Լաւրով Հայաստանի Ղեկավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Յիշելու Միացեալ Նահանգներու Վրայ Յոյս Դնողներուն Ոչ Նախանձելի Ճակատագիրը

Լաւրով Հայաստանի Ղեկավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Յիշելու Միացեալ Նահանգներու Վրայ Յոյս Դնողներուն Ոչ Նախանձելի Ճակատագիրը

29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութեան խորհուրդ տուած է յիշել ոչ նախանձելի ճակատագիրը այն երկիրներուն, որոնք իրենց յոյսը դրած են Միացեալ Նահանգներու վրայ:

«Գիտէք, այնտեղ շատերը կ՛ուզեն կորսնցնել Ռուսիան եւ նոր ընկերներ ձեռք բերել», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ եթէ անոնք իրենց յոյսը կը դնեն Միացեալ Նահանգներու վրայ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններէն յստակ կը դառնայ, ապա ճիշդ պիտի ըլլայ` ուսումնասիրեն Միացեալ Նահանգներու նորագոյն պատմութիւնը եւ տեսնեն` Միացեալ Նահանգները ինչպէ՛ս կը վարուի անոնց հետ, որոնց կը ձգտէր իր հովանիի տակ առնել: Այս մարդոց ճակատագիրը խիստ աննախանձելի է», շեշտած է ան:

Լաւրով նաեւ ընդգծած է, որ ամէն պարագայի աշխարհաքաղաքական առումով կարելի չէ անտեսել Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ շահերը:

«Պատմականօրէն, աշխարհագրականօրէն, աշխարհաքաղաքական առումով անկարելի է Ռուսիան կորսնցնել` Անդրկովկասի մէջ անոր շահերը ամբողջութեամբ անտեսելու իմաստով: Սակայն Երեւանի մէջ որոշ ղեկավարներ նման յոյսեր կը կապեն եւ ուղղակի կերպով կը խօսին այդ մասին», նշած է ան:

aztagdaily.com/archives/594135

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail