Սէյիտ Նասրալլա. «Կազա Այս Պատերազմէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ. Հարաւային Լիբանանի Ճակատը Բաց Է Ամէն Տեսակի Հաւանականութեան»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կազա Այս Պատերազմէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ. Հարաւային Լիբանանի Ճակատը Բաց Է Ամէն Տեսակի Հաւանականութեան»
04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – Սէյիտ Նասրալլա:
«Նահատակներ` Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» կարգախօսին հիման վրայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց բոլոր նահատակները:
Իր խօսքը ուղղելով Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Լիբանանի նահատակներուն ընտանիքներուն` սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց անոնց հարազատներուն նահատակութիւնը` ընդգծելով, որ նահատակութիւնը աստուածային շքանշան է:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի բոլոր նահատակներուն` հաստատելով, որ քանի մը օրէն «Նահատակի օր»-ուան տօնակատարութեան առիթով աւելի ընդարձակ պիտի անդրադառնայ այդ նիւթին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ Կազայի մէջ ընթացող կռիւը մարդկային, կրօնական, բարոյական եւ օրինական իմաստով ամէնէն մաքուր պայքարը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա հայրենիքին ու հողին համար մղուած պայքար է:
«Կազայի մէջ մղուող պատերազմը գոյութենական պայքար է, եւ մեր ուժը մեր կամքին, պատրաստակամութեան, զոհողութեան եւ Պաղեստինեան դատին հանդէպ յանձնառութեան ու նուիրումին մէջ է: Պաղեստինցի ժողովուրդը առասպելական ժողովուրդ մըն է, որ նուիրուած է իր Դատին եւ քաջ կերպով Դիմադրութեան ու Աքսային կը նուիրաբերէ ինքզինք: Շնորհակալութիւն բոլոր զօրակցողներուն` ամբողջ աշխարհի մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն Իրաքի եւ Եմէնի մէջ գործող Դիմադրութեան մարտիկներու բազուկներուն, որոնք ուղղակի մաս կազմեցին այս պայքարին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ պաղեստինցիներուն պայքարը երկար էր, բայց այս վերջին տարիներուն աւելի գէշ էր ու վայրագ, ինչպէս նաեւ անխոհեմ քայլերով կ՛ընթանար: Ան դիտել տուաւ, որ պաղեստինեան Դիմադրութեան մղած այս պայքարը գերեվարուած պաղեստինցիներու թղթածրարին լուծման յապաղումին, Երուսաղէմի եւ Աքսայի մզկիթին վրայ բանեցուած ահաւոր ճնշումներուն, Կազայի շրջափակման` երկու միլիոն մարդ շրջափակելու եւ Այսրյորդանանի մէջ յաւելեալ բնակեցման վայրեր հաստատելու կարելիութեան դէմ մղուած պատերազմ է: «Այս բոլորը ճնշող թղթածրարներ են պաղեստինցիներուն համար, սակայն մոռցուած` միջազգային հանրութեան եւ աշխարհին կողմէ: Հետեւաբար պէտք էր կատարել գործողութիւն մը` ցնցելու համար թշնամի Իսրայէլին գոյացութիւնը, ինչպէս նաեւ պատգամներ հասցնելու անոր զօրակցող կողմերուն, յատկապէս` Ուաշինկթընին եւ Լոնտոնին», նշեց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ վերոնշեալ պատճառներուն համար էր, որ Համասի «Իզզէտտին Քասսամ փաղանգներ»-ը գործադրեցին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը, որ ողջունելի է, հոյակապ է, վեհ է, լաւապէս ծրագրուած ու սերտուած է, օրհնեալ է եւ զուտ պաղեստինեան որոշում է, ինչպէս նաեւ գործադրուած է հարիւր առ հարիւր պաղեստինցիներու կողմէ:
«Այդ գործողութեան յաջողութիւնը կը կայանար անոր մասին գաղտնապահութեան մէջ: Եւ իսկապէս կ՛արժէ յայտարարել, որ Դիմադրութեան առանցքն անգամ տեղեակ չէ եղած այս գործողութեան մասին, ինչպէս նաեւ չէ նեղուած, որ գաղտնի պահուած են անոր մանրամասնութիւնները: Այս պատերազմն ու ճակատամարտերը զուտ պաղեստինեան են: Նման գործողութիւններու պատասխանատուներն են Դիմադրութեան շարժումներուն ղեկավարութիւնները: Իրան կը զօրակցի Դիմադրութեան շարժումներուն, սակայն այդ շարժումները իրանեան հոգատարութեան ենթակայ չեն», ըսաւ ան:
Իսրայէլի վրայ այդ գործողութեան ունեցած ազդեցութեան մասին իր անդրադարձին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ գործողութիւնը ապահովական, զինուորական, քաղաքական, հոգեբանական եւ բարոյական ազդեցութիւն ունեցած է Իսրայէլի վրայ: «Այս գործողութիւնը ռազմավարական եւ պատմական իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Իսրայէլի ներկային ու ապագային վրայ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ իսկապէս սարդոստայնէ մը աւելի դիւրաբեկ է, «եւ վերջերս իսրայէլեան հանրային կարծիքը սկսած է այդ մասին խօսիլ եւ ինձմէ աւելի հաստատել այս իրողութեան մասին», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց նախագահով, նախարարներով եւ զինուորականներով փութացին օժանդակելու եւ շունչ տալու Իսրայէլին, որ ուշքը կորսնցուց: «Իսկ գործողութենէն ետք, Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն նոր հրթիռներ, զինամթերք եւ նիւթական 10 միլիառի օժանդակութիւն պահանջեց: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ Իսրայէլ հզօր երկիր մըն է, եթէ այդ բոլորին պէտք ունեցաւ առաջին իսկ օրէն: Այս բոլորին կողքին Եւրոպան եւ Արեւմուտքը զօրակցութիւն յայտնեցին Իսրայէլին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Կազայի, Այսրյորդանանի եւ բոլոր ճակատներուն վրայ ընթացող պայքարը կ՛արժէ այդ ընթացքին արձանագրուող զոհողութիւնները: «Կազայի պատերազմը պաղեստինցի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շրջանի ժողովուրդներուն ճակատագիրներուն համար պատմական նոր փուլ մը կը նկատուի», յայտնեց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ակնարկեց նաեւ իսրայէլեան հակազդեցութեան եւ վարուելակերպին` նկատել տալով, որ թշնամին այս դէպքին հետ վարուեցաւ կատաղութեամբ, իրարանցումով եւ շուարած իրավիճակով, «այն աստիճան, որ առաջին օրերուն անոնք սպանդի ենթարկեցին բնակեցման վայրերու իսրայէլացի քաղաքայինները: «Աքսայի ջրհեղեղ»-ին նկատմամբ Իսրայէլի հակազդեցութիւնը հաստատեց, որ Իսրայէլ բնաւ այդ պետութիւնը կամ զինուորական կառոյցը չէ, որ իր սխալներէն կը սորվի եւ սրբագրուած քայլերով կ՛ընթանայ: Իսրայէլ բարձր մակարդակի նպատակներով առաջնորդուեցաւ, ինչպէս` Համասի ամբողջական քանդումը` Կազայի մէջ, եւ ապա երկրորդ նպատակ մը, որուն համաձայն անոնք իրենց պատանդները պահանջեցին Դիմադրութենէն առանց նախապայմանի: Բան մը, որ անկարելի է, որովհետեւ այդ գործողութիւնը գերիներու փոխանակում կ՛ենթադրէ եւ կը կատարուի բանակցութիւններու ընդմէջէն: Իսրայէլ ամբողջ աշխարհին փաստեց, որ վայրագ ինքնութեան տէր է եւ միայն սպանդներ գործել գիտէ, երեխաներ ու կիներ կը սպաննէ: Սակայն Իսրայէլի այդ վայրագութիւնը կը ջրեն բոլոր անոնք, որոնք Կազայի փլատակներուն տակէն դուրս կ՛ելլեն եւ Դիմադրութեան զօրակցութիւն կը յայտնեն: Այս է այն չափանիշը, որ Կազա պիտի յաղթէ եւ թշնամի Իսրայէլ պիտի պարտուի», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլի մասին ժողովրդավարական, մարդու իրաւունքներու, կանոններու, միջազգային օրէնքի եւ այլ արժանիքներու պետութիւն յորջորջելու փորձերը եւս ձախողած են, որովհետեւ այս պատճառաբանութիւններով Եւրոպա, արաբական կարգ մը երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ միջազգային հանրութիւնը կը զօրակցէին անոր, սակայն ներկայիս անկարելի է այդ քարոզչութիւնը կատարել, որովհետեւ տեղեկատուական դաշտը բաց է աշխարհին համար, եւ Իսրայէլի բռնարարքները շօշափելի փաստերով կը ներկայանան ամբողջ աշխարհին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու են Կազայի պատերազմին` նշելով, որ Իսրայէլ միայն անոնց ձեռքին գործիքը կը նկատուի: «Կազայի մէջ գործուող սպանդներուն պատասխանատուն Միացեալ Նահանգներն են եւ պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, որովհետեւ անոնք են, որ կ՛արգիլեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ զինադուլ յայտարարելու որոշումը: Այդ պատճառով ալ Իրաքի եւ Սուրիոյ Դիմադրութեան շարժումները այդ երկիրներուն մէջ գտնուող ամերիկեան խարիսխները ապահովական գործողութիւններու թիրախ դարձուցին: Քաջ, խիզախ ու օրհնեալ է Իրաքի եւ Սուրիոյ Դիմադրութեան շարժումներուն որոշումը», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը անկիւնադարձային է, իրավիճակ կը փոխէ` ընդգծելով, որ այդ իմաստով բոլորը պատասխանատու են: Ան աւելցուց, որ հիմնական երկու նպատակ կայ իրականացնելիք, որոնցմէ առաջինը Կազայի դէմ պատերազմն է, իսկ երկրորդը Կազայի մէջ Համասի եւ Դիմադրութեան արձանագրելիք յաղթանակն է: Կազայի յաղթանակը բոլորին, յատկապէս շրջանի ժողովուրդներուն յաղթանակն է: «Կազայի յաղթանակը լիբանանեան ազգային շահերը կ՛իրականացնէ` քաղաքական, ապահովական, ժողովրդային եւ ժողովրդագրական առումով», ըսաւ ան:
Լիբանանի մասին իսրայէլեան սպառնալիքներուն ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ինք անակնկալի եկած է ոմանց ակնկալութենէն, որ ինք այսօր պատերազմ յայտարարէ` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր մաս կը կազմէ պատերազմին: «Այսինքն` «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան յաջորդ օրն իսկ մենք ներքաշուեցանք պատերազմին մէջ, որ սկսաւ Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն, եւ ապա տարածուեցաւ ամբողջ սահմանագիծի երկայնքին: Եթէ առարկայական դիտէք, պիտի տեսնէք, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ Դիմադրութեան կատարածը շատ կարեւոր է: Ամէն պարագայի, անով բաւարարուիլ չկայ, սակայն այսօր պատահածը որեւէ բան չէ: Դիմադրութեան կողմէ Հիւսիսային Պաղեստինի բռնագրաւուած շրջանները ամէնօրեայ յարձակումներու թիրախ են` զինուորական դիրքեր, գաղտնալսումի սարքեր, տեսախցիկներ, անթել հաղորդակցութեան աշտարակներ, զինամթերք, զինուորական կուտակումներ, հրասայլեր, զրահապատներ եւ ռազմավարական արհեստագիտութիւն, որոնք ամէնօրեայ կերպով կը փճանան: Լիբանանեան ճակատի կռիւները պարտադրեցին, որ Իսրայէլ իր զինուորները պահէ հիւսիսային շրջանին մէջ` սահմանագիծի պաշտպանութեան համար: Այլ խօսքով` իսրայէլեան զօրքը զբաղած է հիւսիսային սահմանին պաշտպանութեամբ եւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ չէ, որ կը յարձակի: Այսպիսով` Հըզպալլայի դէմ պայքարելու համար հիւսիսային սահմանագիծին վրայ կը գտնուի իսրայէլեան բանակին մէկ երրորդը, ծովուժին կէսը, օդուժին մէկ չորրորդը, հրթիռային համակարգին շուրջ կէսը եւ գումակային զօրագունդին մէկ երրորդը: Զինուորական այս կարողութիւններուն կողքին, իսրայէլեան բնակեցման վայրերը դատարկուած են իրենց բնակիչներէն, հիւսիսային բաժինին մէջ դատարկուած են 28 բնակեցման վայրեր, իսկ հարաւային բաժինին մէջ` 52 բնակեցման վայրեր: Սահմանագիծին վրայ տիրող այս իրավիճակը կը սարսափեցնէ իսրայէլացիները եւ կը մտահոգէ զանոնք` ընդարձակ պատերազմի մը վերածուելու հաւանականութեան պատճառով: Պատերազմի ընդարձակուելու հաւանականութեան մասին թշնամիին վախը կը մղէ, որ ան լաւ հաշուէ իր առնելիք քայլերը: Իսկ եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը սանձազերծէ, անիկա մեծագոյն անխոհեմութիւնը գործած պիտի ըլլայ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան արդիւնքները վերոնշեալներն են` զգուշացնելով, որ եթէ Իսրայէլ շարունակէ քաղաքայինները թիրախ դարձնել, ապա իրենք նոյնպէս պիտի վարուին` քաղաքայինի փոխարէն քաղաքային տարազին հիման վրայ:
«Լիբանանի հանդէպ թշնամի Իսրայէլի վարուելակերպէն կախեալ է ամէն ինչ: Հարաւային Լիբանանի մէջ բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, բոլոր ընտրանքները` բաց: Հետեւաբար յաջորդ հաւանականութիւններուն պէտք է պատրաստ ըլլալ», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով Միացեալ Նահանգներուն յայտնեց, որ Հըզպալլա ամերիկեան սպառնալիքներէն չի վախնար: «Ձեր նաւատորմերը մեզի չեն վախցներ, եւ զանոնք թիրախ դարձնելու միջոցներն ալ պատրաստած ենք: 80-ականներուն սկիզբը ձեզի տապալողները տակաւին ողջ են, անոնց կողքին են նաեւ անոնց զաւակներն ու թոռները: Հետեւաբար ամերիկացիները պէտք է կասեցնեն Կազայի մէջ գործուած բռնարարքները: Անոնք աչալուրջ պէտք է ըլլան, որ շրջանին մէջ պատերազմ բռնկելու պարագային, ամէնէն աւելի իրենց շահերն են, որոնք պիտի տուժեն», հաստատեց ան:
Իր խօսքը եզրակացնելով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ գոյատեւումը, համբերութիւնն ու հանդուրժելու կարողութիւնը հիմնական յատկանիշներն են այս պատերազմը յաղթելու: «Մենք վստահ ենք, որ Կազան այս պատերազմէն յաղթական դուրս պիտի գայ, եւ մենք պիտի տօնակատարենք Կազայի բնակչութեան, Կազայի Դիմադրութեան եւ Կազայի յաղթանակը», ըսաւ ան:

aztagdaily.com/archives/597596

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail