Ակնարկ. Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023
Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ կատարած է` ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնուին ամէնէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ, փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:
Հիմա, իբրեւ փաստ օրինակ կը բերուի գերիներու վերադարձը, սահմանային հանգստութիւնը, հաստատելու համար, որ վերջին եռամիսը 30-ամեակի ամէնէն խաղաղ եւ կայուն ժամանակաշրջանն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Քարոզչական բնոյթի այս հրապարակումները չեն մոռնար յիշելու Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, բնականաբար ազրպէյճանական կանոններով` համարկումի եւ ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն ստանալու պայմաններով:
Նախ արձանագրենք խաղաղութեան կեղծ օրակարգի հանգամանքը: Արցախը հայաթափելէ, այնտեղ ցեղասպանական արարք գործադրելէ, այդ բոլորէն առաջ հայաստանեան ինքնիշխան տարածք ներխուժելէ ետք, Պաքուն կը խօսի խաղաղութեան շրջափուլի մասին:
Յայտնաբար սակայն այս բոլորով չէ գոհացած Պաքուն եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կէտերը միակողմանիօրէն վերափոխելու ճիգին մէջ է: Պարզ է, որ խնդիրը Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կապի եւ հաղորդուղիներու վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ սահմանազատման օրակարգին կը վերաբերի: Սահմանազատում հայաստանեան ներխուժուած տարածքներէ առանց հեռանալու, անքլաւներու հարցը ազրպէյճանական առաջադրանքներով լուծելու, որմէ ետք միայն տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի կէտին անցնելու:
Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականին յայտարարութիւնները այս հանգամանքներով միայն չեն սահմանափակուիր: Ուղերձները թիրախաւորած են երաշխաւորման եւ միջնորդաւորման մրցապայքարի մէջ գտնուող կողմերը: Այս պարագային նախ Միացեալ Նահանգները: Հաճիեւ ամերիկեան միջնորդութեան ընդունելիութեան դիմաց յստակ պայման կը դնէ. Պայտընի աշխատակազմը միջնորդ ըլլալու համար պէտք է փոխէ դիրքորոշումը:
Ուաշինկթընեան հրաւէրին ընդառաջ նման յայտարարութիւն կատարելը հարուած է բանակցային գործընթացին: Աւելի ճիշդը` արգելակում է ոչ ռուսական միջնորդութեան: Բնականաբար ուրեմն ուղերձ` Ռուսիոյ:
Այստեղ չ՛աւարտիր սակայն պաշտօնական Պաքուի մարտավարական խաղը: Խաղաղ շրջափուլը բնութագրելու համար, Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը կ՛ընդգծէ գերիներու եւ զինուորներու իբրեւ թէ զօրանոցներ վերադարձը: Այստեղ երկու սլաք կայ ուղղուած նաեւ Ռուսիոյ: Գերիներու փոխանակման համար եղած բանակցութիւններուն կամ միացեալ որոշումի յայտարարութեան մէջ չկայ Մոսկուան: Օրինակին ենթաուղերձը ուղիղ բանակցութիւններ վարելու նպատակը կը հետապնդէ: Ուղիղ բանակցութիւնները նաեւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հարցին կը վերաբերին, հետեւաբար նաեւ կը նախապատրաստեն ենթահող անվտանգութեան երաշխիքներու անհարկիութեան: Ազրպէյճան կ՛երաշխաւորէ անոնց անվտանգութիւնը: Բառացիօրէն` Ազրպէյճանը անոնց վերադարձին համար կը տրամադրէ բոլոր կարելիութիւնները, որոնց շարքին` անվտանգային:
Խաղաղ շրջափուլի հանգամանքները շեշտելով, ազրպէյճանցի պաշտօնեան կը հասնի անվտանգութեան ռուսական կամ միջազգային երաշխիքները բացառելու առաջադրանքին: Զինուորներու զօրանոց վերադարձած ըլլալու կեղծ նշումով, Պաքուն ըսել կ՛ուզէ, որ իմաստազրկուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Նոր շրջափուլ է հաւանաբար այս հանգամանքներէն մեկնած: Ոչ անպայման խաղաղութեան սակայն:
«Ա.»