Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆԱԿՑԻԼ՝ ԵԹԷ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Է»

German Professor Friedrich Schultz Discovered Ancient Urartian Cuneiform (Kingdom Of Van)

Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆԱԿՑԻԼ՝ ԵԹԷ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Է»

08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Յ. Պալեան 

 

                        Հրաշք սպասելով Կաղանդ Պապուկէն, կ’ապաւինիմ մտածելու եւ երազելու իրաւունքիս, զոր ինքնակոչ աւագանիներ  դեռ չեն խլած: Թէեւ հին եւ մերօրեայ զանազան բնոյթի  քաղաքական հին եւ նոր   աւազակներ միշտ հեռու չեն:

             28 Դեկտեմբերին, ֆրանսական հեռատեսիլէն «ՖԻԿԱՐՕ Մակազին» թերթի խմբագրութեան տնօրէն Քրիսթոֆ Տըպիւսիոն ըսաւ, որ «Հայաստան եւ Արցախ լքուած են միջազգային համայնքին կողմէ»: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ վաճառուած են, նաւթի եւ կազի շուկային վրայ:

            Լքող համայնքը՝ Եւրոմիութիւն եւ Ամերիկա: Լքուած ենք, բայց սովորութիւն ունինք ասդին-անդին ըսուած այրած հոգիներու բալասան խօսքերով հրճուելու:

            Այդ բալասանը  մէկ մայրաքաղաքէ միւսը «գնա՛-եկուր»ի չդադրող պարն է:

                        Ատրպէյճան կը յայտարարէ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ է:

            Եթէ այդ է Ատրպէյճանի քաղաքական վարքը եւ ուղեգիծը, ի՞նչ կրնայ ըլլալ Հայկական Պետութեան հետ բանակցութեան նպատակը, երբ Հայաստան չկայ:

            Քաղաքական մեծ հեղինակութիւն ունեցող Միացեալ Ազգերու ընդհանուր քարտուղարը, Ապահովութեան Խորհուրդը, Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի ղեկավարները բացակա՞յ են, կո՞յր եւ խո՞ւլ են, չե՞ն տեսներ եւ չե՞ն լսեր, ի՞նչ կը բանին:

                        Բանակցութիւնները Պաքուի նուաճողական մենախօսութեան հանդէ՞ս են:

            Այս իմանալէ ետք Հայկական Հանրապետութիւնը ո՞ր օրակարգով կը բանակցի Պաքուի հետ, քանի որ երկիր չունի: Նոյն հարցումը պէտք է ուղղել ամէն գոյնի միջնորդներուն եւ իրաւարարներուն:

            Եթէ Հայաստանը Արեւմտեան Ատրպէյճան է, չկայ ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութիւն, այլ՝ «Հայաստան» անուանումով աշխարհագրական տարածք:

            Պէտք է ճշդել, թէ ո՞վ որո՞ւ հետ կը խօսի եւ ի՞նչ բանի համար: Ի՞նչ բանի մասին կը խօսին Ատրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը, երբ Պրիւքսէլ եւ Մոսկուա կ’երթան, դէմ առ դէմ կը նստին, վիճակախաղերո՞ւ մասին կը խօսին:

            Ամենագէտ եւ ուժատէր միջնորդները ի՞նչ կը բանին, եթէ կայ միայն Արեւմտեան Ատրպէյճան:

            Չմսելու համար Պաքու երթեւեկող  Եւրոմիութեան մեծերը թարանթելլա կը պարեն Իլհամի սազի նուագակցութեամբ, նաւթի ու կազի կշռոյթով: «Հայկական Պետութեան» աւագներն ալ կը հրաւիրուին՝ հանդիսատեսի իրաւունքով:

            Ամերիկան չ’ուզեր վշտացնել Պաքուն, ան նպատակադրած է շրջանէն Ռուսիոյ հեռացումը, իսկ Թուրքիան՝ Մեծ Թուրանի իրականացումը, ռուսական կայսրութեան փլուզումով:

            Արեւմտեան Ատրպէյճանո՞վ պիտի վճարուին աշխահաքաղաքական գրաւները:

            Ռուսիան, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը, անշարժութեան մատնուած է, քանի որ պատերազմի մէջ է, ենթակայ է փոքրացման սպառնալիքի:         

Եթէ պարկեշտ ղեկավար մը հարց տայ, որ աշխարհի այդ շրջանի պատմութեան մէջ, ե՞րբ յայտնուած է Ատրպէյճանը, բանակցութիւնները իմաստ կ’ունենան: Եթէ սկզբունք ունենան, չեն հետեւիր ուժի եւ նաւթի հռետորաբանութեան եւ կը գտնեն ճշմարիտը եւ արդարը: Այն ատեն յայտնի կը դառնայ այն՝ որ չէ եղած Ատրպէյճան, որ ան ստալինեան կամայականութեան ծնունդն է եւ մէկ դար առաջ յայտնուած է, չունի անցեալ եւ պատմութիւն: Ուստի Հայաստանը ինչպէ՞ս կրնայ Արեւմտեան մասը ըլլալ գոյութիւն չունեցած Ատրպէյճանի:

            Այս գիտեն Ռուսիան եւ Արեւմուտքը: Իսկ այդ մանրադրամ իսկ չէ հետապնդուող Մեծ Թուրանի նպատակի ճամբուն վրայ, որ վաղը պիտի սպառնայ Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի՝ միաժամանակ, անոնք հիմա իրարու դէմ կը խաղան, իսկ Էրտողան կողքով կը խաղայ եւ կայսրութեան վերականգնում կը հետապնդէ, կրօնական ազդակը կը շահագործէ, որպէսզի արաբական աշխարհին վրայ կրկին տիրապետէ եւ տիրանայ անոր նաւթին:

                        Միջազգային (համաշխարհային) դարագլուխ ըլլալու կոչուած ահեղ խաղին մէջ բռնուած է արդէն փոքրացած հայոց հայրենիքը, որուն փրկութեան միակ ճանապարհը բանաստեղծի երազած «հաւաքական ուժ»ն է, եթէ անոր ալ տէր ենք, ուզած ենք  տէր ըլլալ:       Բարոյականութիւնը եւ պատմական ճշմարտութիւնն ալ ուժ են: Աշխարհի ժողովուրդները, անկախաբար շահախնդրուած վերնախաւերէն,  ո՛չ կոյր են,  ո՛չ ալ վատսերած: Ա՛յս պէտք է բարձրաձայնել՝ հաւատալով ժողովուրդներու ողջախոհութեան:

            Կ’ըսենք, որ դաշնակից չունինք:

            Իսկ մենք իրարու դաշնակից ե՞նք:

            Մեզի մնացած մեր իրաւ դաշնակիցներն են իրաւունքը եւ պատմական ճշմարտութիւնը, եթէ անոնք դեռ բան մը կ’արժեն: Բազմապատիկ բանակցութիւններուն Հայկական Պետութեան կողմէ մասնակցողներու ընտրանիին մէջ կը պատահի՞ որ հանդիպինք բանիմաց հայ պատմաբաններու եւ անմիջականէն անդին նայող հայ մտաւորականներու, որպէսզի հիմնաւորումներով տեսակէտ եւ փաստերով իրաւունք պաշտպանուի:

            Ժամանակակից ամբոխահաճութիւնը(պոպուլիզմ), կը փոխարինէ պատմաբանը, տնտեսագէտը, իմաստասէրը, գիտնականը: Յիշե՛լ Ռումանիոյ  տիրակալ Չաուչեսքուն եւ գիտնականի տիտղոսներով զարդարուած անոր կինը:

            Եթէ չյաջողինք լռեցնել եսերը, քինախնդրութիւնները, հաշուեյարդարները, եւ չհետեւինք անկլօ-սաքսոն «ճիշդ մարդը ճիշդ գործին վրայ» իմաստութեան, չենք վերականգնիր, ժամանակ մըն ալ կը խաղանք զիրար յօշոտելով:       Այդ խաղը խանգարող չ’ըլլար:

                        Զիրար գերանցելով եւ եսերը լռեցնելով հարկ է գտնել «ճիշդ մարդը»՝ զայն դնելու համար ճիշդ գործին վրայ: Կարողականութիւնը (պոտենցիալ) ունինք, չունինք ճիշդ ընտրութիւն կատարելու ողջախոհութիւնը:

            Եթէ յառաջացնէինք «ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, մարդոցմով՝ որ գան ոչ թէ վասն դիրքի, անունի, փառքի եւ նիւթի, այլ ԱԶԳԻ ՀԱՆԴԷՊ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՐՏՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ… Այս կը պահանջէ ունենալ մեծ առաքինութիւն. ճանչնալ ճշմարիտը, ուղիղը եւ չվարանիլ ըսել, որ «դուն ալ իրաւունք ունիս» կամ ըսել, որ , «դուն գործ չունիս հոն ուր որ ես»:

            Այս ըմբռնումով զինուած եւ միացած, պէտք է խօսիլ բարեկամի, նուազ բարեկամի, թշնամիի եւ իրարու հետ:

            Ինչո՞ւ Հայաստանի Պետութիւնը, ընդդիմութիւնը, մամուլը, մտաւորականութիւնը, վտանգներու եւ պարտութեան դիմաց, ՄԻԱՑՄԱՆ օրակարգ չունին, ինչո՞ւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ չունինք, անհատապաշտութիւն եւ պառակտում-բաժանումները կը համարենք քաղաքականութիւն, քաղաքական «փրաքսիս», բաւարարելու համար դեղագործի, բժիշկի, վաճառականի, լրագրողի, վարժապետի փառասիրութիւնները, զանոնք յաղթահարելով՝ չենք ըսեր՝ «Ազգը իրաւունք ունի»: Եւ միանալ:

            Այսօր ճակատագրական պահանջ պէտք է ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆը, յառաջացնելով ՄԷԿ ԱԶԳԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ԽՕՍՈՂ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ, որ ՃԻՇԴ խօսելով ՄԻԱՑՆէ, առանց հրէի եւ հեթանոսի ամլացնող խաղը շարունակելու:

            Մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու, որ ներկայ ընթացքը եթէ շարունակենք,  օր մըն ալ դիրքեր ունենալու մրցումներու կարիք պիտի չըլլայ, քանի որ ըլլալու իրաւունքը կորսնցուցած պիտի ըլլանք:

                        Այս իմաստութիւնը ինչպէ՞ս հասցնել իւրաքանչիւրին:

                        Կը մտածե՞նք թէ ի՞նչ պիտի արձանագրէ պատմութիւնը ընդհանրապէս մեր մասին, ի՞նչ պիտի մտածեն մեր յետնորդները մեր սերունդի մասին… եթէ անոնք մնացած ըլլան որպէս հայ, թէ մեր անպատասխանատուութեամբ զանոնք դատապարտած չըլլանք  իրաւազրկուածի անտիրութեան եւ  այլացման:

            Այն ատեն ո՛չ հաշուետու կը մնայ, ո՛չ ալ հաշուառու:

            Կը դադրի՞նք օր մը տրամաբանելէ եւ գործելէ յաղթականի եւ պարտուածի բարդոյթներով եւ զանոնք համարելէ քաղաքականութիւն, քաղաքական պայքար, որ հիմա բազմաձայն եւ բազմամբոխ աղմուկ է, ամենուրեք ուր հայ կայ :

            Եթէ հնարաւոր ըլլար բոլորս նստեցնել հոգեվերլուծողի, «psychanalist»-ի «տիվան»-ին…, թերեւս շատ մը հարցեր կը լուծուէին, կը բուժուէին Ազգը տկարացնող ակնյայտ եւ բազմանուն ախտերը, ինչպէս ԱԹՈՌԱԽՏը, ԲԵՄԱԽՏը, առանց անտեսելու համատարած ԸՆՉԱՔԱՂՑԱԽՏԸ…

                        Ի հարկէ, մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

                        Եւ «Հայաստաններ»ը կ’ըլլան Հայաստան:

                        Ամանորի այս եւ յաջորդող օրերուն, իրարու շնորհենք գէթ պահ մը երազելու իրաւունք: Եւ շարունակենք պայքարիլ:

            Ի դարու ֆրանսացի գրականութեան Նոպէլեան դափնեկիր Ռոմէն Ռոլանի հետեւութեամբ պէտք է ըսել, հաւատալ եւ գործել, որ «պայքարը նոյնիսկ առանց յոյսի՝միշտ յոյս է»: 

Հնարավոր է սա 1 անձ and տեքստ նկարն է

hairenikweekly.com/?p=58469

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail