Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ռմբակոծումները Աշխուժ Թափով Ընթացան

ԽՈՅՆ ԱՐԴԵՆ ԻՍԿ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊՈԶԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ, ԻՐ ԻՐԱՎՈՒՆՔՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ռմբակոծումները Աշխուժ Թափով Ընթացան

Հոկտեմբեր 21, 2023 | Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան

Գերմանիա Եւ Ֆրանսա Կը Յորդորեն
Լիբանանը Պատերազմին Մէջ Չներքաշուելու

Մինչ տարբեր երկիրներն ու պետութիւնները կը շարունակեն իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն տուն կանչել եւ այլ քաղաքացիները յորդորել` Լիբանան չայցելելու, լիբանանցի ժողովուրդին մէջ խուճապի մատնուելու համեմատութիւնը կը բարձրանայ, եւ մարդիկ աւելի եւս կ՛ընկճուին, այլ խօսքով` մտահոգութեան թափը կը բարձրանայ եւ անհանգիստ մթնոլորտը կը պարտադրէ ինքզինք:

Բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ կեանքը բնականոն կերպով կը շարունակուի, այնպէս ինչպէս հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ ռմբակոծումներն ու փոխադարձ հրթիռակոծումները կը մնան ընթացքի մէջ:

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ դարձեալ վկայեց փոխադարձ ռմբակոծումներ եւ հրթիռարձակումի գործողութիւններ` Իսրայէլի ու Դիմադրութեան միջեւ:

Նախանցեալ գիշեր ժամը 10:00-ին Հըզպալլայի մարտիկներ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ապատ դիրքը, որուն իբրեւ պատասխան իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Հուլայի մօտակայքը` անելի մատնելով 9 հոգի, որոնք կը գտնուէին իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծած վայրին մօտակայքը:

Անոնցմէ 6-ը լրագրողներ էին, իսկ երեքը` քաղաքայիններ:

Հուլայի մէջ շրջափակուած խումբ մը քաղաքացիները կոչ ուղղեցին լիբանանեան Կարմիր խաչին, որպէսզի զիրենք դուրս բերէ այդ վայրէն, սակայն օժանդակութեան հասան լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, որոնք մօտեցան Հուլայի շրջակայքը եւ կրցան դուրս բերել բոլոր շրջափակուածները, որոնցմէ դժբախտաբար քաղաքային մը զոհուած էր, իսկ ուրիշ մը` վիրաւորուած:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հուլայի մէջ 7 լրագրողներ կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը, երբ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին Հուլա գիւղաքաղաքին ուղղութեամբ` թիրախ դարձնելով հոն գտնուող լրագրողները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ լրագրողներուն հետ կային նաեւ քաղաքայիններ, որոնցմէ մէկը զոհուած էր:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Հուլայի մօտակայքը գտնուող լրագրողները թիրախ դարձնելու արարքը` հաստատելով, որ Լիբանանի դէմ բռնարարքներն ու յարձակումները անպատիժ պիտի չմնան:

Շուրջ կէս գիշերին, իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Ալմա Շաապի եւ Տհայրայի վերեւ, ինչպէս նաեւ հրետանիով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի որոշ շրջաններ:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն իսրայէլեան կործանիչներ թիրախ դարձուցին հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կարգ մը դիրքեր, ուրկէ հակահրասայլային հրթիռներ արձակուած էին:

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը պիտի դատարկէ անոր բնակիչներէն եւ զանոնք տեղափոխէ հիւրատուներ` իսրայէլեան կառավարութեան հաշուոյն:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ վաւերացուց այդ ծրագիրը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր ռմբակոծուած Քըրիաթ Շմոնայի մէջ հրթիռ մը ինկած էր ինը յարկանի շէնքի մը վրայ եւ վիրաւորած երեք իսրայէլացի քաղաքայիններ:

Մինչ իսրայէլեան ուժեր կը դատարկէին Քըրիաթ Շմոնայի բնակիչները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շրջուն ջոկատ մը սահմանային Կապոյտ գիծը կը հսկէր` սկսելով Ատայսէի բարձունքներէն, Պասթրա, Պաասայէլ, Հարամուն եւ Շեպաա:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հսկողութիւն կատարեցին նաեւ ուղղաթիռներով Մարիի, Ղաժարի, Ռուէյսեթ Ալամի եւ Քֆարշուպայի վերեւ:

Զգուշաւոր այս լռութիւնը տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, երբ իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, թէ իրենց քաղաքականութիւնն է պատասխանել Հըզպալլայի ռմբակոծումներուն:

Հակառակ յայտարարուածին, անոնք կէս ժամ ետք հրետանիներով ռմբակոծեցին Այթա Շաապը:

Քիչ անց, իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, որ Լիբանանի սահմանակից շրջանէն Մարկելիոթ գիւղաքաղաք անձ մը ներխուժած է, եւ այդ պատճառով ալ իսրայէլեան ուժեր կը կրակեն` փնտռելով ներխուժում գործած անձը:

Ժամ մը ետք Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Մանարա եւ Ռամթա դիրքերը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր թիրախ դարձուցին սահմանագիծին վրայ գտնուող Հըզպալլայի երեք մարտիկներ:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Դիմադրութիւնը յայտնեց, որ ռմբակոծած է Ռուէյսաթ Ալամի, Ռամթայի, Սըմմեքայի եւ Ռատարի իսրայէլեան կեդրոնները, իսկ իսրայէլեան ուժեր հակադարձած են ռմբակոծելով Քֆարշուպան:

Ժամը 4:20-ին Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը յայտարարեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները յարմար զէնքերով թիրախ դարձուցած են Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան դիրքերը, որոնք են` Ռամթա, Զըպտին, Ռատար, Ռուէյսեթ Քարն եւ Ռուէյսեթ Ալամ:

Իսրայէլեան ուժեր իրենց կարգին ռմբակոծեցին Ռըմէյշի մօտակայքը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին լիբանանեան Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշայի զինուորական կեդրոնը: Այդ ռմբակոծումին իբրեւ պատասխան իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Եարին եւ Պուսթան գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ Քֆարքիլայի եւ Ատայսէի միջեւ գտնուող Աուիտա բլուրը:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցին Ասի իսրայէլեան զինուորական դիրքը, ինչպէս նաեւ Եաֆթահ բնակեցման վայրը:

Այս ռմբակոծումներուն իբրեւ պատասխան իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Մէյսէլ Ժապալի հիւանդանոցին շրջակայքը, Խիամը եւ Ուատի Ռամիան:

Քանի մը վայրկեան ետք, Հըզպալլա յայտնեց, որ ռմբակոծած է Հերմոն զինուորական դիրքը, ինչպէս նաեւ Հաունին զօրանոցը եւ պատճառած մեծ թիւով վիրաւորներ` իսրայէլեան ուժերու շարքերուն մէջ:

Իսկ ժամը 6:30-ին, իսրայէլեան օդուժը խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ հարաւային շրջանէն Սուրի վրայով ուղղուեցաւ հիւսիսային Լիբանան, իսկ իսրայէլեան հրետանին 155 մմ տրամագիծի  տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեց Պըրժ Մուլուքը, Քլայաան, Խիամն ու Մերժահիունը:

Ժամ մը ետք իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին Պէյրութէն Սայտայի վերեւ:

Միւս կողմէ, օտար պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնները շարունակեցին զգուշացնել իրենց քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ եւ Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին` լքելու Լիբանանը:

Այսպիսով, Նետերլանտներու կառավարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները` Լիբանան ճամբորդելէ:

Ուքրանիոյ դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն մեկնելու Լիբանանէն` հոն տիրող ապահովական կացութեան վատթարացումին պատճառով:

Սէուտական Արաբիոյ օդանաւային ընկերութիւնը մինչեւ 31 հոկտեմբեր դէպի Լիբանան իր ծրագրուած բոլոր թռիչքները ջնջեց` նկատի ունենալով հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ապահովական մագլցումները:

Պելճիքայի իշխանութիւնները իրենց կարգին պահանջեցին Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիներէն` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լքելու Լիբանանը:

Օմանի դեսպանատունը եւս կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն անմիջապէս լքելու Լիբանանը:

Ռուսիա իր կարգին յորդորեց իր քաղաքացիները Իսրայէլ, Լիբանան, Յորդանան եւ պաղեստինեան հողեր չայցելելու:

Նշենք, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ օդանաւերը դէպի Կիպրոս եւ Թուրքիա փոխադրելու եւ կարգ մը թռիչքներ չեղեալ նկատելու քայլերուն մասին ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ռմբակոծելու մասին տեղեկութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենց հասած բոլոր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ հարաւային Լիբանանի զինեալ բախումները պիտի մնան բախման ոճի մարտավարութեան սահմաններուն մէջ:

Հութ նշեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը գործողութեան սկիզբէն ի վեր իրենք համապատասխան արժեւորումը կատարած են ապահովագրութեան ընկերութիւններուն հետ: «Այս մասին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ խորհրդակցեցայ եւ փոխանցեցի ապահովագրութեան կապուած մանրամասնութիւնները», ըսաւ ան:

Հութ յայտնեց, որ դէպի Փարիզ թռիչքները չեղեալ չեն նկատուած, այլ նուազած են:

Ան շեշտեց, որ ինք 2006-ին չէ վախցած` ընդգծելով, որ այսօր եւս չի վախնար, «որովհետեւ նոյնիսկ եթէ այս փուլին տուժեն եւ վնասներ արձանագրեն, աւելի ուշ կրնան վերստին հատուցել եւ դարձեալ ոտքի կանգնիլ: Մենք յանձնառու կը մնանք մեր պաշտօնեաներուն նկատմամբ եւ ունինք այնպիսի կարողութիւններ, որոնց շնորհիւ կրնանք շրջանցել այս հարցերը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընկերային ցանցերու «Էքս» հարթակին վրայ կատարեց գրառում մը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը կը շարունակէ բնականոն կերպով գործել:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Ան երեկոյեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որմէ իմացաւ այսօր գումարուելիք Գահիրէի խաղաղութեան վեհաժողովին մանրամասնութիւններուն մասին: Քննարկուեցաւ նաեւ Կազայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը, որ յորդորեց Լիբանանը հեռու մնալ պաղեստինեւիսրայէլեան ներկայ զինեալ բախումներէն:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթի Պերպոքէն խնդրեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` Լիբանանի եւ Կազայի դէմ բռնարարքները կասեցնելու համար:

Նշենք, որ Միքաթի հաստատած էր, որ կառավարութիւնը դիւանագիտական եւ քաղաքական բոլոր խորհրդակցութիւնները կատարած է` լուծելու համար տիրող կացութիւնը եւ կասեցնելու համար իսրայէլեան բռնարարքները:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը մշակած է նաեւ ծրագիր մը` ստեղծուելիք շտապ որեւէ իրավիճակի մասին:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոուեն Վըրվեքի հետ: Վըրվեք յայտնեց, որ եթէ Միջին Արեւելքը պաղառութեամբ ախտորոշուի, ապա այդ ժահրը պիտի փոխադրուի նաեւ Եւրոպա:

Պու Հապիպ Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Ֆինլանտայի, Շուէտի եւ Քանատայի դեսպաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան լուրջ մտահոգութիւն ունի Կազայի մէջ 14-րդ օրն ըլլալով իսրայէլեան բռնարարքները վկայելով: Ան պահանջեց, որ այդ երկիրներուն կառավարութիւնները միջամտեն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն` վերջ տալու համար ապահովական մագլցումներուն:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ ատելութեան բառամթերքն ու վայրագութեան գրգռութիւնը պիտի հասնին նաեւ արեւմտեան երկիրներ ու քանդեն անոնց կայունութիւնը:

Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ երկու պետութիւններու լուծումը միակ ելքն է Կազայի բախումներուն կասեցման: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը վստահի Եւրոպային եւ աշխարհին վրայ Գերմանիոյ ունեցած ազդեցութեան` յուսալով, որ Կազայի մէջ կարելի ըլլայ անմիջական զինադուլ մը ապահովել:

Պու Հապիպ զգուշացուց, որ այս տագնապին հետեւանքները միայն շրջանին ապահովութեան վրայ պիտի չազդեն, այլ` Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհին:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւէն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի իրադարձութիւնները:

Լըքորնիւ անհրաժեշտ նկատեց եւ յորդորեց Լիբանանը չներքաշելու պատերազմին մէջ եւ զայն հեռու պահելու պաղեստինեան իրավիճակին հետեւանքներէն:

Ան շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով հարաւային Լիբանանի սահմանները ապահովական մագլցումներէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ 13 օրէ ի վեր հակասութիւններ կը կատարուին, ինչ որ կը փաստէ, թէ սիոնական գոյացութիւնը անբնական իրավիճակի մէջ կը գտնուի:

Ան հաստատեց, որ Իսրայէլի վայրագութեան պէտք է վերջ տալ, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ զօրակցութիւնը կասեցնել:

Ամանի ընդգծեց, որ Թեհրան ճիգ չի խնայեր դիւանագիտական միջոցներով կասեցնելու զինեալ բախումները:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Հըզպալլան անկախ է իր տալիք որոշումներուն մէջ` աւելցնելով, որ Կազան ռմբակոծումի թիրախ դարձնելուն փոխարէն Դիմադրութեան փաղանգները լուռ պիտի չմնան:

aztagdaily.com/archives/596359

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail