Արցախի Հադրութ Քաղաքի Պատմական Հայկական Ինքնութեան Խեղաթիւրումը եւ Նոր՝ «ազրպէյճանական Ինքնութեան» Ստեղծումը
05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՂՆԵՐԸ:
Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը տեղեկացնէ.
«Արցախի Հադրութ քաղաքի բռնագրաւումէն ետք, դեռեւս 2021 թուականին ազրպէյճանի կառավարութիւնը յանձնարարութիւն ստացաւ մշակելու Հադրութ քաղաքի նոր յատակագիծը, վերակառուցման, քաղաքի պատմական հատուածի «վերականգնման», կամ որ նոյնն է՝ խեղաթիւրման ծրագիրը: Նախնական յատակագիծը հաստատուած էր դեռեւս 2021 թուականին եւ ուղարկուած լրամշակման, որմէ ետք արդէն 2023 թուականի գարնան այն պատրաստ կը համարուէր։
Համաձայն 2023 թուականին հաստատուած նախագիծին՝ պէտք է «վերականգնին» նաեւ քաղաքի պատմական միջուկը եւ յուշարձանները, որոնք պետք է նպաստէին «ազատագրուած» Հադրութ քաղաքի մշակութային, զբօսաշրջային կեանքի խթանման: Այս ծրագրին մէջ կը մտնէ նաեւ քաղաքի Ս․ Յարութիւն եկեղեցին «վերանորոգելու» ծրագիրը: Համաձայն ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ փակցուած ցուցանակին՝ նախքան վերանորոգումը կը նախատեսուին պեղումներ իրականացնել եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ, այնուհետեւ վերականգնել զայն՝ հիմնելով նաեւ Կովկասեան Աղուանքի մշակոյթը ներկայացնող թանգարան:
Անդրադառնալով Հադրութի պատմական հատուածի «վերականգնմանը»՝ նշենք, որ նոյն ատրպէյճանական կողմը դեռեւս 2020 թուականի Հոկտեմբերին քաղաքին համար մղուող մարտերուն եւ յատկապէս քաղաքի բռնագրաւումէն ետք հրկիզած է քաղաքի պատմական կորիզը՝ 19-րդ դարու տուներով, ինչ որ շատ լաւ կ’երեւի ազրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ առնուած լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու մէջ, ուր կ’երեւի ծխացող եւ աւերուած պատմական հատուածը:
Նոյն ազրպէյճանական կողմը քաղաքի բռնագրաւումէն ետք զօրավարժութիւններու ժամանակ որպէս թիրախ օգտագործած է Հադրութի Արթուր Մկրտիչեանի անուան հայրէնագիտական թանգարանի շէնքը, զոր պայթեցուցեր է, իսկ քաղաքի բռնագրաւումէն ետք մինչ այժմ անյայտ է թանգարանի ցուցանմոյշներու ճակատագիրը (Ցուցանմոյշներ, որոնք կը ներկայացնէին քաղաքի պատմութիւնը):
Քաղաքի բռնագրաւումէն ետք ազրպէյճանական կողմը հիմնայատակ քանդած է Հադրութ քաղաքի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի շէնքը եւ յարակից շէնքերը:
Վստահաբար կրնանք ըսել, որ անմիջապէս իլհամ ալիեւի հրամանով Հադրութ քաղաքի եւ Հադրութի ամբողջ շրջանին համար կը ստեղծուի նոր ինքնութիւն եւ պատմութիւն, ուր կը բացակային բնիկները՝ հայերը: Ասոր իրաւական առաջին քայլերէն էր Հադրութի շրջանի պատմական Տող բնակավայրին մէջ արգելոցի ստեղծումը:
Հադրութ բնակավայրը իր ողջ պատմութեան ընթացքին ունեցեր է բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող հայ բնակչութիւն եւ հայկական ազգային-դաւանական միջավայր: Ասոր լաւագոյն ցուցիչներէն մէկը 19-րդ դարուն Ռուսական կայսրութեան տարածքին պարբերաբար հրատարակուող եւ կայսրութեան էթնիկ կազմը, բնակավայրերը նկարագրող պարբերականներն էին, ուր Հադրութ բնակավայրը եւ շրջանը կը նկարագրուի որպէս հայկական։
Այս նոր ինքնութեան եւ պատմութեան կերտման մէջ կրնանք տեսնել, որ երբեւիցէ իսլամ բնակչութիւն չունեցած Հադրութ քաղաքին մէջ դեռեւս 2021 թուականին եղած է մզկիթի հիմնարկէք:
Առաւելապէս կ’անհանգստացնէ Հադրութի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած վերականգնման եւ յարակից տարածքին մէջ պեղումներ իրականացնելու փաստը: ազրպէյճանական կողմը մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, որ Արցախի եկեղեցիներու հարիւրաւոր հայերէն արձանագրութիւնները, խաչերը, խաչքարերը կեղծ են, եւ իրենք յուշարձանները «նախնական տեսքին պիտի բերեն», ինչ որ կը նշանակէ արձանագրութիւններու, խաչային յօրինուածքներու եւ խաչքարերու ոչնչացում: Կրնանք տեսնել, որ նախկինին կատարուող յայտարարութիւնները յատկապէս Արցախի 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-20 ռազմական գործողութիւններու վերջնական հայաթափումէն ետք, ցաւօք, կը ստանան գործնական կիրառում: Այս գործնական կիրառման հիմքը Գանձասարի վանքին շուրջ ազրպէյճանի ստեղծած աղմուկն էր:
Ինչպէս կը տեսնենք, ատրպէյճանական կողմը կը ցանկայ ստեղծել նաեւ Կովկասեան Աղուանքի մշակոյթին նուիրուած թանգարան: Այս մէկը մաս կը կազմէ Արցախի մշակութային բռնաիւրացման միտուած իրենց տեսութեան, ընդ որում՝ Արցախի հայկական ժառանգութիւնը աղուանական է: Հենց այս տեսութեամբ պայմանաւորուած է, որ Հադրութի բռնագրաւումէն անմիջապէս ետք ալպանա-ուտիական քարոզիչները անմիջապէս ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, նախագահի աշխատակազմի հովանիին ներքոյ սկսան այցեր եւ ծէսեր կազմակերպել Հադրութի, Վանքի, Տողի եկեղեցիներուն մէջ՝ յընթացս նաեւ քարոզչական յայտարարութիւններ կատարելով:
monumentwatch-ի արձագանգը
Հադրութ քաղաքի պատմութեան, տարածաշրջանին մէջ առկայ եկեղեցիներու իսկութեան եւ ամբողջականութեան խաթարման ուղղուած որեւէ գործողութիւն արգիլուած է ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային օրէնքներով։
Հադրութ քաղաքը որպէս ազրպէյճանական ներկայացնելու փորձը կը խախտէ Հադրութի շրջանի շուրջ 48 բնակավայրերու, աւելի քան 13 հազար բնակչութեան մշակոյթի իրաւունքը, որմէ բռնի կերպով ան զրկուած է տեղահանման եւ իր մշակութային ու ստեղծագործ կեանքով ապրելու արգելքին պատճառով։ Մշակութային ժառանգութեան առնչուող իրաւունքները կը կազմեն Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրով սահմանուած մշակութային կեանքին մասնակցելու իրաւունքի անքակտելի մաս եւ իւրաքանչիւր ոք` անհատապէս կամ հաւաքական ձեւով, իրաւունք ունի օգտուելու մշակութային ժառանգութենէն եւ նպաստելու անոր հարստացման, ու նաեւ պարտաւոր է յարգելու այլոց մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս իր սեփականը։ Այս պարագային ակնյայտ է, որ ազրպէյճանը ոչնչացնելով, իւրացնելով ողջ հանրոյթի մը մշակութային ժառանգութիւնը, զրկելով զանոնք իրենց սեփական ինքնութեանը համարժէք ապրելու ու ստեղծագործելու իրաւունքէն, այժմ իւրացման գործողութիւնը կը փափաքի ամրագրել պետականօրէն եւ միջազգայնօրէն՝ խախտելով հայ հանրոյթի մշակութային ֆունդամնետալ իրաւունքները՝ սահմանուած նաեւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի 27-րդ յօդուածով։
Պատմական Հադրութ քաղաքի, որ նաեւ հայ մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոն էր, հայկական ինքնութեան օտարումը ակնյայտօրէն ոտնահարում մըն է քաղաքի պատմականութեան, վերջինիս իսկութեան եւ ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք կը բխին 1994 թուականի Ճափոնէն ընդունուած մշակութային ժառանգութեան իսկութեան վերաբերեալ Նարայի փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ ԻԿՕՄՕՍ-ի կողմէ 2017 թուականին Նիւ Տելհիի մէջ ընդունուած փաստաթուղթէն: Իսկութեան սկզբունքներու պահպանութեան Նարայի փաստաթուղթը կը նշէ, որ մշակութային արժէքներու՝ հակամարտութիւններուն մէջ յայտնուելու պարագային կը պահանջուի մշակութային արժէքներու հանդէպ լեգիտիմութեան ճանաչում»: