Միլլըր. «Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի Համար Առաջարկուող Միջազգային Դիտորդական Առաքելութեան Ձեւը»
29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի համար առաջարկուող միջազգային դիտորդական առաքելութեան ձեւը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրը:
Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն Պաքուի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով երկխօսութեան ժամանակ կը պնդէ զինադադարի պահպանման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը:
«Ասիկա կը նշանակէ բաց պահել Լաչինի միջանցքը: Ասիկա կը նշանակէ ապահովել մարդասիրական բեռներու մատակարարումը: Եւ ասիկա կը նշանակէ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն` ապահովելու համար մարդասիրական կարիքներու բաւարարումը», մանրամասնած է Միլլըր:
«Մենք ողջունած ենք Ազրպէյճանի կառավարութեան յայտարարութիւնները, ըստ որոնց անոնք պիտի ողջունեն նման միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը: (Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը) ուղղակիօրէն այդ հարցը դրած է (Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին): Եւ մենք ուրախ ենք, որ ան (Ալիեւը) համաձայնած է ատոր: Յառաջիկայ օրերուն մենք պիտի աշխատինք դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ` յստակօրէն որոշելու, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ այս առաքելութիւնը», ըսած է Միլլըր:
Բացի ատկէ, ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսման օգտին:
«Մենք կ՛ուզենք վերադարձ տեսնել բանակցային սեղան, ուր անոնք (Հայաստանն ու Ազրպէյճանը) կրնան հասնիլ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան», ըսած է դիւանագէտը:
Ան յայտնած է, որ Պլինքըն զրուցած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն` Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մեկնած են շրջան:
Ուաշինկթըն, ըստ Միլլըրի, ամէն ինչ ըրած է` դիւանագիտական հոլովոյթի շարունակման համար:
Բանբերը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի եւ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի շրջան կատարած այցելութեան:
Պաքուի մէջ, ըստ Միլլըրի, անոնք Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուցած են այն երեք պահանջները, որոնց կատարումը Ուաշինկթըն առաջնահերթութիւն կը նկատէ:
«Մենք կ՛ուզենք, որ զինադադարը պահպանուի, մենք կ՛ուզենք մարդասիրական խնդիրներու լուծում, իսկ ատիկա կը նշանակէ Լաչինի միջանցքը բաց պահել եւ կարելի դարձնել մարդասիրական օգնութեան առաքումը, ատիկա կը նշանակէ նաեւ, որ միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը պէտք է երաշխաւորէ մարդասիրական խնդիրի լուծումը», ըսած է Մեթիու Միլլըր:
Բանբերին համաձայն, գովելի է Ազրպէյճանի կառավարութենէն ստացուած հաւաստիացումը, որ Պաքուի մէջ կ՛ողջունեն նման առաքելութեան ժամանումը:
Միլլըր ըսած է, թէ այսուհանդերձ նախ եւ առաջ կողմերը պէտք է հասնին համաձայնութեան: Ուաշինկթըն յառաջ կը մղէ դիւանագիտութիւնը, սակայն կարգաւորման համար Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է:
«Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք ատոր դրդելու, սակայն անոնք պէտք է համաձայնին բանակցիլ եւ լուծումի մը հասնիլ, ատոր համար մենք պիտի ընենք մեզի վերապահուած աշխատանքը», ըսած է Միլլըր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է նաեւ վերջին ժամանակաշրջանին հայ-ազրպէյճանական բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ ռուսերու բացասական վերաբերմունքին, Հայաստանի վարչապետին հասցէագրուած մեղադրանքին, թէ Հայաստանը կը փորձէ դիրքորոշում փոխել եւ մերձենալ Արեւմուտքին ու նմանօրինակ քննադատական այլ մեկնաբանութիւններուն:
«Վստահ կարելի է ըսել, որ Ռուսիան անցեալ շաբաթներուն արդիւնաւէտ դեր չէ կատարած: Եղած է ժամանակ, երբ ռուսերը նպաստած են բանակցութիւններուն, եւ մենք ատիկա ողջունած ենք, սակայն հաստատ վերջին շաբաթներուն անոնք այդ ձեւով չեն գործած», յայտարարած է Մեթիու Միլլըր:
aztagdaily.com/archives/594132