«Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի Կողքին Էր Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման 9 Ամիսներուն, Թէ՛ Ալ Ատկէ Ետք» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

«Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի Կողքին Էր Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման 9 Ամիսներուն, Թէ՛ Ալ Ատկէ Ետք» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Ռուսթամ Պաքոյեանը, պատգամաւորներ Արթուր Յովհաննիսեանն ու Լիլիթ Ստեփանեանը 31 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործուած ցեղային զտման ու բռնի տեղահանութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ ցեղային զտումներուն եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան` նշուած է, որ ատիկա տեղի ունեցած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման գօտիին մէջ եւ տեղի ունեցածը եռակողմ համաձայնագիրը չգործադրելու հետեւանք է:

Ֆրանսայի դեսպանը վերահաստատած է իր երկրին տեսակէտը եւ շեշտած, որ Արցախի մէջ հայ բնակչութիւնը ուժի կիրարկման պատճառով տեղահանուած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը տեղի ունեցած է 9-ամսեայ պաշարումէն ետք: Կարեւոր է հաշուի առնել այն փաստը, որ Ազրպէյճանը այս քայլին դիմեց Ռուսիոյ մեղսակցութեամբ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ու սատարումով», ըսած է դեսպանը:

Այս ծիրին մէջ հայ խորհրդարանականները կարեւոր նկատած են Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումը:

Հանդիպումին մասնակիցները արծարծած են Արցախէն տեղահանուած հայ բնակչութեան երկարաժամկէտ աջակցութիւն տրամադրելու հարցը եւ շեշտած, որ այդ հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային գործընկերներու աջակցութեան կարիքը ունի:

Դեսպանը նշած է, որ Ֆրանսան հայ ժողովուրդի կողքին էր թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման 9 ամիսներուն, թէ՛ ալ ատկէ ետք:

Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համարկման եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան վերաբերող հարցեր:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail