ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑՆՈՐՔԸ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑՆՈՐՔԸ

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

 

     Ա.Ա.

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք շրջանառութեան մէջ դրուած՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի գաղափարը վերջերս Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ քննարկումներու առարկայ դարձաւ։Գաղափար մը, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է պատմութեան նենգափոխութեան եւ ատրպէյճանական քարոզչական մեքենային յօրինումներուն վրայ, թէ Հայաստանի տարածքը խորքին մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է եւ տեղւոյն բնակչութիւնը վտարուած ըլլալով հայ հրոսակախումբերու կողմէ, պէտք է իր հայրենիքը վերադառնայ։Այս գաղափարին իբրեւ յենարան կը ներկայացուի «մեծ վերադարձ» ծրագրին մանրամասնութիւնները, թէ մինչեւ 2026 աւելի քան չորս հարիւր հազար ատրպէյճանցիներ իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնան՝ վերաբնակեցման ծրագրերու թոհուբոհին մէջ միջազգային հանրութիւնը եւ հանրային կարծիքը խաբելով։ Խորքը այս ծրագրին յստակ է եւ Ատրպէյճանի մէջ մերթ ընդ մերթ կը խօսուի անոր մասին։ Իսկ ռահվիրան դարձեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն է, որ առիթ չի փախցներ ներքին լսարանի դիմաց արտասանած իր խօսքերուն եւ ռազմակոչ ճառերուն մէջ Հայաստանը «արեւմտեան ատրպէյճան» ներկայացնելով։

Արեւմտեան Ատրպէյճան անուանումը խորքին մէջ ականապատուած դաշտ մըն է, որ առաջին հերթին կը ջանայ ականահարել եւ պայթեցնել Եւրոպական Արժէքներու Համակարգը, ատրպէյճանցիները եւրոպացիներուն ներկայացնելով «զոհ»եր, որոնք ստիպողաբար «հեռացած» են իրենց հայրենիքէն, որ կը գտնուի այսօրուան Հայաստանի տարածքներուն վրայ։ Գաղափար մըն է ասիկա, որ եւրոպացիները խաբելու ծառայելով, նաեւ կը նպատակադրէ ընդհանուր իրավիճակը վերադարձնել Առաջին Համաշխարհային պատերազմին օրերուն, թէ հայ հրոսակախումբեր, որոնք խորքին մէջ Հայաստանի կանոնաւոր բանակային ուժերն են, բռնագաղթած եւ ջարդած են տեղւոյն՝ ատրպէյճանական «հասկացողութեամբ» Հայաստանի տարածքներուն, այսինքն «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մէջ ապրող «բնիկ» ատրպէյճանցիները։ Ասիկա բացառիկ ցուցանմուշ մըն է ատրպէյճանական պետական քարոզչական մեքենային կողմէ կատարուած նենգափոխումներուն,որոնց թիրախը պատմութիւնն է եւ այն ամէն ինչը, որ կը վերաբերի Հայաստանի առաջին անկախութեան հռչակման կապուած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն։

Ատրպէյճանական այս կեղծիքը արդէն իսկ դժբախտաբար մարսած կը թուին ըլլալ եւրոպացիները, որովհետեւ Եւրոպական Խորհուրի Մարդու Իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միատովիչ քսաներեք հոկտեմբերին Պաքուի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ «արեւմտեան ատրպէյճանի համայնք կազմակերպութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներուն հետ։ Կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ Քամալ Ճաֆարով Միատովիչի պատմեց «Հայաստանէն բռնի տեղահանուելու» պատմութիւններ, որոնք իբրեւ թէ պատահած են Արցախեան հերոսամարտի օրերուն։Ատրպէյճանցի ներկայացուցիչներուն շարքին գտնուող երիտասարդական թեւի անդամներէն շատեր այդ տարիներուն ծնած ալ չէին, բայց անոնց ներկայութիւնը ակնյայտ ճիգ մըն էր եւրոպացի պատասխանատուին վրայ ազդեցութիւններ բանեցնելու, թէ այսպէս կոչուած «արեւմտեան ատրպէյճան»ի դատին ջահակիրները այսօրուան սերունդներն են, որոնք երբեք չեն մոռնար իրենց «նախահայրերուն հայրենիքը»։

Ատրպէյճանական կողմին ներկայացուցած շինծու փաստարկներուն շարքին կան նաեւ այլ պատմութիւններ, որոնք ինչպէս նշեցինք պատահած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման շրջանին։ Ուրեմն միտումները եւ մտադրութիւնները շատ յստակ են։Հետեւաբար հողային ամբողջականութեան յարգման հետ կապ չունեցող ատրպէյճանական այս յերիւրածոյ պատմութիւններուն ետին կանգնած՝ Պաքու յառաջ կը քշէ վտանգաւոր նախագիծեր, որոնց դէմ դնելու հարկադրանքին տակ կ՛իյնայ հայկական կողմը։

hairenikweekly.com/?p=57785

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail