ  մէջ ԱԶԳ առաջնորդել եւ ղեկավարել:

Հանրապետութիւն, եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ, ՄԱՍՆԱԿԻն, ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ-ը, ԵՆԹԱԴՐԱԿԱՆ-ը եւ զանգուածը ոտքի քնացնող ինքնագոհական-կողմնապաշտական ճարտարութիւնները մոռնալով` ինչո՞ւ չենք ձեռնարկեր մասնագիտական կառոյցի մը ստեղծման, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր քաղաքական եւ գոյութենական հիմք հանդիսացող ժողովուրդը ճանչնալ` որպէս թիւ եւ որակ, զայն կարենալ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել, զայն ենթադրութիւններով չօրօրել, դադրիլ միայն ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած  հին եւ  նոր «համայնքներ»-ը ազգի ապագայ համարելէ եւ ըստ այնմ, որպէս ղեկավարութիւն գործել, ինչ որ ինքնագոհութեան հանդէս է: Խօսքը կը վերաբերի ճապաղած ու ամուլ ժողովներով շնչողներու եւ անոնց խօսափողային աղմուկին:

Մասնագիտական կառոյց մը ինչո՞ւ չստեղծել,  որ տուրք չի տար ենթակայական գնահատումներու, որոնց հետեւանքը եղած չըլլայ մանրուքներով զբաղելու ընթացք, խարխափումներ, հաւկուրութիւն, որոնց աղբիւսին վրայ կ’աճին ամէն բնոյթի ջոջականութիւնները, պառակտումները, պատեհապաշտութիւնը եւ չի յառաջանար ԱԶԳԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ:

Եւ «ղեկավարութիւններ»-ը կրնան միշտ խորհիլ, որ կը ծառայեն ազգային նպատակներու:

Յիշուած միլիոններով սփիւռքացած ազգը, ինքզինք կոչելով այս կամ այն հայութիւն, նոր-զելանտական կամ չինական, ինքնախաբէութեան եւ եսապաշտութեան հարթակ դարձած  է: Ո՞ւր տեսնել այդ «հայութիւնները», ի՞նչ կը բանին անոնք ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ: Մի՞թէ դժուար է իրատես ըլլալ եւ հասկնալ, որ այս կամ այն երկրի անունով դեռ իրենք զիրենք որպէս համայնք սահմանող հաւաքականութիւնները, կամայ թէ ակամայ, կը հեռանան արմատ ազգէն: Չի խօսուիր ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ մասին, չի խօսուիր բնակեցման մասին:

Ազգային հեռանկարային քաղաքականութիւն է եւ քաղաքականութեան ենթահող` ճշդել հայոց իրաւ թիւը եւ ցանկը, եւ կազմակերպուիլ այնպէս, որ կարելի ըլլայ հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի յանձնառութեան բերուին անորոշացած դէմքով  եւ համրանքով  ԱԶԳ-ի ենթադրեալ անդամները, պէտք է գիտնալ, թէ ո՞ւր են անոնք, ներկա՞յ են, ի՞նչ ձեւով զանոնք ներկայ դարձնել:

Ազգի յանձնառու եւ գիտակից անդամներ, համայնքներ եւ ընդհանրապէս ժողովուրդ ունենալու նախապայմանը տեղեակ ըլլալով եւ տեղեկութիւն փոխանցելով կը ստեղծուի: Այսօր այն յիշուող միլիոններու ո՞ր տոկոսը տեղեկութիւն կը ստանայ, ցրուած եւ ինքնագոհ փոքրամասնութիւնները ծառայութիւն չեն մատուցեր ազգին, նոյնիսկ  երբ իրենք զիրենք տասը, քսան կամ յիսուն միլիոն համարեն:

Պէտք է խօսիլ նաեւ բազմապատկուող հին եւ նորանուն համայնքներու մասին, եւ ընել այնպէս, որ անոնք վերադառնան ազգին, չըլլան տարբեր անուններով, տարբեր լեզուներով եւ տարբեր մշակոյթներով հայ ազգին յարաբերաբար անդիմագիծացող խմբաւորումներ:

Ինքնաճանաչման եւ ինքնագնահատման կազմակերպութիւն եւ կառոյց հարկ է ստեղծել` սովորական-դասական նախաձեռնութիւնները գերանցող:

Արամ Ա. կաթողիկոսի յայտարարած «Սփիւռքի տարի»-ն չյանգեցաւ ապագայատես եզրակացութիւններու եւ մանաւանդ` նախաձեռնութիւններու, որպէսզի կատարուէր ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱԶԳԻՆ: Այս ըմբռնումով պէտք է մտածել հին եւ նորաստեղծ համայնքներու մասին, զանոնք կազմակերպել թաղային եւ աւանդական դարձած ջոջականութենէ տարբեր ըմբռնումներով: Այսինքն` ազգի իւրաքանչիւր անդամը եւ աշխարհագրական զանազան անուններով համայնքները կոչել ԱԶԳԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ: Այս ընելու համար աւանդականէ տարբեր առաջնորդութիւն եւ կազմակերպութիւն պէտք է յառաջացնել, որպէսզի հայրենատիրութիւնը չըլլայ շաբաթավերջի ճառ, երգ ու պար, տեղական դիրքապաշտութիւն, այլ` վերականգնումի համար մղուող միացեալ, յարատեւ, անանձնական եւ հետեւողական պայքար, նուաճելով հայրենատիրութեան եւ ազգային հարազատ ինքնութեան անտեղիտալի ոգին, յանձնառութիւն` ամէնուրեք, ուր հայ կայ, նպատակադրելով ինքնուրոյն ազգ հայութեան որպէս այդպիսին գոյութիւնը եւ, անոր հայրերու ժառանգութիւն հայրենիքի իրաւունքի տիրացման հետապնդումը:

Եւ չսպասել:

Ո՞վ չի գիտեր, որ ժամանակի գնացքը մեր դրան առջեւ պիտի չկանգնի:

Ինչպէ՞ս դիմադրել իրա՛ւ հայրենասէր Խրիմեանի իմաստութիւնը կրկնելու փորձութեան, որ ըսած է Թոռնիկին, ԹԷ ՀՈՂԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐԸ, ոչ պատահական հողակտորը, որուն տէր կ’ըլլանք որպէս գաղթական, այլ` ՀՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻն, որուն համար հայերը պէտք է նուաճեն յանձնառութեան իմաստութիւն` առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, առանց գաղթականի բնակավայր դարձած հողաշերտը հայրենիք-հող համարելու:

Այսօր կ’աւաղենք, որ կը պարտուինք, հող կը կորսնցնենք: Հարց կու տա՞նք, որ եթէ եղած չ’ըլլային մեր հին ու նոր ազգային քաղաքական միտքը հակասող արտագաղթները, տեղի ունեցած ըլլար հայրենադարձութիւն, ազատագրուած Արցախի համար յաջողած ըլլայինք իրականացնել բնակեցում, այսօր ալ բնակեցում իրականացնենք Հայաստանի բեկոր հանրապետութեան տարածքի համար, չէինք պարտուեր, ընդառաջ չէինք  երթար եւ չենք երթար պարտութեան:

Ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւններ, կը յառաջացնե՞նք, կը գնահատե՞նք եւ կը դատե՞նք տուրիզմէ եւ բարեսիրութենէ անդին նայելով եւ հասկնալ, որ նախ պէտք է յաղթել հանրապետութեան եւ սփիւռքի ներքին հոգեբարոյական թշնամիները եւ թշնամութիւնները` հեռանալով ամբոխային տրամաբանութենէ, դիրքապաշտութեան հետամուտ խարխափող ամբոխահաճութենէ եւ ասէկոսէականէ աւելի չարժող պառակտումներէ, զորս այսօր պէտք է դատել եւ հեռացնել` առանց սպասելու պատմութեան վճիռը, որ կը սպառնայ անխուսափելիօրէն անողոք ըլլալ:

18 յունիս  2023, Նուազի-լը-Կրան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail