Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Բախումներուն Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռմբակոծումներուն Օղակը Լայնցուցած Է
Հոկտեմբեր 31, 2023 | Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին զուգահեռ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը մնայ հրդեհուելու իր վիճակին մէջ:
Իսրայէլեան հրետանին եւ անօդաչու թռչող սարքերը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանակից շրջանները: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծումներուն օղակը լայնցուցին եւ ուղղակի թիրախ դարձուցին հարաւային Լիբանանի զանազան գիւղաքաղաքները:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հաղորդած էին, որ հսկայ պայթում մը ցնցած է Հայֆա շրջանը` հաւանական նկատելով, որ անոր պատճառն է Լիբանանի ծովային շրջանէն Հայֆա հասած անօդաչու թռչող սարքի մը ջախջախումը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ ընդգծեցին, որ Լիբանանէն Հայֆա հասած անօդաչու թռչող սարքը կը փորձէր ռմբակոծել Հայֆայի նաւահանգիստը:
Միւս կողմէ, Կազան եւ պաղեստինցիները պաշտպանելու համար «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով, Հըզպալլա կազմակերպած է հաւաքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հարաւային արուարձաններու «Աշուրա» հրապարակին, Նապաթիէի, Տէյր Քանունէլ Նահրի եւ Պաալպեքի մէջ: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պիտի ունենայ պատկերասփռուած ելոյթ մը:
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Ռամիա եւ Պըրքեթ Ռիշա զինուորական կեդրոնները` քանդելով անոր թեքնիք սարքերը եւ պատճառելով մարդկային վնասներ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց նաեւ Գալիլիան, Նահարիան, Քըրիաթ Շմոնան եւ հիւսիսային Իսրայէլի տարբեր շրջանները:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ռմբակոծած է Պլիտա գիւղաքաղաքի Պայեատ դիրքն ու անոր սարքերը, ինչպէս նաեւ ուղղակի թիրախներ կրցած է հարուածել այդ իմաստով:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին Մթըլլէի իսրայէլեան զինուորական կեդրոններուն սարքաւորումները:
Նոյն պահուն Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց իսրայէլեան ուժերու Ռաս Նաքուրայի ծովային զինուորական դիրքը, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի Ժալ Օլամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ եւ քանդելով այդ դիրքերուն մէջ զետեղուած զինուորական եւ այլ գերարդիական սարքեր:
Իսրայէլեան ուժեր առաօտեան ժամը 7:30-ին ռմբակոծեցին Լապպունէն, Նաքուրան եւ Ալմա Շաապը:
Ժամը 9:45-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան բանակը 12 ֆոսֆորային հրթիռներով ռմբակոծած է Այթա Շաապ գիւղաքաղաքին եւ Շեպաայի հովիտին մօտակայքը:
Իսրայէլեան ուժեր ֆոսֆորային հրթիռներով եւ լուսաւորող ռումբերով թիրախ դարձուցին նաեւ Պասթրայի պարտէզները, Հըլթա գիւղաքաղաքն ու Քֆարշուպայի մօտակայքը:
Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով վնասուեցաւ Այթա Շաապի մէջ բնակարան մը, առանց մարդկային վնասներ արձանագրելու:
Կէսօրէ ետք ժամը 13:35-ին իսրայէլեան ուժերու բանբերը յայտարարեց, որ իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծած է հարաւային Լիբանանի այն շրջանները, ուրկէ Իսրայէլի դէմ հրասանդերով ռմբակոծում կատարուած է:
Իսրայէլեան հրթիռներ ինկած են նաեւ Այնթայի եւ Քաունինի շրջաններուն մէջ:
Յետմիջօրէի ժամը 3:10-ին իսրայէլեան հրասայլ մը թիրախ դարձուց Քֆարքիլայի հարաւային թաղամասը:
Կէս ժամ ետք, իսրայէլեան ուժեր հրկիզող ռումբեր արձակեցին Քֆարքիլայի եւ Տէյր Միմասի միջեւ գտնուող շրջանին դէմ` հրկիզելով հոն գտնուող ձիթենիները:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին իսրայէլեան կործանիչներ թռիչքներ գործեցին Պընթ Ժպէյլի վերեւ: Քառորդ ժամ ետք, իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Հուլայի վերեւ, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեցին Մարուն Ռասը:
Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլա երէկ յայտնեց, թէ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած է Մունիր Եուսեֆ Աշուրը:
Միքաթի. «Պատերազմի Որոշումը
Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելով Քաթար կատարած իր արագ այցելութիւնը, որ մաս կը կազմէ արաբական շարք մը երկիրներ այցելելու Միքաթիի ծրագիրին:
Արաբական երկիրներ շրջապտոյտի նպատակն է շարունակել ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու Կազայի դէմ պատերազմը, ինչպէս նաեւ արգիլելու այդ պատերազմին մէջ Լիբանանի ներքաշուելուն հաւանականութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ Միքաթիի այցելելիք յաջորդ երկիրը ըլլայ Օմանը:
Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող փոթորկոտ մթնոլորտին ընթացքին Լիբանան կը գտնուի մրրիկի մը դիմաց` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանը պատերազմէ զերծ կացուցելու նպատակով: Միքաթի շեշտեց, որ եթէ Լիբանան պատերազմին մէջ ներքաշուի, ապա ամբողջ շրջանը քաոսի պիտի մատնուի:
«Պատերազմի որոշումը Իսրայէլի մօտ կը գտնուի, եթէ ան շարունակէ ոտնձգութիւններ գործել սահմանագիծին վրայ», ըսաւ ան:
Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ ընթացիկ հարցերու Լիբանանի կառավարութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ համադրումը կատարած է եւ ծրագիր մշակած` պատերազմ բռնկելու պարագային:
Պըրրի – Ռուտաքով Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Կազայի զինեալ բախումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ «Վերանորոգում» երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումի, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ատիպ Ապտել Մեսիհ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի պլոքին անունով հաստատեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունի նախագահական ընտրութեան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ նկատել տուաւ, թէ սիոնական ծրագիրը լոկ պատերազմ մը չէ, այլ` պաղեստինեան հարցի վերջը:
Պու Հապիպ. «Իսրայէլ Պէտք Է Ընդունի
Կազայի Մէջ Անմիջական Զինադուլ Յայտարարել»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող զարգացումները:
Ռուտաքով շեշտեց, որ պաղեստինեան հարցը պէտք է ունենայ քաղաքական լուծում:
Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիա իր կարգին այցելեց Պու Հապիպի:
Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է ընդունի Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ յայտարարել` հաստատելով, որ Կազայի մէջ Իսրայէլի պատճառած հրդեհները որքան ալ բռնկին, կարելի չէ պաղեստինցիներու կամքը կոտրել:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը կարելի է ապահովել քաղաքական լուծումով, որ կ՛ապահովէ պաղեստինցիներուն քաղաքական իրաւունքները, եւ ոչ զինուորական:
Նշենք, որ Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փենելոփէ Ուոնկի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանը քանդելու իսրայէլեան սպառնալիքը օգտակար չէ:
Պու Հապիպ ընդգծեց իսրայէլեան պատերազմի կասեցման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց զոյգ պետութիւններու ստեղծումով պաղեստինեան հարցը լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Մքերի. «Պատերազմ Չենք Փափաքիր,
Իսկ Պատերազմի Որոշումը Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի, Արժանթինի, Վենեզուելայի, Քուպայի, Մեքսիքոյի, Չիլիի, Ուրուկուէյի եւ Քոլոմպիոյ դեսպանները: Քննարկուեցան այն միջոցառումները, որոնց պիտի դիմէ կառավարութիւնը` պաշտպանելու համար Լիբանանի մէջ այդ երկիրներուն քաղաքացիները, եթէ հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումները ծաւալին, եւ բախումներու օղակը հետզհետէ աւելի ընդարձակուի:
Հանդիպումին ընթացքին Մքերի շեշտեց, որ իրենք պատերազմ չեն փափաքիր, իսկ պատերազմի որոշումը Իսրայէլի մօտ կը գտնուի:
Ժոմպլաթ Նամակներ Կը Յղէ Կութիերեսի Եւ Պորելի
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի:
Զոյգ նամակներուն մէջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ արաբական հողերուն բռնագրաւումն է տագնապին իսկական պատճառը` ընդգծելով, որ Կազայի պատերազմը պէտք է կասեցուի եւ անմիջական զինադուլ յայտարարուի ու արտօնութիւն տրուի, որ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասնին Կազա եւ կարելի ըլլայ օժանդակել ցեղասպանութեան ենթարկուած աղէտեալ պաղեստինցիներուն:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այս պատերազմին մասին իւրաքանչիւր կեցուածք, յատկապէս միջազգային կազմակերպութիւններուն վերաբերող կեցուածքները:
aztagdaily.com/archives/597219