Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Քենետի Կը Խոստանայ Աջակցիլ Արցախահայութեան Անվտանգ Վերադարձին Եւ Անոնց Ինքնորոշման Իրաւունքին

Լուսանկարում-Տիգրան-Դ-ի-և-Էրատո-թագուհու-պատկերով-դրամ-է

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Քենետի Կը Խոստանայ Աջակցիլ Արցախահայութեան Անվտանգ Վերադարձին Եւ Անոնց Ինքնորոշման Իրաւունքին

01 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է զօրակոչի ենթարկէ միջազգային ընտանիքը, որպէսզի քայլերու ձեռնարկէ եւ ապահովէ Արցախի հայերու անվտանգ վերադարձը հայրենիք, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ անոնց ինքնորոշման իրաւունքը:

Այս մասին «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած իր տեսաուղերձին վրայ յայտարարած է Ռապըրթ Քենետի կրտսերը, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը, 2020 թուականէն սկսեալ, անխնայ ցեղային զտումներ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ: Քաղաքական գործիչը նշած է, որ այս տարուան սեպտեմբերին Ազրպէյճանը յարձակողական գործողութեան ձեռնարկեց եւ 120 հազար հայ` ամբողջ բնակչութիւնը, տեղահանուեցաւ:

Մինչ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Կազայի եւ Իսրայէլի վրայ, ոչ ոք ոչինչ կը լսէ «հայկական հնագոյն տարածքներէն մէկուն ամբողջ բնակչութեան զանգուածային արտաքսման» մասին, դժգոհած է Քենետի կրտսերը:

Ան վստահ է, որ այդ ցեղային զտման դատարկ պարսաւանքը բաւարար չէ: Անոր կարծիքով, ներկայիս կացութիւնը կարելի է փոխել:

«Ասիկա այն կացութիւնն է, երբ խաղաղ պատժամիջոցները կրնային աշխատիլ: Միացեալ Նահանգները տակաւին լծակներ ունի այս շրջանին մէջ եւ կրնայ այդ ուժը օգտագործել այս շրջանին մէջ բոլոր ժողովուրդները զօրակոչի ենթարկելու համար` այս մարդասիրական ողբերգութիւնը յաղթահարելու նպատակով:

«Մենք նաեւ պէտք է ուղիներ փնտռենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար: Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է եւ պէտք է մուտք ունենայ դրացի երկիրներու նաւահանգիստներ», կը կարծէ ամերիկացի քաղաքական գործիչը:

Ան վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու պարագային պիտի աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի վերականգնման:

«Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ես պիտի օգտագործեմ դիւանագիտութիւնը, մեր բարոյական հեղինակութիւնը, մեր տնտեսական լծակները եւ պատժամիջոցները Հայաստանի վերականգնման համար: Ես կ՛ուզեմ նպաստել Հայաստանի, Արցախի գերիշխանութեան վերականգնման: Ես կ՛ուզեմ ատիկա ընել խաղաղ միջոցներով:

«Տեղ մը նոր պատերազմ սկսելու փոխարէն պիտի ուզէի դադրեցնել պատերազմներէն մէկը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` Ռապըրթ Քենետիի որդին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 5 նոյեմբեր 2024-ին:

aztagdaily.com/archives/602928

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail