44-Օրեայ Պատերազմին, Արցախցիներու Տեղահանութեան Եւ Կազայի Դէմ Պատերազմին Զուգահեռները` Իսրայէլի Գործադրած Կազայի Ցեղասպանութիւնն ու Միացեալ Նահանգներուն Անվերապահ Զօրակցութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org
Միացեալ Նահանգներուն «Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի կեղծ դիմակը պատռեցաւ, իսկ Իսրայէլի հրէշային, արիւնարբու վարքագիծը աշխարհի աչքերուն առջեւ կը շարունակուի Կազայի մէջ` իրենց «յաջող» փորձը Արցախի վրայ կատարելէ ետք: Այսօր, 30-րդ օրը ըլլալով, Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:
Ահաւասիկ, երկու ամսուան ընթացքին, Արցախի մէջ` 19 սեպտեմբերին, նոյն ծրագրողին` Ամերիկա-Անգլիա-Իսրայէլ, երկրորդ ցեղասպանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կազայի մէջ, այս անգամ ուղղակի Իսրայէլի կողմէ եւ միա՛յն քանի մը հարաւամերիկեան երկիրներ անմիջապէս մարդկային յստակ կեցուածք կը ճշդեն Իսրայէլի դէմ: Ուրիշներ` աւելի ուշ:
44-օրեայ պատերազմին նման, այնպէս` ինչպէս Ռուսիան փորձեց չորրորդ օրը զինադադար հաստատել, այս պարագային Միացեալ Նահանգները ճիշդ հակառակը ըրին, քաջալերեցին, որ շարունակուի պատերազմը:
Մինչ Միացեալ Նահանգները անարդար` «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան» պատճառաբանութիւնը յառաջ կը քշեն, ոճիրները արդարացնելով, Ռուսիան` պատմական եւ արդար հիմնաւորումով, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կը յայտարարէ, որ` իբրեւ ուրիշին հողը գրաւող, Իսրայէլը իրաւունք չունի եւ կատարածը ինքնապաշտպանութիւն չէ. «Israel has no right to self-defense against Hamas militants in Gaza as an occupying power in Palestine», ըսաւ Վասիլի Նեպենզիա` ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը, 1 նոյեմբեր 2023-ին:
Ահաւասիկ յստակ տարբերութիւնը Ռուսիոյ արդար եւ պատմութեան վրայ հիմնուած կեցուածքին: Միացեալ Նահանգները, իր նախագահն ու նախարարները, մարտանաւերն ու օդանաւակիրները կը ղրկէ` իբրեւ զօրակցութիւն Իսրայէլի եւ իր պահեստներէն աւելի մահացու հրթիռներ ու մարդասպան ռումբեր կը մատակարարէ ոճրագործին, որ անդադար օդանաւերով կը ռմբակոծէ շուրջ 15 տարի արդէն խիստ պաշարած ու խեղդած Կազայի քաղաքներուն խաղաղ բնակչութիւնը: Բազմայարկանի հարիւրաւոր շէնքեր կը քանդէ` իր բնակիչներով միասին գետնին հաւասարեցնելով զանոնք, նաեւ` հիւանդանոցներ, մզկիթներ եւ եկեղեցիներ, ցարդ սպաննելով 10 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ եւ պատճառելով 100 հազարաւոր վիրաւորներ:
Ինչո՞ւ համար… Քանի որ, Արցախի նման, հողին տէրը` Կազայի բնակչութիւնը, 75 տարիներէ ի վեր իր հազարամեակներու հողերը բռնագրաւող եւ զինք պաշարող, 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլի դէմ «համարձակեցաւ» քանդել բռնի պաշարումը եւ կը փորձէ ազատագրել իր հայրենիքը: Իսկ այս ազատամարտիկները, Արցախի պաշտպանութեան բանակին նման, ահաբեկիչ կը կոչուին… Մինչ բուն ահաբեկիչը Ազրպէյճանն ու Իսրայէլն են եւ անոնց հովանաւորները` Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան, քանի որ 1894-ի համիտեան ջարդերէն սկսեալ մինչեւ 1915-1923, թուրքերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ԱՆՊԱՏԻԺ ՄՆԱՑ եւ կ՛ուրացուի թուրք ոճրագործին եւ այլոց` ներառեալ Իսրայէլի կողմէ: Անգլիոյ նման պետութիւն մը, որ ուղղակի ներկայ էր եւ վկայ` կատարուածին, եւ իբր թէ` պաշտպանը հայութեան, ցարդ կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր վարչապետը` Տիզրայէլին, հրեայ մը, ամբարտաւանօրէն օրին ըսած էր, թէ Անգլիոյ մարտանաւերը Արարատ լեռը չեն կրնար բարձրանալ: ՇԱ՛Տ ՃԻՇԴ: ՄԻԱ՛ՅՆ ՀԱՅ ՖԵՏԱՅԻՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌԸ ԿՐՆԱՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ:
Բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան ապագան տակաւին Միացեալ Նահանգներուն եւ «Արեւմուտքին» վստահած են, Հայաստանի այս ապիկար ու դաւաճան իշխանութեան նման, պէտք է սթափին: Օրին, հեգնօրէն, ամերիկեան մարտանաւերը իրենց դաշնակից Վրաստանի ջուրերն ալ հասան, սակայն միայն ել-նամակ մը ղրկեցին, քանի որ Վրաստանի ժողովուրդով բնա՛ւ մտահոգ չէին, այլ մի՛այն Ռուսիան տկարացնելու համար տակն ու վրայ ըրին Վրաստանը, Ուքրանիան, Հայաստանը եւ Արցախը: Ինչո՞ւ, քանի որ Վրաստանը եւ Հայաստանը քարիւղ կամ կազ չունին:
Միշտ պիտի կրկնեմ նախորդ յօդուածիս եզրակացութիւնը: Արդարութիւնը եւ իրաւունքը մի՛այն զէնքով կը պարտադրուին, Կազայի ազատամարտիկներուն եւ մեր երբեմնի ֆետայիներուն օրինակով:
Յաջորդիւ` «Ո՞ւր է Հայաստանի տեղը այժմու եւ յառաջիկայի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ»:
6 նոյեմբեր 2023