Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Աղուանական Սերտ Կապեր Եւ Հայերը Բնիկ Տարր Աղուանքի Մէջ
Հոկտեմբեր 18, 2023 | – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Արցախ` Աղուանական Հոգեւոր
Ժառանգութեան Իրաւատէր
Աղուանքի, կամ ներկայիս իբրեւ Ազրպէյճան կոչուող երկրին հետ հայեր առնչութիւն ունեցած են պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն եւ շրջանի բնիկներ եղած են:
Աղուաններ սերտ եւ անքակտելի կապեր ունեցած են հայերուն հետ եւ հայոց մշակութային ու հոգեւոր ազդեցութեան ենթարկուած են, իսկ Աղուանից եկեղեցին հայ եկեղեցւոյ կապուած եղած է:
Արցախի Առանշահիկներու նախարարական տոհմը տիրապետութիւն հաստատած է Աղուանքի վրայ, եւ բուն աղուան ժողովուրդի անշքացումէն ետք, Աղուանք անուանումը երկար ժամանակ իր գործածութիւնը պահպանած է յատկապէս Արցախի մէջ: Իսկ Աղուանից կաթողիկոսութիւնը շարունակուած է Խաչենի տէր Հասան Ջալալեաններու գերակայութեամբ, հայ ազգային ազատագրական շարժման կեդրոն Գանձասարի վանքին մէջ:
* * *
Աղուանք կը գտնուի Կուր գետին եւ Կովկասեան լեռներուն միջեւ. արեւմուտքէն սահմանակից է Մեծ Հայքին, իսկ արեւելեան կողմը Կասպից ծովն է:
Հիւսիսը Կովկասեան բարձր լեռներն են, բազմաթիւ շղթաներու բաժնուած, որոնք աստիճանաբար սանդղաձեւ իջնելով կը հասնին դաշտեր եւ Կասպից ծով:
Արցախեան լեռներէն արեւելք տարածուող փոքր լեռնաշղթաները, սարահարթերով, հովիտներով եւ խոր ձորերով, կ՛իջնեն դէպի Կուր-Արաքսեան հարթավայր, Աղուանից, Զարղունի եւ Վատնեան դաշտեր:
Կուր գետը Խրամ գետաբերանով կը մտնէ Աղուանք, աջ ու ձախ կողմէն կ՛ընդունի բազմաթիւ վտակներ, կ՛ոռոգէ դաշտերը եւ կը թափի Կասպից ծով:
Աղուանքի առաջին մայրաքաղաքը եղած է Չողայ (Չող): Այնուհետեւ մայրաքաղաքներ եղած են Կապաղակ եւ Պարտաւ:
Աղուանք բաժնուած էր տասնմէկ գաւառներու. Եղնի (կամ Խենի), Կամբեճան, Բեղ, Շաքի, Գետառու, Խողմազ, Գեւաւու, Համբասի, Կապաղակ, Քաղադաշտ (կամ Քալաձոր) եւ Դաշտի Բազկան (Հեջերի):
Պատմական տարեգրութիւններ կը հաստատեն, որ քսանվեց ցեղեր բնակած են Աղուանքի մէջ: Ցեղերու մեծ մասին անունները չեն պահպանուած: Միայն քանի մը ցեղերու մասին սկզբնաղբիւրները որոշ տեղեկութիւններ պահպանած են: Այդ ցեղերն են` գարգար, գել, լփին (լփնի), ճիղբ, դիդուր (դիդոյ), ուտի, կասպ եւ լեգ:
* * *
Հին աղբիւրներու եւ ժողովրդական աւանդութեան համաձայն Աղուանք անուանումը ծագում առած է Հայոց Արեւելից կողմերէն, հայերէն աղու բառէն, որ կը նշանակէ համեղ, քաղցր, անուշ:
Արցախի Առանշահիկներու նախարարական տոհմի նահապետ Առան քաղցր բնաւորութիւն ունեցած է, եւ անոր ի պատիւ ամբողջ երկրամասը կոչուած է Աղուանք:
Աղուանք անուանումը նաեւ կը բնութագրէ բարեբեր երկիրը իր բարենպաստ, մեղմ ու դուրեկան կլիմայական պայմաններով:
Հայերէն Աղուանք անուանումը հռոմայեցիներուն կողմէ հնչիւնափոխուելով եղած է Ալպանիա:
* * *
Աւանդութեան համաձայն Հայկ նահապետի թոռ եւ Գեղամի որդի Սիսակ իբրեւ ժառանգութիւն ստացաւ Հայաստանի արեւելեան մասը, իսկ անոր սերունդէն Առան «արեւելեան հիւսիսային կողմի մեծ, անուանի, բազմաբիւր» կուսակալութիւնը ստացաւ:
Առանէն սերած Առանշահիկներու տոհմին ժառանգութիւն դարձաւ Արցախը եւ Արաքսի ու Կուրի միջագետքը` Հայկական Աղուանքը:
Մեծ Հայքի թագաւորութեան բաժանումէն ետք, 387-ին, Արցախ եւ Ուտիք Սասանեան Պարսկաստանի կողմէ Աղուանքի միացուեցան:
Հայ նախարարական աւագանին հզօր ուժ դարձաւ Աղուանքի մէջ, իսկ Արցախի առանշահիկները երկրին տէրերը եղան:
* * *
Պատմական տարեգրութիւններ կը հաստատեն, որ Կուրի ձախափնեայ` Բուն Աղուանքի մէջ, աղուանական ցեղերու կողքին բնակած են հայեր, որոնք ուրոյն դերակատարութիւն ունեցած են երկրամասի մշակութային եւ քաղաքական զարգացումներուն մէջ:
Հրաչեայ Աճառեան «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» իր աշխատութեան մէջ կ՛ըսէ. «Աղուանից երկրին մէջ կը գտնուէին հայկական ծագում ունեցող ցեղեր…: Ասոնք այնպէս ուժեղ էին եւ այնպէս հաստատուն կերպով տեղաւորուած երկրին մէջ, որ ոչ թէ միայն իրենց ինքնուրոյնութիւնը կորցրած չէին, այլեւ ընդհակառակը` զանազան յաջող հանգամանքներու պատճառաւ այնպէս ազդեր էին երկրին վրայ»:
Իր կարգին Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս իր յիշատակարանին մէջ կը գրէ. «Իսկ բազմութիւնք հայալեզու եւ հայակրօն ժողովրդոցն, որք այժմ գոն ի յերկիրն Աղուանից, հայք են ի բնէ»:
Իսկ ռուս կովկասագէտ Եուրի Գագեմեյստէր կ՛ըսէ. «Նախկին Կասպիական մարզի ամբողջ բնակչութենէն իրենց նախաբնակութիւնը կրնան ապացուցել միայն հայերը եւ ուտիները»:
* * *
Սուրբ Թադէոս առաքեալի եօթանասուն աշակերտներէն Եղիշէ եւ Դադի քրիստոնէութիւնը տարածեցին Արցախի, Ուտիքի եւ Աղուանքի մէջ:
Եղիշէ առաքեալի քարոզչութեան շնորհիւ, Հայաստանի առաջին լուսաւորութեան հետ քրիստոնէական լուսաւորութիւնը ողջունեց Աղուանից մայրաքաղաք Չողայ: Եղիշէ առաքեալ Չողայէն անցաւ Կապաղակ, Սուհառ ու Գիս եւ լուսաւորեց ժողովուրդը ճշմարիտ աստուածապաշտութեան լոյսով, կառուցեց Աղուանքի առաջին եկեղեցին եւ պատարագ մատուցեց: Աստուծոյ խօսքերը սերմանելով եւ շատեր իրեն աշակերտ դարձնելով անցաւ Զարղունի դաշտ, ուր նահատակուեցաւ: Անոր մասունքները Արցախ տեղափոխուեցան եւ Մռաւ լերան անտառապատ լանջին ամփոփուեցան, ուր կառուցուեցաւ Եղիշէ առաքեալի վանքը, որ մշակոյթի ու դպրութեան կեդրոն դարձաւ:
Դադի Արցախի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածեց եւ հոն ալ նահատակուեցաւ: Մասունքները Թարթառ գետի անտառապատ ափին, Մռաւի լեռնաշղթայի Դադիվան լերան լանջին, բլուրին վրայ ամփոփուեցան, ուր կառուցուեցաւ Դադիվանքը:
* * *
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռ Գրիգորիս Արցախի եւ Աղուանքի առաջին եպիսկոպոսը եղաւ եւ Ամարասի վանքը հիմնեց: Ան նահատակուեցաւ Բուն Աղուանքի Վատնեան դաշտին մէջ, 337-338-ին: Աճիւնները Արցախ տեղափոխուեցան եւ Ամարասի վանքին մէջ ամփոփուեցան:
Աղուաններու Ուռնայր թագաւոր 370-ական տարիներուն քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակեց եւ մկրտուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ աղուան Բենիամին վարդապետին հետ աղուաներէն այբուբենը ստեղծեց:
Աղուանից եկեղեցւոյ ծիսական արարողական լեզուն աղուաներէնն էր: Արցախի եւ Ուտիքի հայկական թեմերու Աղուանից եկեղեցւոյ իրաւասութեան տակ մտնելէն ետք, աղուաներէնի կողքին, պաշտամունքի եւ գրաւոր հաղորդակցութեան լեզու նկատուեցաւ նաեւ հայերէնը:
Աղուանից եկեղեցին հայ եկեղեցւոյ ենթակայ եղած է: Աղուանից կաթողիկոսները հայոց կաթողիկոսին կողմէ կը ձեռնադրուէին:
Աղուանից եկեղեցւոյ հայացման գործընթացը Է. դարէն սկսեալ լայն ծաւալ ստացաւ: Աւելի ուշ արդէն եկեղեցական արարողութիւնները հայերէն լեզուով կը կատարուէին:
* * *
Արաբական նուաճումներէն ետք, Է. դարուն, սկսաւ Բուն Աղուանքի բռնի իսլամացումը. երկիրը արիւնով ներկուեցաւ եւ քրիստոնեաները անխնայ սուրի քաշուեցան: ԺԱ. դարուն արդէն շրջանի բնակչութեան մեծ մասը իսլամացած էր:
Քաղաքական մասնատման պայմաններուն տակ Աղուանից կաթողիկոսութիւնը Միափոր գաւառի Խամշի վանքին մէջ (ներկայիս` Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի գիւղին մօտ, Գետիկ գետակի ձախ ափին) հաստատուեցաւ:
Սելճուք-թուրքերու եւ մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութեան պայմաններուն տակ, Բուն Աղուանքը եկուոր քոչուորներու արօտավայրերու վերածուեցաւ: Քրիստոնեայ աղուաններուն դէմ սոսկալի նախճիրներ գործադրուեցան, անոնցմէ շատեր գերեվարուեցան եւ բազմաթիւ բնակավայրեր աւերուեցան: Աղուաններու մնացորդները թրքական ցեղերուն խառնուելով ձուլուեցան:
Բուն աղուաններէն իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ քրիստոնէական հաւատքը պահպանեցին միայն ուտիները` Նիժ եւ Վարդաշէն գիւղերուն մէջ: Հայ եկեղեցւոյ կապուած ըլլալով, անոնք նկատուած են հայ ժողովուրդին մէկ մասնիկը:
Աղուանից եկեղեցւոյ մէջ 1240-էն սկսեալ գերակայ դիրք գրաւեցին Խաչենի տէր Հասան Ջալալեանները, իսկ Գանձասարի վանքը կաթողիկոսանիստ դարձաւ:
Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ԺԵ. դարուն երկու ճիւղի բաժնուեցաւ, երբ Գանձասարի կողքին, ուտիական Վարդաշէն գիւղին մօտակայ, հին հայաբնակ Ճալէթ գիւղին Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կաթողիկոսութիւն հաստատուեցաւ, որ գոյատեւեց մինչեւ ԺԶ. դար:
Գանձասարի աթոռը աւանդաբար շարունակեց կրել Աղուանից կաթողիկոսութիւն անուանումը, որ սակայն ազգային հիմք չունէր եւ դարձած էր վերացական հասկացողութիւն:
Աղուանից կաթողիկոսութիւնը հայկական էր իր բնոյթով, եւ Գանձասար հայ ազատագրական շարժման գլխաւոր կեդրոն էր:
Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ռուսական կառավարութեան որոշումով 1815-ին ջնջուեցաւ:
* * *
Գաչրաշի անտառը Ղուբայի շրջանին մէջՍելճուք եւ մոնկոլ թաթարական արշաւանքներէն ետք, թուրքմէնական Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու ցեղերը իրենց տիրապետութիւնը տարածեցին մինչեւ Աղուանք: Սեֆեան Պարսկաստան 1501-ին գրաւեց Աղուանքը:
Սեֆեան Պարսկաստան վարչական չորս միաւորներու բաժնուած էր. Իրաք, Ֆարս, Ազրպէյճան եւ Խորասան: Ազրպէյճան երկրամասը, որուն կեդրոնը Թաւրիզն էր, կ՛ընդգրկէր նաեւ Չուխուր Սաատը (Արարատեան դաշտ), Ղարաբաղը եւ Շիրվանը: Հետագային կազմաւորուեցան Ղուբայի, Շաքիի, Շիրվանի, Պաքուի, Գանձակի, Ղարաբաղի, Թալիշի, Նախիջեւանի, Դերբենդի եւ Երեւանի խանութիւնները:
Ռուսեր ԺԹ. դարուն սկիզբը նուաճեցին Կովկասը:
* * *
Պարսկական դարաւոր տիրապետութեան պայմաններուն տակ պարսկերէնը պետական-գրագրական լեզու էր, եւ պատմական Աղուանքի բնակչութիւնը պարսկական մշակութային ու հոգեւոր ազդեցութեան ենթարկուած եւ շիի դաւանանքի հետեւորդ եղած է:
Ռուսեր Անդրկովկասը Պարսկաստանէն խլելով սկսան արմատախիլ ընել պարսկական դարաւոր մշակոյթի աւանդոյթները:
Ռուսական պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ԺԹ. դարու կիսուն Պաքուի բնակչութեան մեծամասնութիւնը թաթեր (կովկասեան պարսիկներ) էին, իսկ Շամախիի եւ Ղուբայի բնակչութեան` շուրջ մէկ-երրորդը: Իրանալեզու թալիշները Լենքորանի բնակչութեան գրեթէ կէսը կը կազմէին:
Ցեղախմբային կեանք վարող Այրումլու, Փատար, Թարաքամա, Ջաւանշիր, Շահսաւան եւ թրքական այլ ցեղեր կը բնորոշուէին իբրեւ կովկասեան թաթարներ:
Ռուսական կայսրութեան փլուզումէն ետք, Պաքուի եւ Ելիզաւետպոլի նահանգներու տարածքին 1918-ին կազմաւորուած պետութիւնը կովկասեան թաթարները Իրանի պատմական Ազրպէյճան (Ատրպատական) նահանգին անունով կոչեցին: