Արձագանգելով Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւններուն` «Ազրպէյճանի Դէմ Որեւէ Ոչ Բարեկամական Գործողութիւն Դրական Արդիւնք Պիտի Չտայ Եւ Համարժէք Պատասխան Պիտի Ստանայ» Կ՛ըսէ Հաճիզատէ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan
Արձագանգելով Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւններուն` «Ազրպէյճանի Դէմ Որեւէ Ոչ Բարեկամական Գործողութիւն Դրական Արդիւնք Պիտի Չտայ Եւ Համարժէք Պատասխան Պիտի Ստանայ» Կ՛ըսէ Հաճիզատէ
04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այհան Հաճիզատէ պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 31 հոկտեմբերին Ծերակոյտի յանձնախումբին մէջ խօսք արտասանելով յայտարարած է տագնապին պատճառով Հայաստանի մէջ յառաջացած ծանր մարդասիրական կարիքներու լուծման համար լրացուցիչ ֆինանսաւորման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ 2 նոյեմբեր 2023-ին արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանելով «Ամերիկայի ձայն» լրատու գործակալութեան հարցումին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լուրջ հետեւանքներու:
Այհան Հաճիզատէ նշած է, որ հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներ տասնամեակներ շարունակ միջնորդ եղած են, ցաւօք, երբեք այդքան վճռականօրէն չեն խրախուսած աջակցութիւնը Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, «Հայաստանի կողմէ գործուող ցեղային զտումներու զոհ դարձած ազրպէյճանցի գաղթականներուն եւ հարկադիր վերաբնակներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցը, ներառեալ ապօրինի վարչակարգի (Արցախի իշխանութիւններու, «Ա.») վերացումը»:
«Եթէ Միացեալ Նահանգները այլ կերպ վերաբերէին Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող սպառնալիքներուն, ապա Ազրպէյճանի դէմ սպառնալիքները ուժով լուծելու անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար, եւ հարցը կը լուծուէր խաղաղ ճամբով:
«Ինքնին միջնորդական ջանքերու ձախողումը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Միացեալ Նահանգները, եւ Հայաստանի բռնագրաւման քաղաքականութիւնը կանխարգիլելու անկարողութիւնը Ազրպէյճանը դրդեցին զինուորական ճամբով ազատագրել իր հողերը: Ուստի, ի շարս այլ փաստերու, Միացեալ Նահանգներ նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն անցեալ տագնապի խաղաղ լուծման իրենց անգործութեան համար», ըսած է Հաճիզատէ:
«Ազրպէյճանի հետ սպառնալիքներու լեզուով խօսիլը անթոյլատրելի է: Ազրպէյճանի դէմ որեւէ ոչ բարեկամական գործողութիւն դրական արդիւնք պիտի չտայ, եւ նման գործողութիւններուն համարժէք պատասխան պիտի ըլլայ», ըսած է Հաճիզատէ:

aztagdaily.com/archives/597598

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail