
ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ
22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 –
Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդը՝ ի դիմաց միջազգային մեծ ընտանիքին, փորձաքարի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, Արցախի մէջ ապրող հարիւր քսան հազար արցախցիներու դիմագրաւած սովը շրջանցելու եւ արդարութիւնը վերահաստատելու իմաստով։
Քննարկումներէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք կայանալիք որոշումը, որ կրնայ վերաբերիլ Բերձորի միջանցքին ամբողջական վերաբացման մասին բանաձեւի մը, կամ Բերձորի եւ այլ ուղիներու գործարկման մասին հաղորդագրութիւն- յայտարարութեան մը, կամ ալ ընդհանուր գիծերու մէջ պարփակուած խնդրի մը վերաբերեալ հաղորդագրութեան մը, ցոյց պիտի տայ, թէ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդը,որուն տասնհինգ անդամներուն մեծամասնութիւնը համամիտ է, որ Լաչինի միջանցքը վերաբացուի, որքան ատակ է քաղաքական- տնտեսական- զինուորական շահերը մէկ կողմ դնելու եւ արդար ու իրաւացի որոշում կայացնելու՝ հեռու քաղաքական- դիւանագիտական շահարկումներէ եւ ախորժակներէ։
Մինչ միջազգային ընտանիքը օրն ի բուն կը շարունակէ յայտարարութիւններ հրապարակել եւ պահանջել, որ Լաչինի միջանցքը վերաբացուի, անդին Արցախի մէջ արդէն իսկ սովը իր ժանիքները ցցած է եւ ամէն օր քիչ մը աւելի կը յստականայ, թէ Արցախի քաջարի ժողովուրդը զոհ պիտի երթայ հաւաքական սովամահութեան՝ սնունդը իբրեւ ցեղասպանական գործիք գործածող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ծրագրած եւ կազմակերպած հաւաքական սպանութեան ոճիրին գործադրութեամբ։Ատրպէյճանցիք իրենց ծրագիրը իրականացնելու համար ծածուկ քաղաքականութիւն մը չեն վարեր, այլ բացայայտօրէն կը կիրարկեն հաւաքական սովամահութեան զէնքը՝ Արցախահայութիւնը բնաջինջ ընելու համար։
Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մակարդակով Արցախի դիմագրաւած սովին խնդրին քննարկումը բնականաբար ողջունելի է, այն իմաստով, որ այս անգամ՝ յաջորդելով Մ․Ա․Կ․-ի Արդարադատութեան Միջազգային Ատեանին, Ապահովութեան Խորհուրդը կը ջանայ միջամտել եւ հարցը ներկայացնել մարդասիրական դիտանկիւնէ, հակառակ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գործադրած բոլոր տեսակի ճնշումներուն, խեղաթիւրումներուն եւ նենգափոխումներուն, թէ սովի մը մասին խօսակցութիւնները մտածացին եւ շինծու են, որովհետեւ Պաքու պաշտօնապէս ընթացք տուած է արցախցիները Ատրպէյճանի պետական կառոյցներուն, հաստատութիւններուն եւ ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ համարկելու պետական ծրագրի մը, որուն ծիրին մէջ ալ առաջարկուած է անմիջապէս Աղտամ- Ստեփանակերտ մայրուղիով սնունդ, դեղօրայք եւ այլ կարեւոր իրեր ու կարիքներ առաքել Արցախ։Բայց, ըստ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, արցախցիներն են, որ կը մերժեն ընդունիլ ատրպէյճանական օժանդակութիւնները՝ իրավիճակը բարդացնելով եւ իրականութիւնները խեղաթիւրելով։
Աղտամ- Ստեփանակերտ ցամաքային կապը օգտագործելու ատրպէյճանական ծրագիրը բնական է, որ գլխիվայր կը դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի մը, այս պարագային՝ Լաչինի միջանցքին գործարկման ծրագիրը եւ ասիկա վերջնականապէս ջնջելով՝ արցախցիները ներքաշել ատրպէյճանական չափազանց վտանգաւոր խաղի մը մէջ, որ նախապէս բնական կազի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի պարագային կիրարկուեցաւ, որպէսզի արցախցիներուն վրայ ճնշումներ բանեցուին։ Աղտամով Ստեփանակերտ օժանդակութիւններու առաքման ատրպէյճանական ծրագիրը ձախողութեան մատնելով՝ արցախի ժողովուրդը վիժեցուց կարեւոր բաղադրիչը ցեղասպանութեան ծրագրին, զոր թրքական ճակատը մշակած է։Անշուշտ վտանգը տակաւին գոյութիւն ունի, բայց հարցը Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մակարդակով քննարկելու նախաձեռնութիւնը գէթ յոյս կը ներշնչէ, թէ Արցախի եւ արցախցիներու դիմագրաւած գրաւման եւ սովամահութեան վտանգները կրնան վերանալ։ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին հրապարակելիք որոշումը, բանաձեւը, յայտարարութիւնը կամ հաղորդագրութիւնը խորքին մէջ պիտի ըլլայ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերելիք ողջմտութեան եւ լրջութեան չափանիշը՝ Արցախի հերոս ժողովուրդին դիմագրաւած հաւաքական սովամահութեան վտանգին վերաբերեալ։
hairenikweekly.com/սպասելով-ապահովութեան-խորհուրդին-որ/





