ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 –

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամ պետութիւններէ, որոնցմէ  հինգը` Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Չինաստանը, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, մնայուն անդամներն են եւ ունին վեթոյի իրաւունք, իսկ մնացած տասն կ՛ընտրուին երկու տարի ժամկէտով` հերթագայութեամբ (rotation):

Ապահովութեան խորհուրդի լիազօրութիւնները կը ներառեն խաղաղապահ գործողութիւններու հաստատումը, միջազգային պատժամիջոցներու սահմանումը եւ ռազմական գործողութիւններու արտօնումը: Ասիկա ՄԱԿ-ի միակ մարմինն է, որ իրաւասու է անդամ պետութիւններու մասին պարտադիր բանաձեւեր ընդունելու:

Ապահովութեան խորհուրդը, նման լայն յանձնառութիւններով, ՄԱԿ-ի այն ճիշդ մարմինն է, որ պէտք է զբաղի Արցախի 120 հազար հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի շրջափակումով, որ կրնայ զանոնք մատնել սովի` իրավիճակը յանգեցնելով ցեղասպանութեան` ըստ ՄԱԿ-ի այդ եզրոյթի սահմանման:

Ցաւօք, Ապահովութեան խորհուրդի նկատմամբ իր սխալ մօտեցման պատճառով Հայաստանի կառավարութիւնը փախցուց այս բացառիկ կարելիութիւնը` հասնելու ՄԱԿ-ի մարմինի կողմէ բանաձեւի ընդունման, որով կոչ պիտի կատարուէր Ազրպէյճանի` անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը, հակառակ պարագային խիստ պատժամիջոցներ ձեռք առնելու պայմանով:

Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած խնդրագիրը քննարկելու ճիշդ ճամբան պիտի ըլլար այն, որ Հայաստան պատրաստէր բանաձեւի նախագիծ, հանդիպէր բոլոր 15 անդամներուն հետ եւ փորձէր համոզել, որ անոնք համաձայն գտնուին առաջարկուող բանաձեւին: Քանի որ Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի ութ ամիսէ ի վեր, ուրեմն Հայաստանի կառավարութիւնը բաւական ժամանակ ունէր գործը աւարտին հասցնելու համար:

Առանց որեւէ նախապատրաստութեան` Ապահովութեան խորհուրդին դիմելը եւ դրական արդիւնք ակնկալելը անիրատեսական է եւ դատապարտուած` ձախողումի: 15 անդամ պետութիւններու դեսպանները միշտ նախնական ցուցմունքներ կը ստանան իրենց արտաքին գործերու նախարարութիւններէն, թէ ի՛նչ պէտք է ըսել ՄԱԿ-ի նիստերուն, եւ եթէ կայ առաջարկուող բանաձեւի նախապէս պատրաստուած գրութիւնը, անոնց կ՛ըսուի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է քուէարկեն: Նիստի ժամանակ տեղւոյն վրայ ոչինչ կ՛որոշուի, եւ որեւէ գործողութեան կարելի չէ ձեռնարկել, այնքան ատեն որ նախօրօք համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր գիտնար այս  հիմնական  փաստերը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկէր նախքան Ապահովութեան խորհուրդի նիստին խնդրանքով դիմելը` յաջող արդիւնք ապահովելու համար: Հետեւաբար նախապատրաստական  նման աշխատանքներու  բացակայութեան պայմաններու մէջ զարմանալի չէ, որ Ապահովութեան  խորհուրդը  ոչ  մէկ  բանաձեւ  ընդունեց,  որպէսզի նախազգուշացնէր  Ազրպէյճանը, թէ` խիստ  պատժամիջոցներ  պիտի   կիրարկուին իրեն դէմ, եթէ անմիջապէս չբանայ Լաչինի միջանցքը:

Նիստի ընթացքին բոլոր 15 անդամ պետութիւնները հանդէս եկան ելոյթներով, որոնցմէ շատերը կոչ ըրին Ազրպէյճանին` շրջափակումէ դուրս բերել Լաչինի միջանցքը եւ խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Ֆրանսայի դեսպանը հանդէս եկաւ Հայաստանի համար ամէնէն բարենպաստ ելոյթով, իսկ Ռուսիոյ դեսպանին խօսքերը հիասթափեցնող էին: Երբ նիստը աւարտեցաւ, բոլորը ոտքի կանգնեցան եւ առանց բանաձեւ ընդունելու եւ Արցախի շրջափակման հարցը լուծելու` լքեցին դահլիճը: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք Ապահովութեան խորհուրդի անդամ չեն, կրկնեցին Լաչինի միջանցքին մասին իրենց բազմաթիւ կեղծիքները` հերքելով ամբողջ աշխարհին համար արդէն իսկ ակնյայտ փաստերը: Ինչո՞ւ Հայաստանը Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն հակազդելու համար չէր դասաւորած Կիպրոսի կամ Յունաստանի մասնակցութիւնը  նիստին` ի պաշտպանութիւն իր դիրքորոշման:

Ցաւօք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները գերադասեցին հետապնդել իրենց նեղ ազգային շահերը, քան փորձել փրկել 120 հազար սովահար արցախահայերու կեանքը` այսպիսով հրաժարելով իրենց մարդասիրական պատասխանատուութենէն եւ վարկաբեկելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան սկզբունքայնութիւնը: Խայտառակութիւն է, որ Ապահովութեան խորհուրդը նոյնիսկ չփորձեց աջակցիլ Լաչինի միջանցքի բացման անհրաժեշտութեան մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի երկու որոշումներուն:

Այս առիթով Նիւ Եորք մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատշաճ ելոյթ ունեցաւ` կոչ ընելով Ապահովութեան խորհուրդին` «հանդէս գալ իբրեւ  ցեղասպանութեան կանխարգիլման, այլ ոչ թէ ցեղասպանութեան ոգեկոչման մարմին, որուն համար գուցէ շատ ուշ ըլլայ»: Միրզոյեան խնդրեց, որ ՄԱԿ Արցախ ուղարկէ կարիքներու գնահատման միջգերատեսչական առաքելութիւն, որ անտեսուեցաւ: Այսուհանդերձ, ան չկրցաւ պահանջել, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրամայէ Ազրպէյճանին` բանալ Լաչինի միջանցքը, այլապէս, հակառակ պարագային, պատժամիջոցներ կիրարկել անոր դէմ, եթէ չկատարէ պահանջը: Միւս կողմէ` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նեղութիւն չկրեց Պաքուէն Նիւ Եորք թռչելու, որովհետեւ  քաջ  գիտէր,  որ  ՄԱԿ-ի  նիստին  ոչինչ  տեղի  պիտի  ունենայ:

Ազրպէյճանի դեսպանը կեղծօրէն յայտարարեց, թէ` քանի որ Արցախը իր երկրի տարածքին մէկ մասն է, հետեւաբար կրնայ ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ան ամբողջութեամբ սխալ է: Մարդկային իրաւունքներու խախտումները համընդհանուր հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Այդ խախտումները լրջօրէն կը մտահոգեն աշխարհը եւ որեւէ երկրի մը ներքին գործը չեն:

Թէեւ քանի մը դեսպաններ յորդորեցին Ազրպէյճանը` բանալու Լաչինի միջանցքը, սակայն, ցաւօք, այդ խնդրանքները պարզապէս մնացին «ձայն բարբառոյ յանապատի»: Ազրպէյճան անտեսեց այդ բոլոր խնդրանքները այնպէս, ինչպէս մերժած է քանի մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու, Եւրոպական միութեան, Եւրոպական խորհուրդի, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, Համաշխարհային դատարանի եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նմանատիպ յորդորները: Խօսքերը անիմաստ են առանց գործողութեան:

Իր դէմքը փրկելու համար Փաշինեան ՄԱԿ-ի նիստէն ետք ըսաւ հայերուն, որ այժմ ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Ազրպէյճան, հակառակ իր հերքումներուն, կ՛արգելափակէ Լաչինի միջանցքը: Այս անիմաստ յայտարարութիւն մըն է, քանի որ բոլորը արդէն գիտեն, որ միջանցքը արգելափակուած է: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նպատակը այդ չէր: Նպատակը եղած էր համապատասխան բանաձեւի մը ընդունումը եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումը: Հայաստան չկրցաւ իրականացնել այդ կարեւոր նպատակը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը շատ աւելին էր, քան` կորսուած կարելիութիւն մը Հայաստանի եւ Արցախի համար: Նախ` բարձրացնելով, ապա ի դերեւ հանելով հայերուն ակնկալիքները այն մասին, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը վերցնէ շրջափակումը, աւելի՛ եւս բարոյալքեց համայն աշխարհի հայերը: Շատ աւելի նախընտրելի կ՛ըլլար այն, որ Հայաստան որեւէ քայլի չձեռնարկէր, փոխանակ այսպիսի կիսատ-պռատ փորձ մը ընելու, ինչ որ աւելի մեծ վնաս հասցուց:

Անցեալ շաբաթուան ձախողած նիստէն ետք ազրպէյճանցի պաշտօնեաները ապրեցան պարծանք, որ ՄԱԿ-ի մէջ ոչ ոք կը հաւատայ Հայաստանի «անհիմն մեղադրանքներուն», ինչ որ յանգեցուց որոշում չկայացնելու հետեւանքին: Ցաւօք, Ազրպէյճան ներկայիս, աւելի՛ քան երբեք, քաջալերուած է Արցախի եւ Հայաստանի դէմ աւելի՛ յարձակունակ քայլերու  դիմելու` քաջ գիտակցելով, որ աշխարհի մէջ ոչ ոք կը ձեռնարկէ Ազրպէյճանի դէմ որեւէ քայլի:

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail