ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Դասալքութեան պատմական չարիքը եւ հայոց ազգային ողբերգութիւնը – Նազարեթ Պէրպէրեան

TIGRAN THE GREAT – TIGRAN LE GRAND

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Դասալքութեան պատմական չարիքը եւ հայոց ազգային ողբերգութիւնը – Նազարեթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1920.

ԿԱՐՍԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

Դասալքութեան պատմական չարիքը եւ հայոց ազգային ողբերգութիւնը

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1920 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

No photo description available.

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ժողովուրդներու ազգային յիշողութեան մէջ կան ոչ միայն ինքնաճանաչման եւ հպարտութեան, երկունքի եւ խոյանքի ոգեշնչող պահեր, այլ կան նաեւ փորձութեան ու յուսաբեկումի, մեղկութեան եւ անկումի ողբերգական վայրկեաններ, որոնք կեանքի եւ ժամանակի թաւալումին հետ աւելի ու աւելի կը շեշտեն իրենց բախտորոշ նշանակութիւնը։

Հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ այդօրինակ դառնութեան էջ մը կը բացուի Հոկտեմբեր 30ին…
103 տարի առաջ, Հոկտեմբերի նախավերջին օրը, հազիւ երկուքուկէս տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան դարպասներէն Կարս բերդաքաղաքը, գրեթէ առանց դիմադրութեան, անձնատուր եղաւ օրին Հայաստան ներխուժող թրքական թշնամի զօրքին.․․

– Կարսը «անձնատուր» ինկաւ Թուրքիոյ քեմալական զօրքերու գրոհին տակ։

Կարսի մէջ ամրակայուած հայոց ազգային բանակին զօրայինները դասալքութեան դիմեցին։

Չենթարկուեցան թշնամի գրոհին դէմ անձնուիրաբար հայրենիքը պաշտպանելու իրենց հրամանատարի հրահանգին։

Ի տես իր զինուորներու դասալքութեան, երիտասարդ հրամանատարը՝ գնդապետ Մազմանեան ինքնասպանութեամբ վերջ տուաւ խորտակուած իր կեանքին․․․

*
* *

Հայ քաղաքական միտքը այսօր ալ կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրը՝ վճռահատելու տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող բուռն եւ դաժան բանավէճը Կարսի անկման պատճառներու պարզաբանման ու ախտորոշման շուրջ։

Ազգային մեր մարտունակութիւնն ու դիմադրականութիւնը կրծող եւ մաշեցնող այդ բանավէճը շարունակուեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան եօթը տասնամեակներու ամբողջ տեւողութեան՝ հայ քաղաքական միտքը դատապարտելով ներքին, բուռն եւ մշտաբորբոք բանավէճերու քաշքշուկին։

Բանավէճի մէկ բեւեռին կանգնեցաւ ճամբարը այն պատմաբաններուն, տեսաբաններուն եւ յուշագրողներուն, որոնք մերժելով մերժեցին եւ անհաշտ թշնամական դիրք ճշդեցին 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութեան կերտումին ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումի Դարակազմիկ Քայլին նկատմամբ։

Միեւնոյն այդ ճամբարը հակադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին դէմ՝ գաղափարական, քաղաքական թէ կուսակցական վարքագիծի վերածելով հակադաշնակցականութիւնը։

Ամբոխային տրամաբանութեան գերին դառնալով՝ հակադաշնակցական այդ ճամբարը հետեւողականօրէն մերժեց ընդունիլ, թէ Կարսի անկումին բուն պատճառը Լենին-Քեմալ դաւադիր գործարքն էր։

Աւելի՛ն՝ հակադաշնակցական ճամբարի դրօշակիրները ամէն աղբիւրէ ջուր բերին տասնամեակներով, նոյնիսկ պղտոր եւ ազգային մեր միաբանութիւնը թունաւորող կեղտաջուրեր օգտագործեցին, որպէսզի իբր թէ փաստեն, թէ Կարսի մեծ ողբերգութեան բուն պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի դաշնակցական ղեկավարութիւնն էր, որ չուզեց հասկնալ Քեմալ-Լենին զինակցութեան իբր թէ «փրկարար» նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի «անվտանգութեան» համար․․․

*
* *

Բանավէճի միւս բեւեռին կանգնեցաւ ճակատը նոյնպէս պատմաբան, տեսաբան եւ յուշագրող այն հեղինակութիւններուն, որոնք ուղղակի դաշնակցականներ ըլլային թէ Դաշնակցութեան համակիրներ կամ պարզապէս սրտցաւ հայեր, Կարսի անկումին մէջ տեսան մեր ազգային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը, որ արագացուց Հայաստանի անկախութեան կործանումը։

Աւելի՛ն. դաշնակցականամիտ այս ճակատի դրօշակիրները իրենց ազգային պարտականութիւնը սեպեցին տեւաբար ահազանգ հնչեցնել հայոց սերունդներուն, թէ որեւէ պարագայի պէտք չէ կրկնուի Կարսի անկման ողբերգութեամբ պարզուած ազգային դասալքութեան երեւոյթը։

Ազգային Դասալքութեան Պատմական Չարիքին ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄՈՎ միայն հայ ժողովուրդը կրնայ ազգովի՛ն – եւ ըստ արժանւո՛յն – դիմագրաւել, կանխել կամ վիժեցնել Հայաստանի եւ հայութեան դէմ նիւթուած մեծապետական կամ թշնամական որեւէ դաւադրութիւն։

Առ այդ, Հայաստանի անկախութեան եւ Հանրապետութեան 1990ականներու վերանկախացումէն ետք, հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքներուն համար հնչած է ժամը բազմաձայն, բարձրագոռ եւ աներկբայ հաստատելու, թէ ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ Կարսի անկումին բուն պատճառը Լենին-Քեմալ դաւադիր գործարքն էր։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու ռուսեւթրքական մեծ դաւադրութեան մէջք-կոտրող հարուածը եղաւ Կարսի դասալքութիւնը, որ արագացուց Հայաստանի անկախութեան կործանումը։

*
* *

Արտաքին ուժերու դաւադիր հարուածին չափ ահաւոր եղաւ Կարսի մէջ 103 տարի առաջ արձանագրուած հայոց զօրքի դասալքութիւնը, որուն համար պատասխանատու ենք ազգովի’ն։

Ինչպէս որ Կարսի անկումէն տարիներ ետք Գարեգին Նժդեհ արդարացի ցասումով պիտի պատգամէր հայոց նորահաս սերունդներուն՝
«Կարսի ամօթը Հ. Հանրապետական կառավարութեանը չէ միայն, այլ ողջ հայ ժողովրդին: Չափւում են, բախւում են բանակները, բայց յաղթում կամ պարտւում են ազգերը, ցեղերը: Կարսի պատերի տակ պարտուողը հայ զինուորն ու զօրավարը չէին միայն, այլ բովանդակ հայութիւնը, հայ ժողովրդի` իր ամբողջութեան մէջ անմարտունակ, անարի, անմշակ հոգին: Ահա՛ ճշմարտութիւնը, հա՛յ երիտասարդ»…

Այս առումներով՝ Հոկտեմբեր 30ի տարելիցը կու գայ վերանորոգ պատգամով ահազանգը հնչեցնելու ազգային դասալքութեան աններելի չարիքին դէմ։

Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւն է, որ Հոկտեմբեր 30ի օրը, 1920 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ առանց պատերազմի յայտարարութեան ընդհանուր յարձակման ձեռնարկած քեմալական զօրքը արդէն հասած էր Կարսի մատոյցներուն, իսկ բերդաքաղաքի պաշտպանութեան կոչուած հայկական զօրքին երիտասարդ հրամանատարը՝ գնդապետ Մազմանեան հակագրոհի հրահանգ տուած էր իր զինուորներուն, որոնք սակայն մերժեցին ենթարկուիլ իրենց հրամանատարին ու… դասալքութեան դիմեցին։

Պարզուած ամօթալի դասալքութեան դէմ յանդիման, Գնդ. Մազմանեան սեփական ատրճանակով ինքնասպան եղաւ իր զինուորներուն աչքին առջեւ…

Գնդ. Մազմանեանի ինքնասպանութիւնը միայն սկիզբն էր ողբերգութեան, որ ահագնացաւ հեղձուցիչ արագութեամբ։

Թրքական զօրքի ընդհանուր հրամանատար Քեազիմ Քարապեքիրի յուշերուն համաձայն՝ քեմալական զինուորները եւ անոնց միացած թուրք, քիւրտ, մահմետական թէ հայ պոլշեւիկ ապստամբները երեք ժամուան մէջ գրաւեցին ամբողջ քաղաքը, հայկական բանակի բազմահարիւր սպաներ ու զինուորներ ռազմագերի վերցուցին, հսկայական քանակութեամբ ռազմամթերքի (թնդանօթ, ռումբ, զէնք ու փամփուշտ) տիրացան եւ տասնեակ հազարներով անզէն բնակչութիւն «թրքավարի» կոտորեցին։

*
* *

Թէեւ հայկական բանակը այլուր, նոյն օրերուն մղուող Սուրմալուի ճակատի կռիւներուն, հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ ետ մղեց քեմալական գրոհները, բայց Կարսի անկումով գրեթէ աւարտած էր ռազմական փուլը Լենին-Քեմալ զինակցութեամբ մշակուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հանրապետական վարչակարգը կործանելու դաւադիր ծրագրին իրագործման։

Կարսի անկումէն ետք , մէկ ամսուան ընթացքին, քեմալական զօրքը մօտեցաւ Ալեքսանդրապոլի, իսկ Կարմիր բանակը հիւսիսէն մտաւ Հայաստան եւ հասաւ մինչեւ Իջեւան։

Հայաստանի հարաւ¬արեւելեան դարպասները, յատկապէս Զանգեզուրը եղան միակ ամրոցները, ուր հայկական զօրքերը, Նժդեհի հրամանատարութեամբ, ետ մղեցին թշնամի զօրքերը։
Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանեցաւ Լենին-Քեմալ դաւադրութեան հարուածներուն տակ։

Մէկ կողմէ հայ պոլշեւիկներու հակապետական քարոզչական խռովութիւնները, իսկ միւս կողմէ թուրք եւ մահմետական բնակչութեան զինեալ ապստամբութիւնները բարոյահոգեբանական ծանր հարուածի տակ դրին այլապէս մարտունակ եւ լաւապէս զինուած հայկական բանակը։

*
* *

Թրքական բանակին դէմ 1918ին կենաց-մահու կռիւ մղած եւ յաղթանակած հայ ժողովուրդն ու հայկական ազգային զօրքը որեւէ պատճառ չունէին դասալքութեան մատնուելու միեւնոյն թրքական գրոհներուն դէմ յանդիման։

Բայց 1920ի աշնան պատահած էր ռազմաքաղաքական հիմնական փոփոխութիւն մը տարածաշրջանին մէջ։

Ռուսաստան վերադարձած էր Անդրկովկաս՝ ԿԱՐՄԻՐ համազգեստով ու Հայաստանի Հանրապետութեան վերջ տալու, խորհրդային իր լուծը պարտադրելու կայսերապետական նպատակով։

Աւելի՛ն. Կարմիր Ռուսաստանը ձեռնամուխ եղած էր Քեմալական Թուրքիոյ հետ ռազմավարական նոր զինակցութեան մը, որուն ամրապնդման ի խնդիր հայկական հողերուն հաշւոյն պատրաստ էր թուրքերուն «կաշառք» տալու..

Իսկ հայ ժողովուրդն ու անոր ռազմական ներուժը մարմնաւորող հայկական բանակը պատրաստ չէին զէնք բարձրացնելու ռուսական Մուրճին դէմ, հակառակ որ այդ մուրճը թրքական սալին վրայ մահացու հարուածի տակ առած էր Հայաստանի ու հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու սրբազան իրաւունքը։
Այս աստիճան ամօթալի ողբերգութիւն մը եղաւ Կարսի անկումը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ։

Կարսի Անկումին դառնաղէտ ԴԱՍԵՐԸ երբեւիցէ մտահան չընելու, այլեւ Ազգային Դասալքութեան պատմական չարիքին դէմ միշտ զգաստ մնալու եւ արթուն հսկելու հրամայականը շեշտելու կը ծառայէ յուշատետրի Հոկտեմբեր 30ի Սեւ Էջը։

Գնդապետ Յովհաննէս Մազմանեան

May be an image of 1 person

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail