Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը. Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին
03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը.
Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՛ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ հարկ է վստահիլ մեր սեփական ուժին ու գործել` մղուած ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն: Հետեւաբար, առաւել քան երբեք, այսօր հրամայական կարիքը ունինք ներկայ անորոշ կացութենէն մեզ դուրս բերող ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, եւ առաջին հերթին` Արցախի գծով:
Բռնագրաւուեցաւ Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ, եւ աւելի քան հարիւր հազար արցախցիներ ենթարկուեցան բռնագաղթի: Աշխարհը լուռ մնաց: Լուռ մնացին նաեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր երկիրները: Սակայն մենք պէտք չէ լուռ մնանք: Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար: Պէտք է ազգովին պայքարինք` միջազգային օրէնքին համաձայն երաշխաւորելով Արցախի հայութեան վերադարձը, միջազգային հովանիին ներքեւ ապահովելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` ազատ արձակումը Արցախի ձերբակալուած պետական պատասխանատուներուն: Այս նպատակի իրագործման համար անհրաժեշտ է համահայկական մակարդակով լծուիլ աշխատանքի` հայ թէ օտար մասնագէտներէ բաղկացած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով:
Կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագրի չեղեալ նկատումը: Միաժամանակ հրամայական կը նկատենք, որ Արցախի պետական կառոյցները շարունակեն գոյատեւել եւ մանաւանդ Արցախի ժողովուրդը չդառնայ սփիւռք, այլ համախումբ ու կազմակերպ ներկայութիւն` Հայաստանի մէջ: Արդարեւ, նման կարեւոր քայլեր Արցախի պայքարին պիտի տան իրաւական հիմք` զայն դարձնելով նաեւ գոյութենական խնդիր:
Նոր ռազմավարութիւն պէտք է մշակէ Հայաստանի իշխանութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը սոսկ զիջումներ կատարելու կացութենէն դուրս գայ: Իրապաշտութիւն` չի նշանակեր համակերպում: Հայաստանը պէտք չէ վճարէ տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման գինը: Նշեալ եւ յարակից այլ խնդիրներու մասին յաճախակի առիթներով Մեր տեսակէտները յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած ենք` շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է նկատի առնէ թէ՛ հայրենի ժողովուրդին եւ թէ՛ սփիւռքին տեսակէտները` երկրին համար ճշդորոշիչ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու նկատմամբ:
Կորսնցուցինք Արցախը, հայրենիքի այս կարեւոր հողատարածը: Զգո՜ւշ… կրնանք կորսնցնել նոր տարածքներ նա՛եւ Հայաստանէն: Աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթը եւ տարածաշրջանի ուժերու յարակցութիւնը ճի՛շդ ըմբռնենք: Քաջ գիտնալով, որ ո՛չ մօտաւոր եւ ո՛չ ալ հեռաւոր մեր բարեկամները կրնան օգնութեան հասնիլ մեզի, հարկ է, որ Հայաստանի քաղաքական արեւելումը ըլլայ հաւասարակշռուած` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, հեռու մնալով միակողմանի ու գրգռիչ քայլերէ, որոնք կրնան Հայաստանը վերածել հզօր պետութիւններու մրցակցութեան դաշտի:
Նոր ռազմավարութիւն պէտք է մշակէ նա՛եւ սփիւռքը: Յաջորդական պատերազմներու պարտութենէն, Արցախի բռնագրաւումէն եւ ներկայ իշխանութեան կողմէ առնուած ռազմա-քաղաքական քայլերէն յուսախաբ դարձած սփիւռքը իրաւունք չունի լուռ մնալու` աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ներկայ անորոշ կացութեան դիմաց: Ոչ ալ Հայաստանը իրաւունք ունի անտեսելու սփիւռքը իր լայն կարելիութիւններով: Սփիւռքը ռազմավարական գործընկեր է Հայաստանին: Հետեւաբար ան չի կրնար սոսկ հակազդողի դերին մէջ ըլլալ: Ըսելիքի կողքին, սփիւռքը նաեւ ու մա՛նաւանդ ընելի՛ք ունի` համահայկական մտածողութիւն մշակելով, սփիւռքեան կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծելով, իր փորձագէտները գործի մղելով եւ իր փորձառութիւնն ու միջազգային կապերը լայնօրէն օգտագործելով:
Սիրելի՛ ժողովուրդ, մաշած գովազդներով, կրկնուող լոզունգներով եւ սպառած օրակարգերով չենք կրնար այլեւս մեր կեանքը շարունակել: Պահ մը դիտենք մեր շուրջը: Մեր ազգն ու հայրենիքը պահող արժէքներու համակարգը սկսած է խախտիլ եւ արժեչափերը` շրջուիլ: Ապազգայինին դիմաց ազգայինը սկսած է նահանջել: Հայաստան եւ սփիւռք սկսած են իրարմէ հեռանալ: Մեր համայնական կեանքէն ներս ճեղքերը սկսած են խորանալ, եւ զիրար արհամարհելու ու անտեսելու ապականիչ մշակոյթ մը սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատել հայ կեանքէն ներս:
Անդրադառնանք այլեւս, որ փաստօրէն անդունդի եզրին ենք եւ առանձի՛ն: Հետեւաբար վե՜ր, վե՜ր բարձրանանք պղպջակային հարցերէ եւ անիրատես սպասումներէ ու միակողմանի դատումներէ. թող մեր քննարկումները ըլլան խորքային ու նպատակասլաց, հայրենաշէն ու ազգակերտ: Այսօր մեր ազգին առաջնահերթ եւ անյետաձգելի օրակարգը Հայաստանի պետութեան փրկութիւնն է, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի ու սփիւռքի բոլոր ուժերը անխտի՛ր: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ղեկավարներէն, հոգեւորականներէն ու մտաւորականներէն. այլ խօսքով` մեր բոլորէ՛ն:
Իրատեսութենէ ու հեռատեսութենէ բխող յիշեալ մտածումները, շեշտաւորումներն ու մտահոգութիւնները մեզ պէտք է մղեն արթնութեան, զգաստութեան ու պատասխանատուութեան: Մեր պատմութեան ներկայ ճգնաժամային փուլին ազգը ու հայրենիքը անմիջական անհրաժեշտութիւնը ունին ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծուած ու նոր ռազմավարութեամբ ու մարտավարութեամբ հունաւորուած համահայկական օրակարգի, ինչպէս նաեւ` զայն կեանքի կոչելու յանձնառութիւնը ունեցող եւ մեր ազգին բեւեռացուած զաւակները համախմբող իմաստուն ու հեռատես ղեկավարներու: Այլ ճամբայ չկայ մեր կեանքին դիմաց:
Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ հինը քանդելու ու նորը շինելու եւ ապականած արժէքներու համակարգը փոխարինելու` մարդը մարդայնացնող արժէքներով: Ա՛յս է պատգամը Նոր տարուան, ա՛յս է խորհուրդը Աստուածայայտնութեան:
Նոր տարին մեր ազգին համար պէտք է դառնայ վերանորոգ յոյսով, հաւատքով ու վճռակամութեամբ ապագային նայելու եւ մեր ազգին ու հայրենիքին պայծառ ապագան կերտելու հրաւէր: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ազգին կեանքը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, եւ պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը երեւելի եւ աներեւոյթ չարերէ ու չարիքներէ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար 2024
Անթիլիաս, Լիբանան