Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կ՛ընդարձակուին. Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդել Լիբանանը, Եթէ Հըզպալլա Որոշէ Պատերազմին Մաս Կազմել

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կ՛ընդարձակուին. Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդել Լիբանանը, Եթէ Հըզպալլա Որոշէ Պատերազմին Մաս Կազմել

Հոկտեմբեր 23, 2023 | Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան

Անցեալ շաբաթավերջին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին Լիբանանի բացակայութիւնը խիստ զգալի էր: Ճիշդ է, որ Լիբանան Եգիպտոսի մտերիմ երկիր կը նկատուի, եւ Եգիպտոս ուղղակիօրէն ու հետեւողական առնչութիւն ունի լիբանանեան տագնապներուն լուծման, սակայն այդ բացակայութիւնը ունեցաւ իր արձագանգները եւ մնաց անբացատրելի, հակառակ այն իրողութեան, որ վեհաժողովէն կարելի չեղաւ եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակել` արաբական եւ արեւմտեան կողմերուն տարակարծութիւններուն պատճառով:

Անկախ վեհաժողովէն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց քանդել Լիբանանը, եթէ Հըզպալլա որոշէ պատերազմին մաս կազմել:

Երէկ երեկոյեան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու Կազան յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան յարձակումը կասեցնելու միտումով ի գործ դրուած ջանքերը:

Շուքրի Միքաթիին ներկայացուց Գահիրէի խաղաղութեան վեհաժողովին արդիւնքները:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթէն, որ նոյնպէս Միքաթիին ներկայացուց Գահիրէի մէջ կայացած խաղաղութեան վեհաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու ջանքերուն մանրամասնութիւնները:

Շաբաթ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բախումները ընդարձակուեցան: Այս իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շաբաթ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոր լուրջ մտահոգութիւն յայտնած` սահմանագիծի մագլցումներուն մասին:

Պլինքըն ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանցիներուն, սակայն մտահոգ է հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու օղակին ընդարձակումով: Ան հաստատած է լիբանանցի ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ Համասի եւ Իսրայէլի պատերազմին մէջ Լիբանանի ներքաշուիլը կրնայ երկրին վրայ վատ ազդեցութիւն ունենալ:

Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնեց բախումներուն պատճառով զոհուած լիբանանցի քաղաքայիններու ընտանիքներուն` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող օրինական ուժերն են:

Այս շրջագիծին մէջ շարունակուեցան Լիբանանը զգուշացնող արեւմուտքցի պատուիրակներուն այցելութիւններն ու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ դեսպանատուներուն զգուշացումները իրենց քաղաքացիներուն` Լիբանան չայցելելու եւ հոն գտնուելու պարագային երկրէն անմիջապէս հեռանալու իմաստով: Անցեալ շաբաթավերջին այդ երկիրներուն վրայ աւելցաւ նաեւ Շուէտը:

Նշենք, որ Արեւմուտքին կողմէ Լիբանանի ուղղուած արտաքին զգուշացումներէն ամէնէն յատկանշականը եղաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յղած ուղղակի յորդորը Հըզպալլային` Իսրայէլի հետ ապահովական բախումներէ եւ մագլցումներէ խուսափելու: Մաքրոնի գրասենեակը հաստատեց, որ Հըզպալլային ուղղուած այս պատգամը հասաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի միջոցով, եւ այդ մասին տեղեակ պահուեցան լիբանանեան իշխանութիւնները:

Միւս կողմէ, գետնի վրայ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան: Սահմանային Կապոյտ գիծը վկայեց ապահովական յաւելեալ մագլցումներու, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցաւ զինուորական գործողութիւններու աւելի ընդարձակ բնոյթ եւ ռմբակոծումի աւելի ծանր թափ:

Իսրայէլեան հրետանին շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Տհայրա եւ Ալմա Շաապ գիւղաքաղաքները` այս անգամ թիրախ դարձնելով քաղաքայիններու բնակարաններ եւ մայր ճամբաներ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Հուլայի մէջ թիրախ դարձուց «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն վարորդը զոհուեցաւ:

Իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին նաեւ Մարուն Ռաս եւ Եարուն գիւղաքաղաքները, Քֆարշուպայի բարձունքները, Շեպաան, Խիամի հովիտը, Հըլթա, Շանուհ Ռուպահ Թըպըն, Պլիտա, Մերժահիուն, Այթա Շաապ, Ռամիէ եւ Պընթ Ժպէյլ շրջանները:

Իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Թալ Նահհասի վրայ` պատճառելով հսկայ հրդեհ մը:

Շաբաթ կէս գիշերին, իսրայէլեան ուժեր Եարին գիւղաքաղաքը ռմբակոծեցին ֆոսֆորային հրթիռներով:

Կիրակի առաւօտեան իսրայէլեան ուժերը ֆոսֆորային հրթիռներ արձակեցին Ալմա Շաապի, Ժըպպինի եւ Թէյր Հարֆայի դէմ:

Մինչեւ կէսօր իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Քֆարշուպայի բարձունքները, Մարժը եւ Հուլայի շրջակայքը:

Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պլիտա եւ Այթարուն գիւղաքաղաքները:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին սահմանային Ռամիա գիւղաքաղաքը, ուր հաստատուեցաւ, որ արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերն ու Լիբանանեան Կարմիր Խաչը ուղղուեցան ռմբակոծուած շրջանը, ուրկէ դուրս բերին վեց դիակներ:

Հըզպալլա իր կարգին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Տով լեռները, Ռուէյսեթ Ալամը, Սըմմեքայի բարձունքները եւ Պլիտայի ու Ապատի մէջ իսրայէլեան զինուորական դիրքերը:

Դիմադրութիւնը Մէյսէլ Ժապալի հանդիպակաց շրջանին մէջ թիրախ դարձուց իսրայէլեան ուժերուն պատկանող հսկողութեան աշտարակ մը, ինչպէս նաեւ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց Հանիթա բնակեցման վայրը:

Հըզպալլա երկու թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց Եարունի հանդիպակաց Թայարաթ լեռը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց իսրայէլեան Մանարա բնակեցման վայրը:

Դիմադրութիւնը իսրայէլեան Տովիվ զօրանոցին մէջ հակահրթիռային հրթիռներ արձակեց «Համըր» տիպի մեքենայի մը վրայ` սպաննելով ու վիրաւորելով անոր մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին, Դիմադրութիւնը Ժապալ Շէյխի վրայ թիրախ դարձուց իսրայէլեան հրասայլ մը, ինչպէս նաեւ քանդեց Ապատի զինուորական դիրքին վրայ գտնուող աշտարակին վրայ ամրացուած լրտեսական ու հսկողութեան գերարդիական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները լրտեսական այլ սարքեր փճացուցին նաեւ Մասքաֆաամի բնակեցման վայրին մէջ:

Կէսօրէ ետք Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Պայյատի եւ Մալիքիէի զինուորական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ հակահրասայլային հրթիռներով ու հրասանդերով ռմբակոծեց Քիպուց եւ Եաֆթահ բնակեցման վայրերը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հըզպալլա թիրախ դարձուց Ռուէյսաթ Ալամի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնն ու Քֆարշուպայի բարձունքները:

Շաբաթ ուշ գիշերին Հըզպալլա տեղեկացուց իր 6 մարտիկներուն նահատակութեան մասին: Անոնք են` Իսմայէլ Ահմետ Զէյն, Պիլալ Նմըր Ռմէյթի, Ալի Խալիլ Խրէյս, Ապպաս Պասսամ Շուման, Իպրահիմ Հասան Աթուի եւ Ուիսամ Մոհամետ Հայտար:

Իսկ իսրայէլեան ուժեր յայտնեցին, որ հիւսիսային Իսրայէլի ռմբակոծումին ընթացքին զոհուած է իսրայէլացի զինուոր մը եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ:

Կիրակի օր Հըզպալլա յայտարարեց իր մարտիկներէն Եուսեֆ Ապու Խալիլի, Հայտար Խտըր Այյատի, Ժաաֆար Ապպաս Այյուպի, Ալի Մահմուտ Մարմարի եւ Ահմետ Ալի Հալլանիի նահատակութիւնը:

Նշենք, որ սահմանագիծին վրայ արձանագրուած այս մագլցումներուն պատճառով Կապոյտ գիծին մօտակայքը բնակող լիբանանցիներ ուղղուեցան դէպի լիբանանեան աւելի ապահով շրջաններ: Այս շրջագիծին մէջ Սուր հասան շուրջ 1500 ընտանիքներ, մինչ հարիւրաւոր ուրիշ ընտանիքներ ուղղուեցան լիբանանեան այլ շրջաններ, ինչպէս` Շուֆ, Լեռնալիբանան, Մեթն եւ Պէյրութ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն տեսակի հաւանականութիւններու: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա որոշած է մաս կազմել պատերազմին եւ անոր գինը շատ սուղ պիտի վճարէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաստատեցին, որ ցարդ 50 հազար բնակիչներ տեղահանուած են Լիբանանի հետ սահմանային 26 բնակեցման վայրերէ, որոնց մէջ է նաեւ Քըրիաթ Շմոնան, որ կը նկատուի իսրայէլեան մեծագոյն բնակեցման վայրը:

Ներքին առումով Միքաթի շաբաթավերջին ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ արաբական, միջազգային եւ տեղական մակարդակի վրայ դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` կասեցնելու համար Լիբանանի, յատկապէս հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ արգիլելու, որ Կազայի պատերազմին օղակը ընդարձակուի` կլանելով նաեւ Լիբանանը:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք լաւ կը հասկնայ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնն ու մտավախութիւնը, յատկապէս օտար երկիրներու դեսպանատուներուն կողմէ անոնց քաղաքացիներուն ուղղուած զգուշացումներէն ետք, «սակայն կը հաստատենք, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք: Այն ժողովներն ու պատրաստութիւնները, որոնք կը կատարենք` շտապ ծրագիր մշակելու համար, նախազգուշութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնան, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուինք թշնամիի մը, որուն արիւնալի պատմութեան ծանօթ ենք: Միաժամանակ ապահով կը զգանք այն իրականութեան համար, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրները կը մասնակցին Լիբանանի ջանքերուն` կացութիւնը կայունացնելու եւ յաւելեալ մագլցումներու դուռ չբանալու նպատակով», շեշտեց ան:

Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները իրենց կարգին նախազգուշական են: «Մենք տեղեկութիւններ չենք ստացած օդակայանին վրայ յարձակումի իմաստով, եւ յոյսով ենք, որ օդակայանին մէջ որդեգրուած արտակարգ միջոցառումները պիտի ըլլան կարճ ժամանակի համար, որմէ ետք ամէն բան իր բնականոն ընթացքով պիտի շարունակէ», ըսաւ ան:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ տագնապներու եւ զինեալ բախումներու ընթացքին տարաձայնութիւններն ու սուտ լուրերը կը բազմանան` աւելցնելով, որ անոնք մաս կը կազմեն լիբանանցիները ընկճելու հոգեբանական պատերազմին, «սակայն ես վստահ եմ, որ լիբանանցի ժողովուրդը պիտի կարենայ շրջանցել այս տագնապը, ինչպէս մնացեալ բոլոր տագնապները, եւ պիտի չարտօնէ թշնամի Իսրայէլին, որ տապալէ տոկալու իր կամքը», յայտնեց Միքաթի:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վստահելու կառավարութեան, որ կը շարունակէ պէտք եղած բոլոր ջանքերը` Լիբանանը հեռու պահելու ամէն տեսակի վնասէ:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ պէտք է իմանալ, որ Դիմադրութիւնը կուսակցութիւն մը կամ դիմադրող խմբաւորում մը չէ, այլ` ժողովուրդներ, որոնք այս շրջանին մէջ կ՛ապրին:

«Հըզպալլա պիտի շարունակէ առճակատիլ եւ դիմադրել` ապահովելու համար Դիմադրութեան յաղթանակը, արաբ ժողովուրդին ապագան եւ Պաղեստինի ու Երուսաղէմի, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած բոլոր հողերուն ազատագրումը», շեշտեց ան:

Քասեմ ընդգծեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ եթէ բախումները թէժանան, եւ կարիք զգացուի Դիմադրութեան յաւելեալ միջամտութեան, ապա Հըզպալլան կազմ ու պատրաստ է ընդառաջելու եւ մխրճուելու այդ գործողութիւններուն մէջ:

Քասեմ Իսրայէլը յորդորեց բաւարարուելու «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան կողմէ իր կրած պարտութեամբ, որպէսզի ան նաեւ յաւելեալ պարտութիւններ չկրէ:

Ան դիտել տուաւ, որ Կազայի մէջ գտնուող անակնկալները իսրայէլեան ցամաքային ներթափանցումը պիտի վերածեն իսրայէլացիներու գերեզմաններուն:

Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդգծեց, որ իրենց հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակեն, որպէսզի բախումները աւելի վտանգաւոր բնոյթ չստանան:

aztagdaily.com/archives/596458

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail