Արցախի Հայերը Յայտնուեցան Լքուած Վիճակի Մէջ՝ Առանց Որեւէ Կողմէ Որեւէ Յուսալի Անվտանգութեան Կամ Պաշտպանութեան Երաշխիքներու․ Տունիա Միյատովիչ
29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մարդու իրաւունքներու հանդէպ լիակատար յարգանքը եւ միջազգային չափանիշներուն խստօրէն հետեւիլը պէտք է այժմ դրուի Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ հաշտեցման եւ կայուն խաղաղութեան ճանապարհի կեդրոնին։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչը։
Յանձնակատարը Հոկտեմբեր 16-23 եղած է Հայաստան եւ ազրպէյճան, հանդիպած է պաշտօնեաներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, հակամարտութենէն տուժածներու, միջազգային եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, եղած է նաեւ հայաթափուած Արցախի մէջ:
Ըստ Միյատովիչի՝ այցին պատճառը Սեպտեմբերի վերջը ընդամէնը քանի մը օրուան մէջ աւելի քան 100 հազար 600 արցախցի հայերու զանգուածային տեղահանումն էր, որ յաջորդած էր Սեպտեմբեր 19-20 ազրպէյճանի իրականացուցած ռազմական գործողութիւններուն, Բերձորի միջանցքի՝ ամիսներ տեւած արգելափակման, մարդոց տեղաշարժի ու հիմնական ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ ելեկտրականութեան հասանելիութեան երկարատեւ խափանումներուն։
«Արցախի հայերը յայտնուեցան լքուած վիճակի մէջ՝ առանց որեւէ կողմէ որեւէ յուսալի անվտանգութեան կամ պաշտպանութեան երաշխիքներու, անոնց համար տունէն հեռանալը միակ հասանելի տարբերակն էր»,- նշած է ան:
Հայաստանի մէջ Միյատովիչը այցելած է Կոտայքի մարզի Աղաւնաձորի եւ Ծաղկաձորի տեղահանուածներու կացարաններ, հանդիպումներ ունեցած արցախցի հայերու, ներառեալ՝ ընտանիքներու, տարեցներու, հաշմանդամներու եւ խոցելի այլ անձերու հետ: Ան կոչ ըրած է Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներուն լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ ապահովելու անհրաժեշտ աջակցութեան կայունութիւնը։
«ազրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ տարածաշրջանին մէջ մնացած հայերու եւ Հայաստան մեկնածներու մարդու իրաւունքները, ներառեալ՝ ապահով եւ արժանապատիվւիրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը»,- նշած է Միյատովիչը։
rakouyn.com/2023/10/27/արցախի-հայերը-յայտնուեցան-լքուած-վիճ/