06 փետրուար 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կրնար Սուրիայէն տեղահանուածներու հոսքը կասեցնել, եթէ ռուսական օդային հարուածները չդադրին եւ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն չհաստատուի:
Էրտողան Էքուատոր իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Մարդիկ այլընտրանք չունին բացի փախուստ տալէ բուռն ռմբակոծումներէն, զորս Սուրիոյ մէջ կը գործադրեն Ռուսիոյ եւ վարչակարգի օդանաւերը», ըսաւ ան` հարց տալով. «Այդ մարդիկը ո՞ւր պիտի երթան… օդային հարուածները անմիջապէս պէտք է դադրին, որպէսզի (Ժընեւի) բանակցութիւնները կարենան արդիւնքի հասնիլ»:
«Աշխարհը, որ օդային հարուածները կասեցնելու անկարող է, մեզմէ կ՛ուզէ, որ տեղահանուածներու հոսքը կասեցնենք», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը շրջանցած է 1,7 միլիոնը եւ իր երկիրը, քաղաքապետութիւններու եւ թրքական քաղաքացիական հասարակութեան ծախսած գումարներէն անկախ, պետութեան պիւտճէէն 9 միլիառ տոլար ծախսած է:
Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ի, ՔԱԿ-ի, Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու եւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դէմ իր պայքարը:
Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց. «Ռուսական օդային հարուածները Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ձգտող ջանքերը կ՛արգելակեն»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com