ՆՇՄԱՐ.- ԱՅՐԵ՛Լ ԵՂԾՈՒԱԾ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՍԼԱՔ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
7 Նոյեմբեր 2023
-
Աւելի քան մէկ ու կէս ամիս առաջ կորսնցուցինք Արցախի վերջին տարածքները,
-
Արցախի բոլոր բնակիչները բռնի գաղթի ենթարկուեցան եւ ապաստանեցան Հայաստան,
-
Արցախի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուները գերի տարուեցան Պաքու (նախկինները չմոռցողներ շատ են),
-
Հայաստան հասնող արցախցիները դիմագրաւեցին եւ կ’ապրին այլազան ողբերգութիւններ՝ շնորհիւ «հպարտ քաղաքացիներ»-ու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպան Երեւանի իշխանաւորներուն,
-
Արցախի ու Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրէն իսկ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունք ունեցող արցախցիներուն՝ քաղաքացիական իրաւունքները սակարկութեան ու խօսքի աճուրդի նիւթ դարձած են, իրողապէս անոնց կը զլացուի լիարժէք քաղաքացիութիւն, մարդոց կ’առաջարկուի «օգտուիլ գաղթականի վիճակ»-էն…
-
Սակարան մտած են նաեւ արցախցիներու տրամադրուող նիւթական խորհրդանշական օժանդակութիւնները (հաւանաբար պարգեւավճար ստացողներուն ախորժակը գրգռուած է…),
-
Երեւանի իշխանութիւնները ԿԱՄՈՎԻՆ կը շարունակեն քալել հողային եւ այլ կորուստներու տանող ճամբէն, առանձին մնացած՝ «խաղաղութիւն կ’ուզենք» պաստառին տակ, մինչդեռ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ մինչեւ իսկ բարեմի՜տ միջնորդներ իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն ու այդ հաշիւներէն իրողապէս դուրս ձգած են Հայաստանը, զայն կը պահեն խօսքի եւ խոստումներու խոհանոցին մէջ,
-
Էրտողան եւ Ալիեւ կրկին ու կրկին կը յայտարարեն, թէ Հայաստանէն «արդար պահանջներ» ունին, թէ՝ «Հայաստան պէտք է յարգէ իր խոստումները», «եթէ արցախցիներու տունդարձի հարց կայ (եւ սա պարզապէս խօսքի աճուրդի սիւնակին մէջ է), Հայաստանէն գաղթած բազմահարիւր հազարաւոր ազերիներ պէտք է վերադառնան Հայաստան» (եւ այլն),
-
Մինչեւ իսկ արցախէն բռնագաղթուածներ հալածող ու բանտարկող «ժողովրդավար» իշխանութիւնները անընդհատ ծափահարողներ կը գտնեն դուրսէն ու այցելու պաշտօնատարներէ,
-
Աշխարհը փոթորկող տագնապներուն վրայ վաղը կրնան նորեր աւելնալ՝ նա՛եւ մեր հայրենիքին աւելի մերձակայ գօտիներու մէջ…
-
—, —, —