թուրքերը Ամարասի Մէջ Պղծած են Հայոց Առաջին Կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչի Թոռան Տապանաքարը
29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
թուրքերը Ամարասի մէջ պղծած են հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռան տապանաքարը։ Այս մասին թելեկրամ-ի մէջ գրած է քաղաքագէտ Էդգար Էլբակեանը:
«Իսկ մարդիկ կը զարմանան, որ պատմութեան դասագրքերը վատ են, ազգային չեն։
Թշնամիի ծրագրերը կ՝իրականացուին ինչպէս գետնի վրայ՝ ֆիզիքական կեանքի մէջ, այնպէս ալ սրտերու նկատմամբ՝ հոգեւոր կեանքի մէջ։
Ինչո՞ւ պիտի տէ-ֆաքթօ իշխանութիւն մը, որ թշնամիին յանձնած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հիմնուած առաջին դպրավայր Ամարասը, ուր ամփոփուած են առաջին կաթողիկոսի թոռան մասունքները, թոյլ տայ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկայի գոյութիւնը կամ ազգային պատմութեան այլ դրուագները։
Չէ՞ որ այդ պարագային հարց կ՝առաջանայ՝ «ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կորսուեցաւ այս ամէնը»։
Կը յիշէ՞ք, ինչպէս պոլշեւիկեան շրջանի դասագիրքերը կը շրջանցէին վերնախաւերուն դերը պատմութեան մէջ եւ ամէն ինչ կը վերագրէին ժողովրդական զանգուածներուն։ Հակառակը ընելու պարագային հարց կ՝առաջանար, թէ ինչպէս, ուրկէ եւ ինչ փողերով յառաջացաւ պոլշեւիկեան վերնախաւը՝ ոչնչացնելով ամբողջ Ռուսական կայսրութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը։
Նոյն կերպով ալ Հայաստանի տէ-ֆաքթօ իշխանութիւնները, թշնամիին հետ ձեռք ձեռքի տուած, ամէն կերպ կը բնաջնջեն հայկական պատմութիւնն ու հայկական հետքերը, որ հարց չառաջանայ, թէ ինչպէս եղաւ, որ իրենց իշխանութեան ընդամէնը 5 տարուան մէջ թշնամին տիրացաւ ամբողջ Արցախին, ուր 5000 տարի հայեր կ՝ապրէին։
Ասիկա պիտի տեւէ այնքան, մինչեւ Հայաստանի մէջ առաջ գայ ազգային իշխանութիւն…»,- գրած է ան:
yerakouyn.com/2023/10/24/թուրքերը-ամարասի-մէջ-պղծած-են-հայոց-առ/