Արցախի ապաշրջափակումը չի կրնար ըլլալ ի հեճուկս անոր ինքնորոշման արդար իրաւունքին. Արամ Վեհափառ
02 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023 –
Արցախի ապաշրջափակումը չի կրնար ըլլալ ի հեճուկս անոր ինքնորոշման արդար իրաւունքին. Արամ Վեհափառ
Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է։ Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը։
Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին։ Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռակամութիւնը ու յոյսը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ շրջափակումի ենթարկել։
Անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը։ 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած։
Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացիր ամուր՝ քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ։ Մնացիր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին։ Դուն առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է։
Եղի՛ր միակամ բռունցքի նման, հեռու մնալով կամքդ ջլատող ներքին հակադրութիւններէ։
Եղի՛ր զօրեղ ժայռի նման, մերժելով քեզ համակերպութեան մղող մօտեցումները։
Թող պահանջատիրութեան ձայնդ հնչէ աշխարհի լռութեան ու անտարբերութեան դիմաց։
Թող քու մարտունակ ոգիդ միշտ մնայ ուժեղ ու հատու։
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախին ձայնը կարելի չէ լռեցնել, սոսկ հաց ու դեղ տալով։
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախի ապաշրջափակումը չի կրնար ըլլալ ի հեճուկս անոր ինքնորոշման արդար իրաւունքին։
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ մարդասիրական տագնապ ստեղծելով չեն կրնար Արցախը ծունկի բերել։
Նայեցէք մեր դարաւոր պատմութեան։ Մեր ժողովուրդը իր պատմութիւնը կերտեց, իր գոյութիւնը ամրագրեց եւ իր ինքնութիւնը պահեց նաեւ «ո՛չ» ըսելով՝ մեր հաւատքը խաթարող, մեր ինքնութիւնը այլափոխող ու մեր անկախութիւնը յափշտակել փորձող ոյժերուն դէմ։ Մեր հաւաքական «ոչ»ով մենք մնացինք տոկուն պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ։
Այսօր եւս, Արցախը, եւ Արցախին հետ մեր ողջ ժողովուրդը, միահամուռ կերպով կ՚ըսէ «ո՛չ».-
Ո՛չ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մոռացութեան դատապարտելու ձգտող ճիգերուն։
Ո՛չ՝ Արցախը իր հայութենէն պարպելու սադրանքներուն։
Ո՛չ՝ Արցախի կրօնական, մշակութային ու ազգային ինքնութիւնը այլափոխող ապօրէն ծրագիրներուն։
Ո՛չ՝ Արցախը Ազրպէյճանի հողային տարածքին մէջ ներմուծելու դաւերուն։
Ո՛չ՝ տարբեր քօղի տակ Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն կազմակերպելու դիւային փորձերուն։
Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք 5-րդ դարուն ըսին՝ այս հաւատքէն մեզ ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ խախտել։ Քրիստոնէական հաւատքը շաղախուած էր անկախութեան ոգիով եւ զսպանակուած՝ ազգային արժէքներով ու իտէալներով։
Արցախի պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքով վերանորոգուած ու կամքով կռանուած, մեր ողջ ժողովուրդը Արցախի հետ միասին կ՚ըսէ աշխարհին դիմաց՝ Արցախին ազատօրէն ապրելու, գոյատեւելու ու ստեղծագործելու Աստուածատուր իրաւունքը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ խլել։
Ահա՛ մեր համազգային ուխտը՝ այսօ՛ր ու մի՛շտ։
Փառք ու պատիւ իրենց արիւնով Արցախի անկախութիւնը կերտած նահատակներուն եւ իր նահատակներուն սրբազան ուխտին հաւատարիմ Արցախի ժողովուրդին։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
2 Սեպտեմբեր 2023
Անթիլիաս, Լիբանան