Այնաթայի Սպանդը Տեղական Առումով Հսկայ Աղմուկ Բարձրացուց

Genocide - Greek Genocide - It was a German Colonel who helped the Turks plan the Greek Genocide

Այնաթայի Սպանդը Տեղական Առումով Հսկայ Աղմուկ Բարձրացուց

Նոյեմբեր 7, 2023 | Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան

Կիրակի երեկոյեան Այնաթայէն Այթարուն փոխադրուող քաղաքացիական ինքնաշարժին դէմ գործուած ռմբակոծումը` իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ, Լիբանանի մէջ դատապարտումի հսկայ աղմուկ մը բարձրացուց:

Այդ ռմբակոծումին թիրախ դարձած ինքնաշարժին մէջ կը գտնուէին երեք պատանի աղջնակներ-քոյրեր` Ռիմաս, Լայան եւ Թալին Շուր, անոնց մայրը` Հուտա Հիժազի եւ մեծ մայրը` Սամիրա Ապտել Հիւսէյն Այուպ:

Ռմբակոծումին պատճառով նահատակուեցան երեք պատանիներն ու անոնց մեծ մայրը, իսկ մայրը թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ:

Այս միջադէպը աւելի եւս բռնկեցուց հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը եւ պատճառ դարձաւ, որ Հըզպալլա ռմբակոծէ իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` թիրախ դարձնելով քաղաքայիններ:

Նշենք, որ Հըզպալլայի արձակած հրթիռները կրցան խզել Իսրայէլի պողպատեայ գմբէթը եւ հասնիլ Քըրիաթ Շմոնա:

Դիմադրութիւնը այս քայլին դիմեց հիմնուելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճշդած բախման նոր կանոններուն վրայ, որոնց հիման վրայ Նասրալլա շեշտած էր, թէ Իսրայէլի կողմէ քաղաքայիններ թիրախ դարձնելու պարագային, երկկողմանի ընդունուած բախման կանոնը կ՛ըլլայ` քաղաքայինի փոխարէն քաղաքային:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ սուղ պիտի վճարէ Այնաթայի սպանդին համար` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլայի կողմէ հաստատուած քաղաքայինի փոխարէն քաղաքային բախման կանոնը տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը իր քայլերը կ՛առնէ հիմնուելով գաղտնի սպասարկութիւններուն տրամադրած տեղեկութիւններուն վրայ:

Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն ռմբակոծել Լիբանանը եւ պիտի յարձակին բոլոր անոնց վրայ, որոնք իրենց դէմ կը սպառնան:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ դատապարտեց Լիբանանի եւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ անմեղ երեխաներու դէմ Իսրայէլի գործած քստմնելի ոճիրներն ու ջարդերը` հաստատելով, որ Իսրայէլի գործած բռնարարքները շրջանցած են ամէն տեսակի միջազգային օրէնք եւ ուխտ, ինչպէս նաեւ կը նկատուին պատերազմական ոճիրներ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու մնալը արգելք չի հանդիսանար, որ Իսրայէլ կասեցնէ քաղաքայինները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը:

Սլիմ շեշտեց, որ իսրայէլեան բանակին որդեգրած այս քայլերը ուղղակի սպառնալիք կը նկատուին խաղաղութեան, որուն գործադրութիւնը ՄԱԿ-ի եւ անոր Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վստահուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Հըզպալլա մեծ թիւով հրթիռներ արձակած է հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ:

Կէս ժամ ետք Համասի «Քասսամ» փաղանգը ստանձնեց 16 հրթիռներով իսրայէլեան Նահարիա բնակեցման վայրը ռմբակոծելու պատասխանատուութիւնը: Նոյն փաղանգը հաստատեց, որ այդ ռմբակոծումը կատարուած է ի պատասխան Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած սպանդներուն:

Իսրայէլեան շտապ կառավարութեան անդամ Աւիկտոր Լիպըրման շեշտեց, որ Լիբանանէն հրթիռարձակումը կը կատարուի սէյիտ Նասրալլայի հաւանութեամբ, «հետեւաբար Հըզպալլան է, որ հրթիռները արձակած է եւ ոչ թէ Համասը, եւ այդ հիման վրայ պէտք է կրել հետեւանքները», ըսաւ ան:

Դիմադրութիւնը երեկոյեան ժամը 5:30-ին հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:20-ին համապատասխան զէնքերով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան «Ռահեպ» զինուորական կեդրոնը եւ քանդած զայն:

Երեկոյեան Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուցած է նաեւ իսրայէլեան Մալիքիէ զինուորական կեդրոնը:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց Շթուլան:

Իսրայէլեան ուժեր կիրակի կէս գիշերին լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Այթա Շաապի վերեւ:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին անոնք ռմբակոծեցին Նաքուրան եւ Լապպունէն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին Գալիլիոյ եւ Հուլա հովիտի բնակչութեան մնալու իրենց ապաստանարաններուն մէջ:

Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պլաթ լեռները, Պէյթ Լիֆը, Ռամիան, Մըրուահինը, Շիհինը եւ Խալլեթ Աժուզ շրջանը:

Ժամը 5:10-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան բանակը ռմբակոծած է Թայր Հարֆան, Մըրուահինը, Մըհայպեպը, Շիհինը եւ Պլիտան:

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:33-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր Ռաս Նաքուրայի մօտակայքը կրակած են լիբանանեան բանակի զօրանոցին դէմ:

Ժամը 7:30-ին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Լապպունէն եւ Այթա Շաապը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի դիրքեր:

Ժամը 8:00-ին իսրայէլեան կործանիչներ ռմբակոծեցին Ալմա Շաապը, Տհայրան, ինչպէս նաեւ Ռիհանի եւ Սաֆիի լեռները:

Նշենք, որ Հըզպալլա շաբաթավերջին յայտնեց, թէ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած   են Հիւսէյն Լութֆի Սուէտը եւ Մոհամետ Մըլհեմ Եուսեֆըր:

aztagdaily.com/archives/597867

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail